Լաւ պատրաստուինք Յիսուս Մանուկը լաւապէս դիմաւորելու մեր սրտին եւ կեանքին մէջ. Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Ահաւասիկ սիրելիներ եւ կրկին համաձայն մեր հայկական տօնացոյցին, այսօր կը սկսինք Յիսնակաց շրջանի երրորդ կիրակին (յուսամ լաւ կը պատրաստուինք Յիսուս Մանուկը լաւապէս դիմաւորելու մեր սրտին եւ կեանքին մէջ):
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, լսեցինք մեր այսօրուան Աւետարանը (Ղուկ. 13, 1 -) որ բաղկացած է երկու մասերէ.
Ա. Կը խօսի ապաշխարութեան անհրաժեշտութեանը եւ կամ կարեւորութեանը մասին, եւ ի զուր չէ որ մի քանի տողերու մէջ երկու անգամ կը կրկնէ հետեւեալ նախադասութիւնը. «ո՛չ կ՛ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝ դուք բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»:
Այստեղ սիրելիներ հարց տալով պիտի ըսէք. «լաւ վարդապետ, հիմա որ կը գտնուինք այս Ս. Ծննդեան շրջանին մէջ, ի՞նչ կապ ունի ապաշխարութիւնը ուրախութեան հետ...կարելի չէ՞ր ասոր մասին խօսուէր քառասնորդաց մեծ պահքի շրջանին...»:
Սիրելիներ, երբ «ապաշխարութիւն» բառը կ՛ըսեմ, նկատի ունիմ եւ կամ կը նշանակէ մեր սիրտերը ազատել աշխարհիկ գերութենէն՝ եւ յանձնել Քրիստոսի եւ Անոր կամքին. ինչպէ՞ս:
1. Հեռու մնամ բամբասանքներէ
2. Հեռու մնամ հայհոյանքներէ
3. Հեռու մնամ ատելութենէ
4. Հեռու մնամ ստախօսութիւններէ (սեւ կամ ճերմակ)
5. Հեռու մնամ կասկածներէ թէ իսկապէս Աստուած գոյութիւն ունի թէ ոչ
6. Հեռու մնամ ագահութենէ
7. Հեռու մնամ խորամանկութիւններէ
8. Հեռու մնամ կեղծաւորութիւններէ
9. Հեռու մնամ տուներ քանդելէ
10. Հեռու մնամ խռովութիւններ ստեղծելէ
11. Հեռու չմնամ եկեղեցիէս եւ հաղորդութիւն առնելէն....մոմ վարելը բաւարար չէ, եւ ոչ ալ միայն տունը աղօթելը
12. Չխաբուիմ չարին խօսքերէն եւ անոր տուած խոստումներէն
13. Սիրտս չկապեմ ոչ մէկ նիւթականի (անձնական), եւ ոչ ալ ուրիշին ունեցածներուն
14. Չուշանամ Աստուածաշունչը կարդալու եւ ունենալու իմ ամէնօրեայ աղօթքիս, մտածականիս եւ խղճի քննութեան պահերս
15. Եւ ամէնակարեւորը՝ չպակսիմ սիրոյ եւ խոնարհութեան մէջ, որովհետեւ մեր բոլոր դերութիւնները եւ մեղքերը կը սկսին այստեղէն...
Լաւ եթէ մենք մեր ապրելակերպը չփոխենք, մեզի ի՞նչ կը սպասէ. մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածին երկրորդ բաժինը կը պատասխանէ մեր այս հարցումին՝ ունենալով հետեւեալ վերնագիրը. անպտուղ թզենիին առակը: Թզենին մենք ենք սիրելիներ, եթէ պտուղ չի տանք, եթէ չ՛ապրինք այնպէս ինչպէս Քրիստոս կ՛ուզէ որ մենք ապրինք, «ապա թէ ոչ՝ յաջորդ տարի» պիտի խնդրուի կտրուիլ, որ կը նշանակէ արժանի ըլլանք դժոխքի կրակին՝ մեր խնդրանքով եւ ոչ թէ Աստուծոյ փափաքով: Այստեղ կրկին հարց տալով պիտի ըսէք սիրելիներ. « լաւ այստեղ ո՞ւր է մարդուս ազատութիւնը՝ մենք որ կը փախչինք աշխարհի գերութենէն, եւ կրկին ո՞ւր է ուրախութիւնը ապաշխարութեան մէջ»:
1. Քրիստոսի հետ ըլլալը գերութիւն չէ սիրելիներ, այլ ամբողջական ազատութիւն (անշուշտ ազատութիւնը ճիշտ բացատրուած – եւ ոչ թէ այն ինչ որ է այսօր), որովհետեւ միայն ու միայն Քրիստոսով է որ կեանքը իմաստ ունի, եւ մեր ոչ կատարեալ անձերը իրենց լրումին կը հասնին միայն ու միայն Իրմով...
2. Իսկ ապաշխարութիւնը շատ մը անձերու համար տխրութիւն է, որովհետեւ ապաշխարութեամբ կը զրկուին կեղծ՝ կանոնէ ու սահմանէ դուրս ազատութենէ, եւ ստիպուած կ՛ըլլան իրենց հոգին եւ մարմինը դաստիարակելու:
Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան նամակը. ամէն օր որ կ՛ապրինք, մեզի համար առիթ է արդէն իսկ դրախտային վիճակը ապրելու, եւ ի զուր չէ որ այս ծննդեան շրջանին՝ այս Աւետարանի հատուածը պահանջուած է մեզմէ ընթերցել եւ մտածել անոր մասին, որպէսզի ապաշխարութեամբ եւ նոր յոյսով եւ առիթով որ մեզի տրուեցաւ (Քրիստոսի Ծնունդը), թզենին շարունակէ գոյատեւել՝ եւ տայ պտուղ, ու չնետուի գեհենի կրակին մէջ. ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ