«Վախի ազդեցութիւնը մարդկութեան վրայ» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Աշխարհի պատմութիւնը լեցուն է տարբեր տեսակի վերիվայրումներով: Միշտ եղած են բարգաւաճման եւ խաղաղութեան օրեր. ինչպէս նաեւ պատերազմի եւ անապահովութեան ժամանակներ: Այս բոլորին մէջ կը նկատենք, որ աշխարհը կը կառավարուի ոչ գիտութեամբ, կամ իմաստութեամբ, կամ ողորմութեամբ եւ կամ ճշմարտութեամբ. այլ՝ ՎԱԽՈՎ: Տարիներէ ի վեր աշխարհը մեզի ցոյց տուած է, որ վախը եղած է ան գլխաւոր դրդապատճառ, որով մարդկութիւնը կը կառավարուի: Այս պատճառով կը տեսնենք, որ մարդկութիւնը այլեւ վարժուած է ապրելու պատերազմի, տնտեսական տագնապի, անցեալի բացասական մեկնաբանութեան, ապագայի մտահոգութեան, տեղեկատուական աղբիւրներու սուտերուն, եւ իշխանութիւններու անարդարութեան պատճառած ընկճումներով եւ վախերով: Այս ցանկը կրնանք երկարել մինչեւ վերջ. սակայն իրականութիւնը կը մնայ այն՝ որ մարդ վախի մէջ է: Ամէն ինչ, որ մեր շուրջն է կը քաջալերէ մեզ, որ ապրինք յարատեւ վախով եւ մեր որոշումները առնենք այդ վախին հիման վրայ:
Մարդ արարածը վախի մէջ կ'ապրի, երբ Աստուծոյ գոյութեան գաղափարը հանէ իր միտքէն: Գլխաւոր վախի պատճառը կու գայ ան իրակութենէն, որ ցաւը, տառապանքը եւ մահը անիմաստ են: Հետեւաբար ձերբազատուիլ այս բոլորէն դարձած է մարդկութեան գերագոյն նպատակը: Իրականութիւնը այն է, թէ այս բոլորը երբեք պիտի չպակսին մարդկութեան կեանքէն:
Կեանքին հակառակը մահը չէ, այլ՝ ՎԱԽԸ:
Մենք կ'ապրինք այնպիսի ժամանակներու մէջ, որ մեզմէ հաւատք կը պահանջէ: Հաւատք, ոչ թէ մեր կարողութիւններուն կամ իմաստութեան վրայ, այլ՝ Ամենակալ Աստուծոյ: Քրիստոնեան, որու կեանքի եւ հաւատքի աղբիւրը յարուցեալ Քրիստոսն է, չի կրնար իր կեանք հիմնել վախի վրայ: Քրիստոս յաղթելով մահու վախին, դարձաւ մեր կեանքի հիմնաքարը: Տէր Յիսուսի երկրաւոր կեանքի ընթացքի շատեր տեսնելով իր հրաշքները, վախով լեցուեցան: Ոչ նման աշխարհի պատճառած վախին, այլ պատկառանք եւ յարգանք Աստուծոյ զօրութեան վրայ: Անոնք տեսան Աստուծոյ զօրութիւնը, որ մեռելներ կը յարուցանէ, անդամալուծեր ոտքի կը հանէ, կոյրերու աչքերը կը բանայ. բաներ, որոնցմով հասկցան, որ ամէն ինչ Աստուածոյ վերահսկողութեան (sous son contrôle) տակ է: Այս է այն հաւատքը, որու կարիքը ունինք այսօր:
Եկեղեցւոյ պատգամը միշտ յստակ եւ անփոփոխ եղած է: Ան երբեք չէ ծնրադրած եւ չի ծնրադրեր ոչ ժամանակի, ոչ պատմութեան, ոչ զօրութիւններու եւ ոչ ալ փորձանքներու կամ տագնապներու առջեւ: Ան ան ժայռն է, որ Քրիստոսի վրայ հինուած է: Եւ Քրիստոս՝ յաղթական, յարուցեալ եւ կենդանի է:
Եթէ յետադարձ ակնարկ նետենք պատմութեան, պիտի տեսնենք ամէն տեսակը վտանգներ, որոնցմէ բոլորէն եկեղեցին իր Տիրոջ զօրութեամբ անցաւ եւ յաղթեց: Ներկայիս ալ ան պիտի մնայ անդրդուելի եւ յաղթական. որով պիտի փառաւորուի Հայրը, Որդին եւ Ս. Հոգին յաւիտեան:
«Մի վախնար, բայց միայն հաւատայ» (Մրկ 5:36):
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ