Որոնել

2024.12.18 Festa di San Giacomo chiesa armena Istanbul

Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնախմբութիւնը Պոլսոյ մէջ

Հայաստանի և Սփիւռքի տարածքին Սուրբ Յակոբի անունով կան բազմաթիւ եկեղեցիներ, իսկ Պոլսոյ մէջ, Հ. Կ. Համայնքը «Ս. Յակոբ հիւանդանոցը» ունի, որ երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէ մեր համայնքին, յատկապէս հիւանդներուն: Աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած, որպէսզի մեր հիւանդանոցը եկեղեցւոյ կողքին՝ շարունակէ իր բարեխնամ առաքելութիւնը, ամէնուն բարիք սփռելով, ինչպէս որ Ս. Յակոբ մեծ Հայրապետը տնօրինած էր:
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 15 Դեկտեմբեր 2024-ին, Պոլսոյ Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնախմբութիւնը, զոր սկիզբ առաւ կիրակնօրեայ ձայնաւոր Պատարագով, առաւօտեան ժամը 11:00-ին: Սուրբ և անմահ Պատարագը մատուցանեց Պոլսոյ Աւագ Թեմի Պատրիարքական Կառավարիչ՝ Հ. Վարդան Թ.Ծ.Վ. Գազանճեան, ի ներկայութեան՝ Պոլսոյ Աւագ Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Հ. Լեւոն Արք. Զէքեանի, Պոլսոյ Ս. Երրորդութիւն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորական դասուն, առընթերակայութեամբ՝ Գերյ. Հ. Աբրահամ Ծ.Վրդ. Ֆիրաթեանի և Գեր. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի: Մասնակցութեամբ՝ Տէր Յակոբ Սրկ. Մինասեանի, եկեղեցւոյ դպրաց դասուն, Պոլսոյ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան անդամներուն և Պոլսահայ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:

Յիշատակութեան արժանի է թէ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ՝ Հ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան և Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սարկաւագները իրենց հետ բերած էին Ս. Յակոբ Հայրապետին Աջ մասունքը: Ամենախորհրդաւոր պահը հանդիսացաւ, երբ արարողութեան սկիզբը՝ անոնք թափօրով եւ Հրաշափառով մուտք գործեցին եկեղեցւոյ դաս և Սուրբ Հայրապետին Աջը զետեղեցին կեդրոնական սեղանի մը վրայ: Ինչպէս չյիշել Տիկնանց միութեան պատրաստած Ս. Ծննդեան մսուրը, որուն մէջ միայն Յիսուս Մանուկը բացակայ էր: Ըստ տարիներու աւանդութեան՝ Մանուկ Յիսուսը մինչեւ Խթման գիշերը պահուած կը մնայ, որպէսզի Ճրագալոյցի Պատարագին՝ Ս. Խորանէն տեղափոխուի իր խանձարուրը: Այնուհետեւ, պատարագիչ Գերապայծառին անուշաբոյր խունկով առ Աստուած բարձրացած հոգեշունչ աղօթքները, սարկաւագի քարոզները և դպիրներու քաղցրահունչ երգեցողութիւնը հոգեպարար մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Քարոզի պահուն, Առաջնորդ Հայրը հակիրճ կերպով Ս. Յակոբ Հայրապետի կեանքի գլխաւոր հանգրուանները դրուատելով՝ ըսաւ. «Հայ Եկեղեցին Յիսնակաց Ե. Կիրակիին նախորդող շաբաթ օրը կը նշէ Գ. և Դ. դարերուն ապրած՝ սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնը:

Վարքագրական աղբիւրներու համաձայն` Ս. Յակոբ Պարթեւական տոհմէ էր և մեր առաջին Հայրապետ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հօրաքրոջ՝ Խոսրովուհիի որդին: Աւանդութեան համաձայն, Անակ Պարթեւի տոհմը սպանդի կը մատնուի, սակայն դայեակները մանուկ Յակոբին և Սուրենին կը յաջողին Կեսարիա փախցնել, ուր անոնք մանկուց քրիստոնէական ամուր դաստիարակութիւն կը ստանան: Երբ Յակոբ կը մեծնայ, դարձեալ Պարսկաստան կը տեղափոխուի և որոշ ժամանակ մը կ'ապրի արքունիքին մէջ: Սակայն քիչ անց, կը թողու ապարանքի ճոխ կեանքը եւ կը մեկնի Միջագետքի Մծբին քաղաքը, որ այդ օրերուն Հռոմէական նահանգ կը սեպուէր: Այնտեղ կը հանդիպի սրբակենցաղութեամբ հռչակաւոր՝ Մարուգէ ճգնաւորին եւ ինք եւս կը դառնայ ճգնաւոր, բնակելով անտառներու մէջ ու բարձրաբերձ լեռներու վրայ, սնուելով միայն վայրի ծառերու պտուղներով ու բանջարեղէնով, իսկ հագուստը այծի կոշտ մազէ պատրաստուած էր: Իրօք, ան իր յարատեւ ճգնութիւններու և աղօթքներու միջոցաւ կը հասնի մեծ սրբութեան և մարգարէութեան շնորհ կը ստանայ Տիրոջմէ:

Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնախմբութիւնը Պոլսոյ մէջ:
Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնախմբութիւնը Պոլսոյ մէջ:

Ս. Յակոբ Ընդհանրական և Հայ Եկեղեցւոյ մեծ սուրբերէն է, որ իր կատարած բազում հրաշքներուն շնորհիւ «Սքանչելագործ» կոչուած է: Ան կոչուած է Զգօն, Իմաստուն և Մեծ, որովհետեւ քրիստոնէութիւն քարոզած է Մեծ Հայքի մէջ և շատեր դարձի բերած է բազմաթիւ հրաշքներ գործելով: 325 թուականին, իբր պատկառելի անձնաւորութիւն՝ մասնակցած է Նիկիոյ Տիեզերաժողովին: 338-ին, երբ Պարսից Շապուհ արքայի կողմէ Մծբին քաղաքը պաշարուած էր, Հայրապետը 70-օրեայ պաշտպանութիւն կը կազմակերպէ ընդդէմ պարսկական զօրքին։ Մծբինի եպիսկոպոսի մահէն յետոյ Աստուած Մարուգէին յայտնած է, որ Յակոբն ըլլալու է Աթոռի արժանի յաջորդը: Եւ յիրաւի, Ս. Յակոբ Եպիսկոպոս ձեռնադրուելով՝ երկար տարիներ կը հովուէ իր հօտը. կը հիմնէ բազում դպրոցներ, եկեղեցիներ և հիւանդանոցներ, և 350 թուականին, խոր ծերութեան մէջ կը մահանայ: Երբ սուրբն կ'աւանդէ իր հոգին, իր մարմնէն անուշահոտութիւն կը բուրէ, և իր գերեզմանին վրայ լոյս կը ծագի: Հետագային նոյն տեղը եկեղեցի մը կը կառուցուի: Իսկապէ՛ս, Ս. Յակոբ պատմութեան յայտնի առաջին անձն է, որ փորձեր է Արարատ լեռը բարձրանալ։ Ըստ աւանդութեան՝ Սուրբ Յակոբ յաճախ լեռներէն՝ իր ճգնարանէն վար կ'իջնէր և կը քարոզէր. կը նկատէ թէ մարդիկ ծաղրով կ'արտայայտուէին ջրհեղեղի և Նոյեան տապանի պատմութեան նկատմամբ. նոյնիսկ շատեր կը կասկածէին տապանի գոյութեան:

Սուրբը ժողովուրդին անհաւատութիւնը փարատելու նպատակով՝ կ'որոշէ Արարատ լեռը բարձրանալ և Նոյեան տապանէն կտոր մը գտնել ու բերել: Սակայն հակառակ իր անկոտորում կամքին` չի կրնար հասնիլ Արարատի գագաթը և երկար տանջուելէ ետք, կը նիրհէ: Երազին մէջ հրեշտակ մը կ'այցելէ իրեն և տապանէն խաչաձեւ բեկոր մը կը դնէ գլխուն տակ: Ան զարթնելուն պէս, կ'առնէ զայն: Հետագային Ս. Յակոբի պառկած տեղը բուժիչ և հրաշագործ յատկութիւններ ունեցող սառնորակ աղբիւր կը բխի, իսկ աղբիւրի կողքին Սուրբին անունով եկեղեցի մը կը կառուցուի: Նոյեան տապանի խաչաձեւ մասունքով բազում հրաշքներ կը գործուին, որ մինչեւ ցայսօր պահուած է Էջմիածնի տաճարին մէջ:

Հայաստանի և Սփիւռքի տարածքին Սուրբ Յակոբի անունով կան բազմաթիւ եկեղեցիներ, իսկ Պոլսոյ մէջ, Հ. Կ. Համայնքը «Ս. Յակոբ հիւանդանոցը» ունի, որ երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէ մեր համայնքին, յատկապէս հիւանդներուն: Աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած, որպէսզի մեր հիւանդանոցը եկեղեցւոյ կողքին՝ շարունակէ իր բարեխնամ առաքելութիւնը, ամէնուն բարիք սփռելով, ինչպէս որ Ս. Յակոբ մեծ Հայրապետը տնօրինած էր: Հայ Շարակնոցը զինք կոչած է «Լուսաւորիչ տիեզերաց, սիւն լուսոյ և պարծանք ազգի մարդկան», թող բարեխօ՛ս ըլլայ մեզի առ Քրիստոս Թագաւոր, այժմ և միշտ և յաւիտեանս. Ամէն»:

Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնախմբութիւնը Պոլսոյ մէջ:
Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնախմբութիւնը Պոլսոյ մէջ:

Սուրբ և Անմահ Պատարագի աւարտին՝ Հ. Յարութիւն և սարկաւագաց դասը Սրբոյն Յակոբայ Աջով յատուկ աղօթք կատարեցին և աջահամբոյրով օրհնութիւն բաշխեցին բոլոր ներկաներուն: Որմէ ետք, եկեղեցական դասը և ժողովուրդը ուղղուեցան եկեղեցւոյ կից գտնուող դահլիճը, ուր շքեղ տօնածառ մը զարդարուած էր: Այնտեղ Առաջնորդ Հայրը, Սրբազանը և եկեղեցական դասը, ինչպէս նաեւ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը շնորհաւորութիւններ ընդունեցան և քաղցրահամ ուտելիքներու հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ տօնական ուրախ մթնոլորտի մէջ: Տօնական այս պահուն, Արհի. Լեւոն Արք. Զէքեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան տասնամեակի տարեդարձին առթիւ՝ Տիկնանց միութիւնը համեղ կարկանդակ մը պատրաստած էր, ի պատիւ վաստակաշատ Գերապայծառին: Զէքեան Գերապայծառը խորապէս յուզուած՝ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին և յայտնեց թէ անցնող այդ տասը տարիներու ընթացքին՝ մեծ սիրով հովուած էր Պոլսոյ Աւագ Թեմը, մաղթելով որ Հ. Վարդանը շարունակէ հովուել փոքրիկ բայց շատ գովելի համայնքը. ապա միասին հատեցին կարկանդակը:

Հ. Վարդան Գերապայծառը մեծ ուրախութեամբ ներկաներուն իմացուց թէ նաեւ Հ. Աբրահամ Ծ.Վրդ. Ֆիրաթեան քահանայական ձեռնադրութեան 29-րդ տարեդարձն է. իսկոյն եկեղեցւոյ երգչախումբը «Դու ես քահանայ յաւիտեան»ը երգեց և բոլոր ներկաները շնորհաւորեցին վարդապետին, մաղթելով երկար ու բեղուն առաքելութիւն: Իսկապէս, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնը ըստ արժանւոյն տօնուեցաւ Հ. Կ. Համայնքի կողմէ: Անսահմա՛ն երախտագիտութիւն Սքանչելագործ Հայրապետին, որ երբե՛ք չի դադրիր իր հոգեւոր բարիքները սփռելէ Պոլսոյ հայ համայնքին վրայ:

Հայր Մովսէս Վրդ. Տօնանեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2024, 13:30