Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (30)
Լ. Հաղորդում
Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Յովհան Մանդակունի Հայրապետի (410-490) կեանքին ու գործին:
Յովհան Մանդակունի և Գիւտ Կաթողիկոսները գիրերու գիւտի յաջորդող ժամանակաշրջանին՝ ծէսի բովանդակութիւնը հարստացնող աղօթքներու խմբագրման և դասաւորման առումով՝ կոթողական աշխատանք տարած են: Արդարեւ, Սահակի և Մեսրոպի վերջին ներկայացուցիչներէն՝ Յովհան Մանդակունին, ծնած է 410-ի ժամանակները, Մեծ Հայքի Արշամունեաց գաւառի Ծախնոտ գիւղը: Մանդակունին տիրացած է իր ժամանակի յունական բարձրագոյն կեդրոններու ուսումներուն:
Հայրապետական գահը կը բարձրանայ շուրջ 478-ին՝ գրեթէ եօթանասնամեայ տարեկանին, իբրեւ յաջորդ Գիւտ Կաթողիկոսին, կը գահակալէ մինչեւ 490: Մանդակունի Հայրապետ՝ իբր գլուխ Հայ Եկեղեցւոյ և հետեւորդ Սահակի և Մեսրոպի, աշխատած է զարգացնել Հայ եկեղեցական կեանքը՝ հարստացնելով Ծիսարանը, կանոնական ինչ ինչ կարգադրութիւններով: Ան կարեւոր դեր ունեցած է Հայ Եկեղեցւոյ կարգերուն և արարողութիւններուն կազմաւորման մէջ, այնպէս որ ծիսական կարգերուն վերջնական ձեւը անոր կը պարտինք:
Մաշտոցի կարգաւորութեան մէջ, իրեն կը վերագրուին կանոն կենդանարար սուրբ Մկրտութեան և կանոն Դրոշմ կատարելոյ. սարկաւագի, քահանայի, եպիսկոպոսի ձեռնադրութեան կարգը, օրհնութիւն սրբոյ եկեղեցւոյ նաւակատեաց, խաչօրհնէք, կանոն Կուսի Պսակին, եկեղեցւոյ հիմնարկէքի օրհնութիւնը, Տաճարի սրբութիւնը, եկեղեցական սպասներու և զեստներու օրհնութիւնը, ժամահարի, սկիհ և մաղզմայի օրհնութիւն, գիրքի օրհնութիւն, կանոն ապաշխարողաց:
Հին ձեռագիր Մաշտոցի մը մէջ գրուած է (Մայր Մաշտոց, էջ 189-193). Օրհնութենաբեր ցուցակին համաձայն՝ Կանոն աւազան օրհնելոյ կազմուած է Յովհան Մանդակունիի կողմէ: Կանոն օծման նորակառոյց եկեղեցւոյ. (Մայր Մաշտոց, էջ 166-189), յօրինուած է Յովհան Մանդակունիի կողմէ. ընդարձակ և մանրամասն խրատներով և հրահանգներով կը ծանուցանէ թէ եկեղեցւոյ հիմնարկութեան արարողութիւնը ինչպէս պիտի կատարուի: Եկեղեցւոյ հիմնարկութեան կանոնը Յովհան Մանդակունին գրած է, սակայն կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, աւելի ուշ Մինաս Արք. Էջմիածնի միաբան, բարեփոխած է և իր ամբողջական ձեւով կը գտնենք այսօր Հայ Եկեղեցւոյ Մաշտոցին մէջ:
Կանոն պղծեալ եկեղեցիի սրբելոյ. դարձեալ Յովհան Մանդակունիի կը պատկանի և այս կանոնի արարողութիւնը մեծ մասամբ նման է նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման կանոնի արարողութեան: Այսպէս, հաստատ կարելի է ըսել թէ, ծիսարանի մէկ մասը Մանդակունիի ձեռամբ պատրաստուած է, յատկապէս Թաղման կարգը: Մեղուաջան Հայրապետի թարգմանած կանոններուն մէկ մասը կը վերագրուին Յուստոս եպիսկոպոսին, որ սուրբ Յակոբ Տեառնեղբայր առաքեալէն ետք, Երուսաղէմի չորրորդ եպիսկոպոսը եղած է:
Ժամանակի ընթացքին, ըստ պահանջի և պայմաններու բերումով՝ Մանդակունի Հայրապետ և հայ եկեղեցւոյ հայրերն ու վարդապետները աւելցուցած են նորանոր արարողութիւններ, աւելի եւս ճոխացնելով Հայ Եկեղեցւոյ Մաշտոցը: Իսկապէ՛ս, Մանդակունիի գործունէութեան լաւագոյն արդիւնքը ծիսական բարեկարգութեան մէջ կը տեսնենք, այնպէս որ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ այժմեան ծիսական կարգերը Մանդակունեան կրնան կոչուիլ ըստ Մ. Օրմանեանի:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ