ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (8)
ՄԽԻԹԱՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՍԵՒԱՆԱՅ ԱՆԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ – ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՏԵՍԻԼՔԸ
Երեք օրուայ մէջ Մխիթար եւ իր համագիւղացին՝ Ստեփանոսը ոտքով կը կտրեն Էջմիածինէն Սեւան երկարող ճամբան ու կը հասնին կապուտակ Գեղամայ ծովը, որու հանդարտ ալիքներուն վրայ կը խոյանար Սեւանի կղզին, վանական համալիրով ու գմբէթներով պսակուած այս հսկայ քարաժայռը։
Հեզասահ մակոյկը զիրենք կղզի կը հասցնէ. մաքլցելով կը բարձրանան մինչեւ գագաթ, իրենց ուխտը կը կատարեն եւ հոն կ՚իջեւանին։ Մի քանի օր այնտեղ կը մնան եւ կը մասնակցին վանականներու օրակարգին, աղօթքին եւ ժամերգութիւններուն։ Այս ընթացքին Մխիթար լաւ կ՚ուսումնասիրէ անոնց նիստ ու կացը, կը տեղեկանայ անոնց վարք ու բարքի մասին եւ կը հասկնայ որ անոնց համոզումով կրօնաւորական կատարելութիւնը հիմնուած էր միայն պահեցողութեան, արտաքին ժուժկալութեան, ճգնութեան, խարազնազգեստ կեանքի, ծնրադրութեան, սաղմոսերգութեան եւ նմանատիպ հրահանգումներու հաւատարիմ կատարումին մէջ, առանց հետամուտ ըլլալու հոգեւոր կեանքի իմացական խորքային դաստիարակութեան։ Մինչդեռ Մխիթար Սեբաստիայի մէջ տեսած ըլլալով երկու ճգնասուն եղբայրներու եւ երկու նուիրեալ կոյսերու կեանքի օրինակը եւ ստացած ըլլալով անոնց ջամբած հոգեւոր դաստիարակութիւնը՝ կարօտով կը փնտռէր կրօնաւորական կեանքի կատարելութեան ճանապարհին մէջ զարգանալու համար անհրաժեշտ վանական միջավայրը եւ իրեն ուղեկցող առաջնորդ մը։ Սեւանի մէջ անգամ չգտնելով իր փնտռածը՝ տագնապած կ՚աղօթէր եւ այս խօսքերով Տիրոջ կը դիմէր. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ ինծի, Տէր, կամ ի՞նչպէս պիտի ընեմ. որովհետեւ այստեղ ալ չյաջողեայ գտնել կրօնաւորական վարքով ապրելու վայրը», կը գրէ Հ. Մատթէոս Եւդոկիացին, Մխիթարի վարքագիրը։ (Վարք Մխիթարայ, Ա., գլ. Է, 6)։
Այսպիսի ապրումներով ու տառապանքով պատուած, Մխիթար օր մը առանձին եկեղեցի կը մտնէ եւ Աստուածամօր պատկերին առջեւ ծնրադիր կ՚աղօթէր եւ կ՚աղաչէր որ բարեգութ Մայրը՝ հասնէր իրեն օգնութեան։ Արցունքները գետի նման կը հոսէին աչքերէն եւ այսպէս երկար աղերսելէ ետք՝ կը թմրի եւ քունի կ՚անցնի։ Եւ ահա տեսիլք մը կ՚ունենայ. երկու սրբուհիներու ուղեկցութեամբ իրեն կ՚երեւայ Ամէնօրհնեալ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը՝ ամբողջովին ծաղկենկար զգեստ հագած, ու կը հարցնէ. «Ուզածդ ի՞նչ է, փնտռածդ ի՞նչ է։ Խնդրէ՛ եւ պիտի տրուի քեզի»։ Մխիթար պարզութեամբ կը պատասխանէ. «Ես չեմ գիտեր, Տիրուհի, թէ ի՛նչն է ինծի պիտանի եւ օգտակար, որ խնդրեմ։ Ա՛յն կ՚ուզեմ, ինչ որ դուն կ՚ուզես եւ այն միայն կը խնդրեմ, ինչ որ դուն գիտես թէ ինծի պէտք է եւ կ՚ուզես պարգեւել»։ Տիրամայրը կը պատասխանէ. «Շատ լաւ, պիտի կատարեմ քու այդ խնդրանքդ»։ Եւ տեսիլքը կ՚անհետանայ։
Մխիթար քաղցր թմբիրէն կը զգաստանայ բոլորովին սփոփուած ու մխիթարուած, եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Աստուծոյ։ Այդ օրուընէ տեսիլքը երբեք չի ջնջուիր իր մտքէն եւ քաջալերուած՝ ամբողջապէս կը յանձնուի Աստուածամօր բարեգութ ողորմութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ