Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (32)
ԼԲ. Հաղորդում
Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք քրիստոնէական քարոզախօսութեան աւանդութեան:
Հայ Ժողովուրդի Քրիստոնեայ դարձէն դար մը ետք, Սահակ Պարթեւ Հայրապետի Մեսրոպ Մաշտոցի օրով տեղի ունեցաւ Հայոց Այբուբենի գիւտը: Այն օրերուն, Հայոց աշխարհի զանազան վանքերուն մէջ, ուր վանականները իրենց մեկուսացած անապատական կեանքով՝ խստակեաց ճգնաւորական կեանք մը կ'ապրէին. Միաժամանակ յունական և ասորական գրականութենէն բազմաթիւ կրօնական, իմաստասիրական և գիտական գիրքեր գրի կ'առնէին ու կը թարգմանէին:
Անցնելով թարգմանական գրականութեան՝ քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ անոր յառաջացումը առաջին ժամանակներէն օգտակար կը դառնայ կենդանի խօսքով հաւատացեալ հասարակութեան քրիստոնէութեան սկզբունքները ուսուցանելը. այստեղէն առաջ կու գայ այսպէս կոչուած քարոզը, որ սկիզբը ճարտասանական ձիրքեր ունեցող անհատներու յանպատրաստից ըսուած կենդանի ելոյթն էր համախմբուած ժողովրդեան առջեւ, իսկ հետագային պաշտամունքի ընթացքին, կենդանի խօսքի փոխարէն կը սկսին կարդալ երեւելի եկեղեցականներու ճառերը կամ քարոզները։
Քրիստոնէական ճառական գրականութեան և քարոզներու իսկական ծաղկման շրջանը Դ. և Ե. դարերն են, մինչեւ Ե. դարու առաջին կէսը: Այնուհետեւ, այս ուղղութիւնն կը սկսի տկարանալ և անոր փոխարէն կը զարգանայ դաւանաբանական գրականութիւնը։ Ապա այս տեսակի գրականութեան վրայ կ'աւելնայ քրիստոնէական կրօնի և եկեղեցւոյ պաշտպանութեան համար յառաջացած ջատագովական գրականութիւնը, որուն մէջ առանձնայատուկ տեղն կը գրաւեն «նամակները» կամ «թուղթերը», որոնք ուղղուած էին ամբողջ հասարակութեան և անոր գործածութեան համար յօրինուած էին։
Ուշագրաւ են Կանոններուն մէջ առկայ երկարաշունչ և իմաստալից Խրատները, Ս. Հայրերու յորդորական մէջբերումներով հարուստ:
Դարձեալ, Դ. և Ե. դարերու ընդհանուր եկեղեցական գրականութեան մէջ պէտք է յիշատակուին նաեւ «գիրքերն ու հատորները», այսինքն ընդարձակ ծաւալ ունեցող գրուածքները, երկախօսութիւնները, հարցերն ու պատասխանները, իմաստալից ասացուածքները (մեծ մասամբ արձակ, երբեմն նաեւ չափածոյ), ինչպէս կը գտնենք յատկապէս Գրիգոր Նազիանզացիի կամ Աստուածաբանի բանաստեղծութիւններուն մէջ։ Յիշատակութեան արժանի է իրողութիւնը թէ Գ., Դ. և Ե. դարերուն առանձնապէս ծաղկած է մեկնաբանական, այսինքն՝ Սուրբ Գիրքի դժուարիմաց տողերու բացատրութեան վերաբերեալ ամենակարեւոր գրականութիւնը:
Այս առումով, Ս. Սահակ Հայրապետը վանականներուն եւս անաչառ և շահեկան խրատներ և յորդորներ կու տար, իրենց կարգին համաձայն սուրբ վարք մ'ունենալու, հրեշտակօրէն ապրելու, իրենք զիրենք եղբայրսիրութեան և օտարսիրութեան նուիրելով, փախչելու երկրաւոր և աշխարհիկ հաճոյքներէ, պարապելու միայն Աստուծոյ և աստուածային իրերու և ամէն առաքինութեանց օրինակ ընծայելու իրենց անձը:
Նոյնպէս մեծարեալ վարդապետ Մեսրովպը, Լուսաւորչի հաւատքի ջահը ձեռին՝ ամբողջ Հայաստանի մէջ, իր աշակերտներով հանդերձ՝ կը քարոզէր Աւետարանը, քանզի Աստուծոյ խօսքը մարգարէական է, առաքելական, օրէնսդրական, եւ որ ներզօր ոյժ ունի հաւատք հաղորդելու, հաւատքը զօրացնելու եւ հոգիները գերբնական կեանքի առաջնորդելու:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ