Որոնել

20224.12.11 Foto Lourdes 71esimo miracolo riconosciuto

Լուրտի 71րդ հրաշքը՝ յոյսի նշան Յոբելեանի նախօրէին

Պաշտօնականացուած է Առաջին Աշխարհամարտին մասնակցած անգլիացի զինուոր Ճոն Թրեյնորի հրաշագործ ապաքինումը։ 1923 թուականին տեղի ունեցած հրաշքը հարիւր տարի անց նորէն յայտնաբերուեցաւ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Քառասնամեայ անգլիացի Ճոն Թրեյնորը՝ Լիվերփուլ թաղամասէն, Առաջին համաշխարհային պատերազմի ատեն ծանր վիրաւորուած էր։ Տարիներ անց ենթարկուած էր վիրահատութեան, սակայն անոր ոտքերը մասամբ անշարժացած էին։ Բացի այդ կը տառապէր լուսնահարութեամբ, որ կը տանջէր զինք՝ տակաւին բաց վէրքերու ցաւերու ու աջ թեւի զգայունութեան բացակայութեան հետ միասին։ 1923 թուականին Ճոնը որոշեց մասնակցիլ Լիվերփուլ թեմի կողմէ կազմակերպուած ուխտագնացութեան՝ դէպի Լուրտի Սրբավայր՝ հակառակ բոլոր իր ընկերներու ընդդիմութեան, որոնք շատ լաւ կը ճանչնային անոր առողջական դիւրաբեկութիւնը։

Հաւատք առանց սահմաններու

Սակայն Տիրամօր հանդէպ սէրը՝ ժառանգած իր մօրմէն, որ մահացած էր, երբ տակաւին երեխայ էր, կը մղէ զինք առանց վարանումի կատարել այդ համարձակ ճանապարհորդութիւնը:

Սրբավայր

Յուլիսի 25-ին Սրբավայրի մէջ Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութեան ժամանակ տեղի կ’ունենայ արտասովոր բան մը՝ խռովայոյզ ուժ մը կը ներխուժէ անոր մարմինին մէջ՝ անշարժ ոտքերը յանկարծ կը սկսին շարժիլ, ձեռքերը վեր կը բարձրանան՝ օդին մէջ խաչի նշանը ուրուագծելով:

Հրաշքը կատարուեցաւ

Յաջորդ օրը ան մինակը կ’երթայ քարայր՝ Տիրամօր ոտքերու մօտ․ ամէն ցաւ ու վէրք ՝ լուսնահարութեան նոպաները, արիւնահոսող վէրքերը, անհետացած էին, ինչը կը հաստատուի իր հետ մեկնած համաքաղաքացի երեք բժիշկներու կողմէ, որոնք ապշահար կը մնան։

Լուրը կը տարածուի

Ապաքինման հրաշքի լուրը անմիջապէս կը տարածուի, հասնելով մինչեւ Անգլիա եւ կը շարժի Սրբավայրի բժշկական փաստերը հաւաստող գրասենեակի հետաքրքրութիւնը, որ 1926 թուականին, երեք տարի հետաքննութիւն անցնելէ ետք, կը կազմէ լայնածաւալ զեկոյց՝ ստորագրուած նաեւ հրաշքի եղելութեան ներկայ երեքի բժիշկներու կողմէ, եւ կը հրապարակէ Սրբավայրի պաշտօնական «Journal de la Grotte» թերթին մէջ՝ առանց սակայն այդ զեկոյցի փաստաթուղթերն ուղարկելու Լիվերփուլի թեմին:

Բացայայտումը

Ճիշտ մէկ դար անց՝ 2023 թուականին՝ Լիվերփուլի ուխտագնացութեան հարիւրամեակի առիթով, Լուրտի միջազգային բժշկական կոմիտէի անգլիացի անդամ Քիրան Մորիարթին կը յորդորէ Սրբավայրի բժշկական փաստերը հաւաստող գրասենեակի ներկայիս ղեկավար Ալեսսանտրօ Տե Ֆրանչիշիսին այդ պատմութեան մասին մանրամասնութիւններ փնտռել, որու մասին միայն բանաւոր տեղեկութիւններ կային։ Այդպէս կը յայտնաբերուի 1926 թուականի զեկոյցը։ Ֆրանչիշիսը այս մասին զրուցած է Ռատիօ Վատիկանի Ֆրանսական բաժանմունքի հետ, որմէ կը տեղեկանանք նաեւ, որ ողջ պատմութեան վերաբերեալ փաստաթղթերու մանրակրկիտ փաթեթը ստանալով, Լիվերփուլի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Մալքոլմ Փաթրիք Մաքմահոնին, անցեալ 8 Դեկտեմբերին՝ Անարատ Յղութեան Տօնին օրը, պաշտօնապէս ճանչցած է հրաշագործ ապաքինումը, որով Լուրտի հրաշքներու ընդհանուր թիւը կը դառնայ 71։

Աստուծոյ սէրը

Տե Ֆրանչիշիսը հարցազրոյցը եզրափակած է համոզուած, որ. «Այս ամէնը Աստուծոյ բարութեան եւ Անարատ Յղութեան նշան է: Եւ կարեւոր է նաեւ, որ հրաշքը պաշտօնական դարձաւ 2025ի Յոբելեանի նախօրէին, որ Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ յոյսին նուիրուած է, ճիշտ այն յոյսին, որ Սրբավայր այցելող միլիոնաւոր ուխտաւորներ իրենց սիրտին մէջ կը կրեն»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2024, 07:45