2024 թուականին սպաննուած միսիոնարներ եւ հովուական ծառայութեան գործիչներ «Ֆիտեսի զեկոյցը»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Մինչ կ՝աւարտի 2024 թուականը «Ֆիտես» Լրատու գործակալութիւնը հրապարակեց տարեկան զեկոյցը աշխարհի մէջ վերջին 365 օրերուն սպաննուած միսիոնարներուն եւ հովուական ծառայութեամբ զբաղող գործիչներուն մասին։
Զեկոյցին համաձայն, 2024 թուականին ամբողջ աշխարհին մէջ սպաննուած են 13 միսիոնարներ եւ կաթողիկէ հովուական ծառայութեամբ զբաղող գործիչներ, որոնց շարքին 8 քահանաներ եւ հինգ աշխարականներ։ Սպանութեան մեծ մասը տեղի ունեցած է Ափրիէկի եւ Ամերիկայի մէջ, իւրաքանչիւր մայրցամաքի մէջ 5 զոհ, մինչ Եւրոպայի մէջ սպաննուած են երկու քահանաներ։
2000էն 2024 թուականներուն սպաննուած միսիոնարներուն եւ հովուկան ծառայութեան գործիչներու ընդհանուր թիւը հասած է 608ի։
Ափրիկէի մէջ զոհերու շարքին են Ֆրանսուա Քապորէն, որ կամաւոր մըն էր ու սպաննուած Պուրքինա Ֆասոյի մէջ ժիհատիսդներուն յարձակումին ընթացքին ապա Էտուարտ Զոէդենկա Եուկպարը, որ արեւանգուած ու սպաննուած կրօնուսուցիչ մըն էր։ Ափրկիէի մէջ ՝ Հարաւային Ափրիկէի եւ Քոնկոյի Հանրապետութեան մէջ սպաննուած են նաեւ այլ քահանաներ։
Ամերիկայի մէջ Հայր Ռամոն Արթուրօ Մոնէյօ Փէյնատօ դաժանաբար սպաննուած է Քոլոմպիայի մէջ կողոպուտի ժամանակ, մինչ Հայր Ֆապիան Էնրիք Արքոս Սէվիլլան մահացած գտած են Էքուատորի մէջ անհետանալէ յետոյ։
Հոնտուրասի մէջ հովուական ծառայութեան ընկերային բաժանմունքի պատասխանատու Խուան Անթոնիօ Լոփէզ զէնքի ուժով սպաննուած է այն բանէն յետոյ երբ դատապարտած է քաղաքապետարանի եւ կազմակերպուած յանցագործութեան միջեւ կապերը։
Եւրոպայի մէջ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ հայր Խուան Անթոնիօ Լրորէնօ սպաննուած է Սպանիոյ մէջ վանքին դէմ կատարուած յարձակաումին ժամանակ, մինչ Հայր Լէչ Լաչովիչ սպաննուած է Լեհաստանի մէջ՝ գող մը վրան յարձակելէ ետք
«Ֆիտես»ի հրապարակած զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ յիշեալ զոհերու կենսագրութիւնները կ՝ընդգծեն անոնց նուիրուածութիւնը համայնքին մէջ եւ նուիրուածութիւնը հաւատքին, որոնք յաճախ կը գործեն բռնութեան եւ անարդարութեամբ բնորոշուած շրջանակներուն մէջ։ Եկեղեցին կը շարունակէ արդարութիւն պահանջել այս յանցագործութիւններուն համար ու կ՝աղօթէ անոնց հոգիներուն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ