Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (9)

Մխիթար սարկաւագ կը մեկնի Սեւանի վանքէն դէպի Բասեն - Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

Մ­ԽԻ­ԹԱՐ ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱԳ ԿԸ ՄԵԿ­ՆԻ ՍԵ­ՒԱ­ՆԻ ՎԱՆ­ՔԷՆ ԴԷ­ՊԻ ԲԱ­ՍԵՆ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

 

Աս­տուա­ծա­մօր տե­սիլ­քով դիւթուած, Մ­խի­թար քաղցր թմ­բի­րէն կը զգաս­տա­նայ բո­լո­րո­վին սփո­փուած ու մխի­թա­րուած, եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւ­ն կը յայտ­նէ Աս­տու­ծոյ։ Այդ օրուը­նէ տե­սիլ­քը եր­բեք պիտի չջն­ջուի իր մտ­քէն՝ մինչեւ վերջին շունչը։ ­

Այսպէս քա­ջա­լե­րուած՝ ամ­բող­ջա­պէս կը յանձ­նուի Աս­տուա­ծա­մօր բա­րե­գութ ողոր­մու­թեան եւ կ՚ո­րո­շէ վե­րա­դառ­նալ հայ­րե­նի գա­ւառ։ 169­2ի առա­ջին ամիս­նե­րուն իր ու­ղեկի­ցին՝ Ստե­փա­նո­սի հետ միասին, կը մեկ­նին Երե­ւան, ուր կը ստի­պուին քա­նի մը օր մնալ։ Իմա­նա­լով որ Երե­ւա­նի մէջ Յի­սու­սեան միաբա­նու­թե­նէն կրօ­նա­ւոր­ներ կան, Մխի­թար կը մտածէ անոնց մօտ գտնել իր երազած հոգեւոր առաջնորդութիւնը եւ անոնց տու­նը կը գտ­նելով, հոն կը դի­մէ՝ աչ­քե­րու ցա­ւին հա­մար դե­ղ խնդ­րե­լու պատ­րուա­կով։ Դռ­նա­պա­նը կը պա­տաս­խա­նէ թէ «Պատ­րին» այ­սինքն վար­դա­պե­տը տու­նը չէ, եւ այս­պէս Մխի­թար կը վե­րա­դառ­նայ ըն­կե­րոջ մօտ։ Աս­տուա­ծային նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը ու­րիշ ճամ­բայ գծած էր Մխի­թա­րի հա­մար։

­Կա­րին գա­ցող ու­ղե­ւոր­նե­րու խում­բը կը կազ­մուի։ Մխի­թար եւ Ստե­փա­նոս կը միանան անոնց։ Գիտնալով որ ճամբան երկար է, էշ մը գնե­լով՝ վրան կը բար­ձեն իրենց բե­ռը եւ հեր­թա­բար անոր վրայ հեծնե­լով ճամբայ կը կտրեն եւ կը հաս­նին Բա­սե­նի վան­քը։ Ծի­րա­նի կո­չուած լե­րան արե­ւե­լեան ստո­րո­տը բլ­րան մը վրայ կա­ռու­ցուած էր այդ վանքը, ուր կար նաեւ հռչակաւոր Գրի­գոր Մա­գիստ­րոս վար­դա­պե­տի գե­րեզ­մա­նը։ Հոն կ՚ի­ջե­ւա­նին։ Մխի­թար շատ կը յու­զուի երբ վան­քի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին եկե­ղե­ցին մտ­նե­լով՝ դէմ դի­մաց կը տես­նէ Տի­րա­մօր պատ­կե­րը, որ յար եւ նման էր Սե­ւա­նի տե­սիլ­քին մէջ իրեն երեւ­ցած Աս­տուա­ծա­մօր։ Ծն­կա­չոք՝ եր­կար կ՚ա­ղօ­թէ, հա­մո­զուած որ Սուրբ Կոյ­սը կ՚ա­ռաջ­նոր­դէր իր քայ­լե­րը։ Ապա յար­գան­քի ող­ջոյն մա­տու­ցե­լու հա­մար աջա­համ­բոյ­րի կը ներ­կա­յա­նայ վա­նա­հօր՝ որ նաեւ նա­հան­գի առաջ­նորդն էր։ Մել­քի­սէթ եպիս­կո­պո­սը տես­նե­լով երի­տա­սարդ սար­կա­ւա­գի զգօն, բա­րի եւ զօ­րա­ւոր նկա­րա­գի­րը՝ կ՚ա­ռա­ջար­կէ որ իր մօտ մնայ։ Մխի­թար տես­նե­լով վա­նա­հօր բա­րեմ­տու­թիւ­նը բայց յատ­կա­պէս Աս­տուա­ծա­մօր պատ­կե­րի կան­չին հե­տե­ւե­լով կը հա­մա­ձայ­նի վանք մնալ, սա­կայն նախ կը խնդ­րէ քա­նի մը օրով Կա­րին եր­թալ։

Մ­խի­թար եւ իր ըն­կե­րը՝ Ստե­փա­նոս մէկ օրուան ճամ­բան կտ­րե­լով կը հաս­նին Կա­րին, եւ ան­մի­ջա­պէս կը վա­ճա­ռեն այն էշը որ միասին գնած էին Երե­ւա­նի մէջ։ Ապա ծա­նօթ­ներ Մխի­թա­րի կը յանձ­նեն իր ծնող­նե­րուն ու­ղար­կած զգեստ­նե­րը, որոնց­մէ ան­հրա­ժեշ­տը կը պա­հէ եւ մնա­ցա­ծը վա­ճա­ռե­լով՝ իրեն հար­կա­ւոր մա­տեան­ներ կը գնէ։

­Լու­րը կը տա­րա­ծուի թէ Մխի­թար սար­կա­ւա­գը վե­րա­դար­ձած է, քա­նի որ բա­րի համ­բա­ւը տա­կա­ւին վառ էր ժո­ղո­վուր­դին մէջ։ Կա­րի­նի առաջ­նոր­դը՝ Աւե­տիք եպիս­կո­պո­սը իմա­նա­լով՝ զինք իր մօտ կը կան­չէ եւ կը փոր­ձէ հա­մո­զել որ Կա­րին մնայ եւ իրեն աշա­կեր­տի, խոս­տա­նա­լով քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րել եւ վար­դա­պե­տա­կան աս­տի­ճան շնոր­հել։ Դժուար էր բա­ցէ ի բաց մեր­ժել եպիս­կո­պո­սին, եւ Մխի­թար խու­սա­փո­ղա­կան պա­տաս­խա­նով մը կը հե­ռա­նայ։ Հրա­ժեշտ կու տայ նաեւ իր հա­մա­քա­ղա­քա­ցիին՝ Ստե­փա­նո­սին, եւ անոր կը յանձ­նէ իր ծնող­նե­րուն ուղ­ղուած նա­մակ մը ու կը վե­րա­դառ­նայ Բա­սե­նի վանք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2024, 07:26