«Խաղաղութեան Իշխան» Հայր Գէորգ Եպիս Աստատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը
Երբ Իսահակի որդին՝ Յովսէփի սերունդը Եգիպտոսի մէջ բազմացաւ, եգիպտացիք սկսան նեղութիւն տալ իրենց: Անոնք Աստուծոյ աղաղակեցին ազատութիւն խնդրելով, եւ Տէրը Մովսէս մարգարէն ղրկեց եւ ազատագրեց զիրենք փարաւոնին գերութենէն: Տեսնելով Տիրոջ հզօր աջին զօրութիւնը, անոնք ազագրուեցան փարաւոնի ձեռքէն եւ սակայն չդադրեցան իրենց հին սովորութիւններէն եւ նոյնիսկ Եգիպտոս վերադառնալ փափաքեցան: Հասան խոստացուած երկիրը եւ Աստուած իր ներկայութիւնը հիմնեց իրենց մէջ տաճարի շինութեամբ. անոնք դարձեալ նախընտրեցին երես դարձնել Տիրոջ եւ հեռանալ Իրմէ: Այս հեռացումը իրենց նոր գերութեան մը առաջնորդեց, որու համար անոնք դարձեալ Աստուծոյ աղաղակեցին: Աստուած, սակայն, գիտէր իր ժողովուրդին գերութեան էութիւնը՝ անոնք գերի էին Չարին եւ մեղքին: Հետեւաբար Աստուած «իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ.3:16):
Աստուած Քրիստոսով նոր ժողովուրդ հիմնեց Իրէն համար, որն է Եկեղեցին: Եկեղեցին Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի ըլլար աշխարհի վրայ, որու միջոցաւ մարդկութիւնը պիտի ազատագրուէին Չարին կապանքներէն եւ աստուածգիտութիւնը պիտի տարածեն ամբողջ աշխարհի:
Ս. Պօղոս առաքեալ խօսելով Աստուծոյ արքայութեան մասին կը գրէ՝ «Աստուծոյ արքայութիւնը ... արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ Սուրբ Հոգիով խնդութիւն է» (Հռոմ. 14:17): Խաղաղութիւնն ու ուրախութիւնը Աստուծոյ արքայութեան հիմնական սիւներն են: Ներկայիս կը պատրաստուինք Տէր Յիսուսի ծնունդը տօնելու եւ դարձեալ մեր երկիրները կը գտնուին խառնակ եւ տագնապալից վիճակի մէջ: Նման հին ուխտի ժողովուրդին, դարձեալ մեր աղօթքները կը բարձրացնենք Աստուծոյ, որպէսզի տայ մեզի եւ մեր երկիրներուն խաղաղութիւն: Աստուած մեզի եւ ամբողջ աշխարհին կը յիշեցնէ, որ խաղաղութիւնը զոր կը ցանկանք կրնանք միայն ունենալ «Խաղաղութեան Իշխան»՝ Յիսուս Քրիստոսի մէջ: Մեր աղօթքը առաջին հերթին պէտք է ըլլայ Աստուծոյ խոստացած խաղաղութիւնը խնդրել եւ հարմար ժամանակին Աստուած մնացածը պիտի տայ մեզի: Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ՝ « Խնդրեցէք նախ Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ այդ բոլորը պիտի աւելնայ ձեզի» (Մտթ 6:33):
Որքան, որ դժուար ըլլայ մեր ապրած վիճակը. Աստուած այսօր կը յիշեցնէ մեզի իր Խօսքին միջոցաւ, ինչպէս նաեւ իր ժողովուրդին հետ ապրուած փորձառութեան օրինակով, թէ՝ իր մարդուն գլխաւոր կարիքը իր պարագաներու փոփոխութիւնը չէ, այլ Աստուծոյ ներկայութիւնը: Մեր փրկութիւնը կապուած է այս իրականութեան հետ՝ թէ Աստուծոյ մէջ կը գնենք մեր կեանք իմաստն ու նպատակը: Անշուշտ հացի կարօտ եղող, անապահով պարագաներ ապրող մարդուն համար դիւրին չէ այս ճշմարտութիւնը ըմբոշխնելը: Սակայն եւ այնպէս ճշմարտութիւնը չի փոխուիր: Յիշենք երբ ներկայի տագնապները չկային, արդեօք մեր կեանքերը առանց գանգատի էին: Արդեօք դժգոհութիւն եւ տրտունջ չունէինք: Այդ օրերուն մեր անձերը անտարբերութեան նուիրեցինք. հիմա առանց անդրադառնալու մեր հարցի բնութեան, դարձեալ կը խնդրենք խաղաղութիւն առանց «Խաղաղութեան Իշխանը» մեր կեանքերէն ներս հրաւիրելու:
Սիրելիներ կը մօտենանք Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդ տօնելու: «Տէր» եւ «Փրկիչ» կը նշանակէ որ մենք պէտք է հնազանդինք իրէն, որովհետեւ այդ հնազանդութեան մէջ է մեր փրկութիւնը: Խաղաղութիւնը կու գայ, երբ Խաղաղութեան Իշխանը գայ: Պատրաստուինք զԻնք դիմաւորելու աղօթքով եւ ապաշխարութեամբ. Եւ Ինքը երբ գայ, պիտի տայ մեզի մեր բոլոր պէտքերը:
Չյուսահատինք, Էմմանուէլ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԸ ԸՆԴ ՄԵԶ Է:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ