Որոնել

2020.03.30 Vangelo del giorno Gesù Cristo e donna adultera perdono

Եկեղեցական Գիտելիքներ - Ե. Շաբաթ Յիսնակաց (15 – 22 Դեկտեմբեր 2024)

Յիսնակաց Հինգերորդ շաբաթը ներողամտութեան շաբաթն է:
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի օրուան Աւետարանին մէջ` Յիսուս կը խնդրէ առաքեալներէն որ ներում շնորհեն անոնց որոնք իրենց դէմ յանցանք մը կը գործեն. Ոչ թէ օրական միայն մէկ կամ երեք անգամ, ինչպէս օրէնքը կը հրամայէ, այլ նոյնիսկ եօթը անգամ,  «եօթն» կատարելութեան թիւն ըլլալով։ 

Մէկ խօսքով` Յիսուս կ՛անցնի օրէնքէն անդին, բայց ոչ օրէնքէն դուրս. Յիսուս միշտ յարգած է օրէնքը, սակայն սէրը չի կրնար սահմանափակուիլ օրէնքով. Կ՛անցնի անկէ անդին եւ շատ աւելի վեր. Նոր օրէնք մը կը ստեղծուի, սիրոյ օրէնքը որ կը գերազանցէ ամէն տեսակ օրէնսդրութիւն, քանի գիրէն վեր կը բարձրանայ եւ հոգի կու տայ։

Երկուշաբթի 16 Դեկտեմբերին, տօնն է Սուրբ Իգնատիոսի. Վկայաբանութեան մէջ` զինք կը կոչենք աստուածազգեաց հայրապետ, որովհետեւ, ըստ աւանդութեան, ինքն էր  այն մանուկը զոր Յիսուս Կափառնաումի մէջ գրկեց եւ առաքեալներուն առջեւ դնելով` ըսաւ. Եթէ այս մանուկին պէս չըլլաք, չէք կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել։ Ան աշակերտած է Յովհաննէս աւետարանիչին եւ Անտիոքի Գ. հայրապետը եղած է։ 

Ան 114 թուին, Հռոմ տարուած է եւ նահատակուած` կրկէսին մէջ, գազաններու առջեւ նետուելով։ 

Գրած է եօթը նամակներ զանազան եկեղեցիներուն ուղղուած։

Երեքշաբթի 17 Դեկտեմբերին` Նիկոմիդիայի շրջանէն` կը տօնենք Թէոպոմպաս եպիսկոպոսը, որ քաջաբար դէմ դրաւ կայսեր հրամանին, որ էր պաշտել կուռքերը։ Կանչեցին Թէովնաս կախարդը, որպէսզի զինք հմայէ եւ համոզէ որ ուրանայ քրիստոնէութիւնը, սակայն իր բարութեամբ` Թէոպոմպաս զինք դարձի բերաւ եւ երկուքը միասին նահատակուեցան։ Նոյնպէս դարձի եկան եւ նահատակուեցան եպիսկոպոսին չորս բանտապահներն ալ, որոնք էին Բասոս, Եւսեբիոս, Եւտիքէս եւ Բասիլիդէս։ Անոնց նահատակութիւնը տեղի ունեցաւ 290 թուին։

Հինգշաբթի 19 Դեկտեմբերին’ տօնն է Սուրբ Ադդէ հայրապետին եւ Աբգար Թագաւորին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Յիզտբուզտի վկային որ կը թարգմանուի Աստուածատուր։

Շաբաթ 21 Դեկտեմբերին. Տօնն է Սուրբ Ինդոսի ներքինիին, Դոմնայի կոյսին, Գղերիկոս Քահանային ու եւրկուց բիւրոցն որոնք այրեցան նիկոմիդացւոց Եկեղեցւոյ մէջ։

Տօնն է նաեւ Սուրբ Աբրահամի ու Խորէնի ինչպէս նաեւ անարծաթ բժիշկներ՝ Կոզմայի եւ Դամիանոսի։

Կիրակի 22 Դեկտեմբերը, Յիսնակաց Զ. կիրակին է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2024, 07:24