Նոր Վաղորդայններու Յանձնառութեամբ Գերյարգելի Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն
Վերափոխման Սուրբ Կոյսին նուիրուած՝ Զմմառու վանքին հիմնադրութեան 275-ամեակի ցնծալի առիթով, ներկայ տողերով կը խնդակցիմ բոլոր միաբան եղբայրներուս հետ, ուր ալ գտնուին անոնք, եւ երախտագիտութիւն կը յայտնեմ սոյն մենաստանի հիմնադիրներուն, եւ բոլոր անոնց՝ որոնք տարիներու հոլովոյթին հետ զայն լուսազարդեցին, ու կառչած իրենց նուիրական կոչումին՝ տքնեցան ի փառս Աստուծոյ եւ ի սպաս հայ ժողովուրդին:
Իրերայաջորդ առաքելավայրերս՝ Իտալիա, Ֆրանսա եւ ապա Գանատա, դժբախտաբար զիս հեռու պահեցին Զմմառու վանական կեանքի անփոխարինելի հրայրքէն, զոր ապրած էի նորընծայութեանս չորս տարիներու շրջանին (1992-1996):
Վերոգրեալ ժամանակաշրջանը բաւարար պիտի հանդիսանար ոգեշնչելու զիս, որպէսզի անվերապահօրէն անդամակցիմ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան, նոյնանալու համար անոր սրբակրօն հոգեւորականներու հոյլերուն հետ, սեւեռակէտելով գերագոյն նպատակ մը, այսինքն՝ տրամադրելի դառնալ տարածելու Քրիստոսի Աւետարանը Հայ Ազգին մէջ:
Ի հեճուկս աշխարհագրական հեռաւորութիւններուն, որդիական կապը, սակայն, անքակտելի մնաց այդ հոգեւոր օրրանին հետ ու թարգմանուեցաւ փոխադարձ թղթակցութիւններով եւ հեռախօսներով, իսկ այս վերջին տարիներու ընթացքին՝ համացանցի ընձեռած արդիական այլազան կերպերով:
275 տարիներու արգաւանդ պատմութիւն, որ պատեհութիւնը կ՛ընծայէ՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ միասնաբար ճանչնալու այն բազմաթիւ ու հրաշալի պարգեւները, զոր Աստուած շնորհեց միաբաններուս անցնող երեք դարաշրջաններու ընթացքին:
Մեր մենաստանը, որ հիմնուեցաւ 1749 թուականին, շնորհիւ Աբրահամ Ա. Արծիւեան Կաթողիկոս Պատրիարքին պարգեւաձիր անձնաւորութեան, հեռատես իմաստութեան ու անդրդուելի հաւատքին, եւ հետզհետէ միազանգուեցաւ անսակարկ ջանքերով աստուածասէր ու հայասէր հարիւրաւոր միաբան հայրերուն, անգնահատելի ծառայութիւն մատուցանեց ու տակաւին կը ջամբէ զայն ի նպաստ հայ ազգի հոգեւոր եւ մշակութային վերելքին:
Լիբանանի Զմմառու այերասլաց բարձունքներուն վրայ թառող Սուրբ Կոյսի Վերափոխման Աստուածընկալ այս սրբատեղին, իբրեւ Կաթողիկոս Պատրիարքին նստավայր, իր եկեղեցիով ու մատուռով, վանաբնակ միաբաններու սենեակներով, մատենադարանով ու թանգարանով, իր յարակից Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետին Ընծայարանով, դաշտերով եւ այգիներով, ինչպէս նաեւ՝ հնադարեան ու նորագոյն կառոյցներով, անշրջանցելի ուխտավայր դարձած է աղօթասէր ու մշակութասէր հասարակութեան:
Քահանայական կեանքիս յիսուն երկու տարիներու միջոցին տասնեակ առիթներ ունեցայ Վանքը այցելելու, անոր հոգեթով միջավայրը ըմբոշխնելու եւ նա՛մանաւանդ Աստուածամօր հրաշագործ նկարէն կենսաւորուելու:
Իւրաքանչիւր այցելութիւն շնորհք մըն է եղած եւ օրհնութիւն:
Թող մեր Տէրը Ամենակալ, պահէ ու պահպանէ Զմմառու Վանքը, անպակաս ընէ Իր հովանին հայ կաթողիկէ առաքեալներու այս յուռթի «արգանդ»-ի վրայէն, հզօրացնէ ու ամրացնէ զայն, ոյժ ու կորով պարգեւէ աշխարհացրիւ իր մշակներուն, որպէսզի ներկայ դարը յուզող յաղթարշաւները դիմակայել կարողանայ՝ ընկճելով ամէն տեսակի դժուարութիւն ու խոչընդոտ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի փառքին համար,
Միշտ նոր վաղորդայններու յանձնառութեամբ:
Հ. Գ. Զ.
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ