ՆՈՐ ՏԱՐԻ. Եթէ տակաւին տեղ կայ Աստուծոյ մեր կեանքին մէջ - Գերյարգելի Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն
Տարիները կ'անցնին եւ ժամանակը կանգ չ'առներ երբեք:
Մենք մահկանացուներս, շատ անգամ, դժուարութեամբ կը համակերպինք այս գահավիժող իրողութեան ու յարափոփոխ վիճակին, որ մեր կեանքը կ'այլայլէ:
Չենք ուզեր հաւատալ, որ
-Տարիքով կը յառաջանանք, որ
-Կը դառնանք ալեհեր, որ
-Տարիէ տարի կնճիռ մը աւելի ունինք մեր դէմքին վրայ, որ
-Հետզհետէ աւելի տկար կը զգանք ֆիզիքապէս քան՝ անցեալ տարին:
Եւ սակայն, անողոք եւ դաժան իրականութիւնը այն է, որ տարիներն ու եղանակները իրարու կը յաջորդեն ու մենք անընդհատ կը կերպարանափոխուինք:
Մեր կեանքը նման է ժամանակը չափող աւազէ ժամացոյցին: Վերի մասը աստիճանաբար կը դատարկուի եւ աւազը կը սահի դէպի վար: Նոր Տարին մեզի կը յիշեցնէ, թէ վերի մասին մէջ նուազ աւազ կայ այս տարի քան՝ անցեալ տարի:
2025 տարեթիւը մեզի կը վերապահէ նորութիւններ, անակնկալներ, յաջողութիւններ կամ ձախողանքներ: Մեր կեանքը երթ մըն է դէպի յառաջ, ու մենք ի վիճակի չենք ժամանակը ընդհատելու կամ դէպի ետեւ դառնալու:
Շարունակելու ենք յառաջանալ, նոյնիսկ եթէ անգամներ ճամբան մանուածապատ է:
Նոր Տարին մեզի կը յիշեցնէ, որ ժամանակը թէեւ թանկագին՝ սակայն, վաղանցուկ պարգեւ մըն է, զոր պարտինք լաւագոյն կերպով արգասաւորել:
Մեզի յիշեցնելով հանդերձ, որ ժամանակը կարճատեւ է, Նոր Տարին երկու նպատակ կը ներփակէ.
-Նախ՝ մեզ կը պատրաստէ Քրիստոսի երկրորդ Գալուստին աշխարհի վախճանին.
-Ապա՝ կը հրահրէ մեր յոյսը ապագային նկատմամբ:
Սուրբ Ծննդեան Օրը Աստուած ինքնակոչ մեր մօտ եկաւ:
-Միթէ՞ փակեցինք մեր դուռը Անոր երեսին՝ նման Բեթղեհէմի բնակիչներուն, որոնք տուն տեղ չտուին Իրեն՝ « որովհետեւ իջեւանին մէջ տեղ չկար անոնց (Մարիամին եւ Յովսէփին) համար» (Ղուկաս 2, 7):
-Միթէ՞ Սուրբ Ծնունդը եղաւ լոկ առեւտրական տօն մը, մեծածախս խրախճանքի կամ առիթ մը խելացնոր հանդիսութիւններու:
-Միթէ՞ մեր կեանքին մէջ Աստուած տակաւին տեղ ունի:
Նոր Տարին նման հարցադրումներու առջեւ մեզ կը դնէ եւ մեզի առիթ կ'ընծայէ խորհրդածելու, պատրաստուելու ու մեր մեղքերը մեր վրայէն թօթափելով՝ Տիրոջ կողմէ մեզի առատաձեռնուած շնորհքները պտղաբերելու:
Նոր Տարին ժամանակն է նաեւ մեծ յոյսի: Ղուկաս իր Աւետարանին մէջ նշմարել կու տայ, թէ Յիսուս ո'չ թէ վախ, այլ՝ մեզի յոյս կը ներշնչէ.«Երբ այս ամէնը կատարուի, դուք կանգնեցէ'ք եւ բարձրացուցէ'ք ձեր գլուխը. որովհետեւ մօտ է ձեր փրկութիւնը» (Ղուկաս 21, 28):
Թզենիին առակը (Ղուկաս 21, 29-31), որ իր արձակած ծիլերով կ'աւետէ ամառուայ եղանակին դարձը, խորհրդանիշն է այդ յոյսին եւ գրաւականը՝ Աստուծոյ պարգեւելիք նորաստեղծ կեանքին:
Աստուած կ'ուզէ նոր աշխարհ մը ստեղծել, ու վերջ դնել դաւադրութիւններուն, փտածութեան, մեղքի, ատելութեան, նախանձի, ընչաքաղցութեան, խտրութեան եւ պատերազմի աշխարհին:
Հռոմայեցիներուն ուղղած Պօղոս առաքեալի նամակին մէջ, հետեւեալ յուսադիր խօսքերը կը կարդանք. «Յոյսի Աստուածը, թող համակէ ձեզ ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ, որպէսզի ձեր մէջ ճոխանայ յոյսը՝ Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ» (Հռոմայեցիներուն 15,13):
Ժամանակը կը սահի, կ'անցնի ու մենք կը ծերանանք, սակայն, ո'չ ոք իրապէս ծեր է քան ա'յն անձը, որ առանց յոյսի կ'ապրի ու կեանքէն ոչինչ կ'ակնկալէ:
Յոյս կորսնցնելը՝ հաւատքը կորսնցնելէն վատ է, որովհետեւ առանց յոյսի հաւատք չկայ:
Յոյսը ճշմարիտ շարժակ մըն է, շարժիչ ոյժ մը, որ մեզ կը մղէ ու կը խթանէ շատ մը վեհանձն արարքներ ու բարեգործութիւններ կատարելու:
Նոր Տարին առիթ մըն է մասնակցելու Աստուծոյ նոր ստեղծագործութեան, որ իմաստ ու բովանդակութիւն պիտի տայ մեր նուէրներու փոխանակումին, հրաւէրներուն եւ այցելութիւններուն, ոմանց հաճոյք պատճառելով, ուրիշներուն ներելով, ոմանց հետ խզուած յարաբերութիւնները վերահաստատելով, ուրիշներուն օգնութեան հասնելով ու մանաւանդ ամէնուրեք աւելի եղբայրական աշխարհ մը ստեղծելով:
Շատ մը մարդիկ, անցած տօնական օրերուն, աւելի զգացին իրենց ցաւալի խեղճութինը, իրենց աղքատութիւնը, իրենց առանձնութիւնը: Քանի՜ քանի՜ տարեցներ ո'չ այցելութիւն, ո'չ նուէր եւ ո'չ ալ շնորհաւորական տող մը ստացան:
Քանի՜ քանի՜ տնազուրկներ Ս. Ծնունդը անցուցեր են այնպէս, ինչպէս միւս բոլոր օրերը կ'անցընեն, աղբանոցներուն մէջ ուտելիք փնտռելով:
Հետզհետէ կը բազմանան փողոցներուն մէջ ապրող անօթեւանները, հազիւ հազ ապրող ընտանիքները, առանձնութենէ տառապող ու մեռնող տարեցները, թմրանիւթի, արբեցութեան եւ բախտախաղի զոհ գացող երիտասարդներն ու տարիքաւորները:
Նման անձինք կարիք ունին մեր ուշադրութեան ու մեր օգնութեան: Նոր Տարին մեզ կը հրաւիրէ բանալու մեր աչքերն ու սրտերը՝ բաժնեկից դարձնելու մեր յոյսին բոլոր անոնք, որ ամէնէն շատ պէտք ունին յոյսով ապրելու,
Եթէ տակաւին տեղ կայ Աստուծոյ մեր կեանքին մէջ
Յ. Գ.
2025 տարին նաեւ մեզի առիթ թող ըլլայ մտածելու Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն ընդհանրապէս, եւ հայութեան կրած տառապանքին, մասնաւորապէս՝ անվերջ թուացող պատերազմներուն պատճառով: Ասոր համար անգամ մը եւս կոչ կ'ուղղենք՝ օգնութեան հասնելու մեր ազգակիցներուն, որոնք կենսական պէտքերու կը կարօտին:
Առատաձեռն ու եղբայրասէր ըլլանք անոնց հանդէպ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ