Որոնել

2024.12.09 Festa dell'Immacolata e Venerabile Gomidas a Samatia

Ս. Աստուածածնի Անարատ Յղութեան և Երանելի Տէր Կոմիտասի Տօնախմբութիւն Սամաթիոյ մէջ:

Մենք եւս որպէս մկրտուածներ, ընդունած ենք սրբարար շնորհքը և Աստուծոյ սիրելի զաւակները դարձած. սակայն պէտք է ամէն օր Տիրամօր ապաւինինք, իր մայրական պաշտպանութիւնը հայցելով, որպէսզի մենք եւս մեր կարգին՝ շնորհքով լեցուն կեանք մը ապրինք, նմանութեամբ՝ Երանելի տէր Կոմիտաս նահատակին: Այս գիտուն, արթուն, առաքինի, պարտաճանաչ, համեստ և հաստատամիտ եկեղեցականը, ծնած է 1656-ին, քահանայ ձեռնադրուած՝ 1683-ին , և նահատակուած՝ 1707-ին Պոլիս, անցեալին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Աւագերէցն էր:

Սամաթիոյ Հ. Կ. Եկեղեցին տօնախմբեց Ս. Աստուածածնի Անարատ Յղութեան և Երանելի Տէր Կոմիտաս Քհն. Քէօմիւրճեանի տօները:

Կիրակի 8 Դեկտեմբեր 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Սամաթիոյ Անարատ Յղացեալ Ս. Աստուածածին Եկեղեցիին մէջ, հանդիսապետութեամբ տեղւոյն ժողովրդապետ՝ Գերյարգելի Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆիրաթեանի, սուրբ և անմահ Պատարագ տեղի ունեցաւ, զոր մատոյց Գերապատիւ Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան առընթերակայութեամբ՝ Արժանապատիւ Տէր Վարդան Քհն. Քէշիշեանի, և մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ սարկաւագներուն, դպրաց դասուն և հաւատացեալ ժողովուրդին:

Սուրբ Տաճարի Աւագ Խորանին վրայ, Անարատ Յղացեալ սուրբ Աստուածածնի պատկառելի իւղանկարը ինքնին բաւական էր օրուան տօնակատարութեան ուրախութիւնը ներշնչելու: «Շնորհքներով լեցուն» Տիրամայրը երկինքէն մեզի կը նայէր, ծիրանագոյն հագուստով, վրան կապոյտ պարեգօտ և գլխուն թագ մը տասներկու աստղերով, շրջապատուած՝ հրեշտակներու հոյլերով և ոտքին տակ՝ լուսինն ու ջախջախուած օձը: Իսկ եկեղեցւոյ կողմնակի խորանին վրայ Երանելի տէր Կոմիտասի իւղանկարը կար, նահատակութեան փառքով պսակուած, պատարագի զգեստներ հագած, գմբեթաձեւ խոյրով, ալեխառն մօրուքով, յիսունամեայ սակայն վառվռուն աչքերով, զորս բաւական էր մեզի լիացնելու օրուան խորհրդով: «Աստուածածին անհարսնացեալ» ժամամուտէն և «Մեծացուսցէ» ճաշու շարականէն և ընթերցումներէն ետք, պատարագիչ վարդապետը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց, պանծացնելով միշտ օրհնեալ սուրբ Կոյսին և Երանելի տէր Կոմիտասի տօները. «Անարատ Յղութեան վարդապետութիւնը Կաթողիկէ Եկեղեցին պաշտօնապէս հաստատած է 8 Դեկտեմբեր 1854-ին Պիոս Թ. Քահանայապետի օրով, Լուրտի երեւումներէն չորս տարի առաջ. երբ Ս. Կոյսը ինքզինք յայտնած էր Ս. Պեռնատեթին, որպէս Անարատ Յղացեալ:

Այդ օրերուն, Եկեղեցին իբր հաւատոյ վարդապետութիւն մէկ անգամ ընդմիշտ հռչակեց թէ Աստուածածնի յղութիւնը անարատ եղած է, բոլորովին ազատ ադամական սկզբնական մեղքէն: Այսինքն՝ Մարիամ յղութեան առաջին րոպէէն իսկ իր մօր՝ Աննայի արգանդին մէջ, անարատ մնաց սկզբնական մեղքէն: Այս պատճառաւ, Հայ Եկեղեցւոյ շարականները զինք իբր Ամենասրբուհի Կոյսը կը գովերգեն: Մենք եւս որպէս մկրտուածներ, ընդունած ենք սրբարար շնորհքը և Աստուծոյ սիրելի զաւակները դարձած. սակայն պէտք է ամէն օր Տիրամօր ապաւինինք, իր մայրական պաշտպանութիւնը հայցելով, որպէսզի մենք եւս մեր կարգին՝ շնորհքով լեցուն կեանք մը ապրինք, նմանութեամբ՝ Երանելի տէր Կոմիտաս նահատակին: Այս գիտուն, արթուն, առաքինի, պարտաճանաչ, համեստ և հաստատամիտ եկեղեցականը, ծնած է 1656-ին, քահանայ ձեռնադրուած՝ 1683-ին , և նահատակուած՝ 1707-ին Պոլիս, անցեալին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Աւագերէցն էր:

Երանելին ի ծնէ տաղանդաւոր և ուսմանց սիրահար էր. մանկութենէն գիշեր ցերեկ Ս. Գրոց ումանց կը պարապէր, եւ Նոր Կտակարանը գրեթէ անգիր գիտէր: Կատարեալ գիտութիւն ունէր Նարեկացիի, Շնորհալիի, Լամբրոնացիի եւ այլ հարց գրութիւններուն: Գեղեցիկ ձայն ունենալով՝ դպրութիւնը այնքան կատարեալ ձեւով կը կատարէր, որ ամէնքէն սիրուած էր: Փոքր տարիքէն լիովին իւրացուցած էր ճարտասանութիւն, փիլիսոփայութիւն և աստուածաբանութիւն. ժամանակակից ըլլալով մեծատաղանդ՝ Մխիթար Սեբաստացի Աբբահօր և Հ. Խաչատուր Վրդ. Առաքելեանին, որոնք այդ օրերուն Պոլսէն հեռանալով՝ Վենետիկ մեկնած էին: Եւ ահա 1693-ին Մելքիսեդեկ անուանեալ սրբազանը, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը բարձրանալով՝ Հռոմայ Կղէմէս ԺԱ. Քահանայապետին հպատակութիւն յայտնեց, Կ. Պոլսոյ ընդհանուր Եկեղեցւոյ՝ նոյնը հրահանգելով: Տէր Կոմիտասը խոնարհ, հեզահամբոյր, քաղցրաբարոյ, սրտաբուխ արտասանութեամբ, պերճաբանութեամբ և խանդով կը քարոզէր Կաթողիկէութիւնը: Ան իսկապէս հոգելից եկեղեցական մըն էր, բծախնդիր աստուածային պաշտամանց կանոնաւորութեան և իր խրատաբանութիւններով ամէնուն դիւրամատչելի, մանաւանդ՝ աղքատ դասակարգին: Երբ իր ձայներգութիւնը լսէին՝ կը հմայուէին, մանաւանդ Աւագ Շաբթուան յուզումնալից շարականները:

Աւագ Ուրբաթ շատ մը եկեղեցիներէ, մանաւանդ Յունաց, Ասորւոց և լատինաց, Քրիստոսի չարչարանքներուն մասին քարոզելու կը հրաւիրուէր: Պոլսոյ մէջ, յոյները, լատինները և Հոռոմք զինք երկրորդ Ոսկեբերան կը կոչէին: Քրիստոսի Խաչին առջեւ կանգնած՝ Երանելի տէր Կոմիտասը Յիսուսի չարչարանաց ներքին ահաւոր տառապանքները այնպիսի կենդանի գոյներով, զգացումով, եւ ձայնային ելեւէջներով կը պատկերացնէր, որ եկեղեցւոյ մէջ խուռներամ բազմութիւնը լուռ արտասուելով մտիկ կ'ընէր: Ըստ վկայութեանց՝ ան կարող էր յուզելու ամենակարծր սրտերը անգամ: Պոլսոյ ամէն կողմերէն իր քարոզները լսելու կու գային, նոյնիսկ բազմաթիւ մահմետականներ, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ և եկեղեցականներ: Ան իրօք եկեղեցականութեան տիպար մը հանդիսացաւ: Սակայն ցաւօք սրտի, ոմանց չար նախանձը շարժեցաւ ի լուր Երանելիին քարոզախօսութեանց:

Այնուհետեւ, Երանելին սաստիկ հալածանքի ենթարկուեցաւ, ժամանակ մը Երուսաղէմ մեկնեցաւ, անդորրութիւն փնտռելու, ապա Պոլիս վերադարձաւ ի սէր իր ընտանիքին, ինը ամիս թաքստոցներու մէջ մնալով Գործք Առաքելոցը հանգաւոր ոտանաւորի վերածեց և տպուեցաւ շնորհիւ բարերարներու: Սակայն Քրիստոսի հետեւողութեամբ՝ տէր Կոմիտաս ընտրեց նահատակութիւնը ի սէր Եկեղեցւոյ շինութեան և սուրբ հաւատքի պահպանութեան: Եւ յիրաւի, իր բոսորագոյն արեամբ թաթախուած զգեստները որպէս մասունք և թանկագին գանձ պահուեցան: 1929-ին Հռոմի մէջ, Երանելիներու դասին կարգեց զինք Պիոս ԺԱ. Քահանայապետը: Իսկ 2025-ին, մեծ յոյսով կը սպասենք որ Յոբելեան տարւոյն ընթացքին սուրբ հռչակուի Հռոմի Սրբազան Քահանայապետի կողմէ, Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին հետ, ի փառս Աստուծոյ և ի պատիւ Ամենօրհնեալ սրբոյ Կուսին:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Եկեղեցական եւ դպրաց դասը Երանելի տէր Կոմիտասի Խորանին առջեւ աղօթելէ ետք, ուղղուեցան ժողովրդապետութեան սրահը, ուր կոկիկ հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ տօնական մթնոլորտի մը մէջ։

Թղթակցութիւնը Պոլսոյ հայ կաթողիկէ համայնքէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2024, 13:39