Նշանակել Եւրոպական Միութեան համակարգող` հակաքրիստոնէական ատելութեան դէմ պայքարի համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Ժամանակը հասած է նշանակելու հակաքրիստոնէական ատելութեան դէմ պայքարի ԵՄ համակարգող». Առաջարկն է սա Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու Յանձնախումբին «COMECE» որուն ներկայացուցիչը` Տիար Ալեսսանտրօ Քալքանիոն, անցեալ 4 դեկտեմբերին Պրիւքսէլի Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս ելոյթ ունեցաւ «European Prayer Breakfast»ի 27րդ նստաշրջանին առիթով։ Հաւաք որ սկիզբ առած 1998ին որպէս հանդիպման վայր ուր կը համախմբուին տարբեր ոլորտներու պատասխանատուներն ու ներկայացուցիչները, իրար զիրար քաջալերելու ու յարաբերութիւններ մշակելու որոնք կեդրոնացած են Յիսուսի ու անոր ուսուցումներուն վրայ։
«European Prayer Breakfast»ի 27րդ նստաշրջանը տեղի ունեցաւ ««Կրօնական ազատութեան պաշտպանութիւնը Եւրոպայի մէջ. արդի մարտահրաւէրներ և ապագայ հեռանկարներ» նիւթով համաժողովի ծիրէն ներս եւ այս առթիւ ունեցած իր ելոյթին մէջ է` որ Տիար Քալքանիոն ընդգծեց կրօնական ազատութեան կարեւորութիւնը որպէս հիմնական իրաւունք։
«Շատ յաճախ կրօնական ազատութիւնը կը ներկայացուի որպէս «խնդրայարոյց» իրաւունք, և դրա հաւաքական հարթութիւնը, ի բաղդատութիւն անհատականի, անտեսուած է։ Հանդուրժողականութիւնը չի կարող փոխարինել կրօնական ազատութեան հիմնարար իրաւունքի պաշտպանութիւնը» հաստատեց «COMECE» ներկայացուցիչը աւելցնելով որ կրօնի ազատութեան իրաւունքը, ինչպէս նաև կրօնական խտրականութեան դէմ պայքարի դրոյթները պէտք չէ դիտարկուին որպէս հիմնականին մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու վրայ ազդող դրոյթներ եւ ասկէ մեկնելով անհրաժեշտ նկատեց կոտրել «մեծամասնութիւններն ընդդէմ փոքրամասնութիւններ» հասկացողութիւնը, հուսկ COMECE-ի անունով խնդրեց նշանակել ԵՄ համակարգող՝ հակաքրիստոնէական ատելութեան դեմ պայքարի համար։
«Մենք կը կարծենք, որ այս քայլի ժամանակը եկած է, առանց կասկածի տակ դնելու հրէական և մահմեդական համայնքներու առանձնայատկութիւնները, որոնք արդեն ունին նմանատիպ համակարգողներ», - ըսաւ Ան դիտել տալով ասիկա «ինքզինք զոհ ձեւացնելու կամ զգալու հարց չէ, այլ պաշտպանութեան գործիքներու հաւասար հասանելիութեան հարց է»։ Ան ապա կարեւորեց և կրօնական գրագիտութեան դրական դերը կրօնի ազատութեան խթանումի ու պաշտպանութեան ինչպէս նաեւ կրօնական խտրականութեան դէմ պայքարելու գործին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ