Որոնել

2024.12.17 Incontro di Sua Beatitudine Raphael Pietro XXI Minassian con il Cardinal Parolin

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ հանդիպումը Կարդինալ Փարոլինին հետ

Հանդիպումին ընթացքին, երկու կողմերը քննարկեցին Միջին Արեւելքը յուզող հարցերը, անդրադառնալով յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ տարբեր ոլորտներուն մէջ Հայ Եկեղեցիին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 16 Դեկտեմբեր 2024-ին, Վատիկանի պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Վատիկանի մէջ ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ դատաւոր Հայր Աւետիք Վրդ. Յովհաննէսեանի:

Հանդիպումին ընթացքին, երկու կողմերը քննարկեցին Միջին Արեւելքը յուզող հարցերը, անդրադառնալով յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ տարբեր ոլորտներուն մէջ Հայ Եկեղեցիին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

Այնուհետեւ, մտերիմ մթնոլորտի մը մէջ ընթացող այս հանդիպումին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը բարձր գնահատեց կարդինալ Փարոլինին բացառիկ դերն ու անոր ջանքերը ի նպաստ խաղաղութեան ու կայունութեան տարածաշրջանէն ներս, ընդգծելով նաեւ՝ միացեալ աշխատանքին կարեւորութիւնը՝ յաղթահարելու համար բոլոր տագնապները եւ ամրապնդելու քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը Միջին Արեւելքին մէջ:

Հանդիպումը վերջ գտաւ փոխադարձ բարեմաղթանքներով Սուրբ Ծննդեան օրհնաբեր տօնին առիթով, շեշտելով նաեւ երկխօսութեան ու համագործակցութեան անհրաժեշտութեան վրայ, բոլոր ժողովուրդներուն համար փայլուն ու կայուն ապագայ մը կերտելու համար:

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2024, 11:29