Փարիսեցին ու մաքսաւորը (Ղուկ. 18, 9 -14) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Ամէն:
Շատ սիրելի սրտի հարազատ քոյրեր եւ եղբայրներ,
Իսկապէս եւ երազի մը պէս, արդէն իսկ կը գտնուինք 2024 տարուան վերջընթեր կիրակին (պահ մը լուրջ մտածենք): Մոլորակները իրենց անվերջ շարժումները կատարելով (կարծէք կարագացնեն իրենց շարժումները՝ որպէսզի իրենց Տիրոջ գալուստը շուտ կատարուի), իսկ մենք ալ՝ մարդ արարածներս, նման այս մոլորակներուն (թէեւ տարբեր դիտաւորութեամբ – անոնք զԱստուած կը փառաբանեն իրենց շարժումով), մեր հոգերով եւ աշխատանքներէն տարուելով եւ զբաղուելով, օրերը կը սահին եւ կ՛անցնին՝ առանց անդրադառնալու...(արդե՞օք պէտք են մեր օրերը այսպէս անցնին):
Սիրելիներ, մեր մարդկային խեղճ եւ տկար ուժերով (հակառակ մեր հպարտութեանը), բնաւ երբեք պիտի չկարողանանք սաստել ոչ՝ մոլորակները, ոչ տարիները, ոչ օրերը եւ ոչ ալ ժամերը (հետեւաբար պէտք ենք ընդունիլ ասոնց միակ Տէրը եւ Արարիչը)... իսկապէս կեանքը երազ մըն է...ծիծաղելին այն է որ այսօր երիտասարդ եմ՝ իսկ վաղը ծեր, այսօր ուժեղ եմ՝ իսկ վաղը տկար, այսօր ամբողջական կամքով կը գործեմ՝ իսկ վաղը ուրիշներ պիտի որոշեն իմ կեանքս, հագուածս եւ ապրելակերպս...այսօր կրնամ հարուստ ըլլալ, իսկ վաղը՝ աղքատ. այսօր կրնամ ամէն ինչ ունենալ, իսկ վաղը՝ նոյնիսկ ինծի տրուած իմ կարծեցեալ անձնական մարմինս՝ իմս պիտի չըլլայ. այսօր եթէ կ՛ապրիմ 80 կամ 100 քմ ի մէջ, վաղը պիտի գոհանամ՝ 1,5 ով 1 մեթրի մէջ...պիտի ըսէք. «վարդապետ, ինչո՞ւ այս բոլոր ժխտական բաները կ՛ըսես մեզի այս ուրախ շրջանին...հիմա որ կը պատրաստուինք Ս. Ծննդեան եւ Կաղանդի զոյգ տօներուն...»:
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, այս բոլորը կ՛ըսեմ մէկ նպատակ ունենալով. որպէսզի այսօր իսկ՝ մենք մեր անձերուն առջեւ անկեղծօրէն կանգնինք, եւ յստակօրէն քննենք մենք զմեզ՝ թէ ինչպէս ապրեցանք 2024 թուականը, եւ ամէնակարեւորը՝ ինչպէս կը մտադրեմ եւ կամ պիտի ապրիմ 2025 թուականը:
Համաձայն մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածին, այսօր կանչուած ենք քննելու մենք մեր անձերը եւ տեսնելու թէ 2024 թուականը նման էինք Մաքսաւորի՞ն թէ փարիսեցիին. ինչպէ՞ս.
1. Ես փարիսեցի եմ՝ երբ ես իմ անձս կը բաղդատեմ ուրիշին հետ (ապրելակերպ, կոչում, նիւթական եւ ունեցած) եւ կը մոռնամ այն բանին համար որուն ես ծնած եւ կանչուած եմ...մէկ խօսքով կ՛ընեմ այն ինչ որ ես կը կարծեմ թէ ճիշտ է...մոռնալով Աստուծոյ կամքը եւ Անոր դերը իմ կեանքիս մէջ:
2. Ես փարիսեցի եմ՝ երբ կը կարծեմ աղօթել եւ կամ խօսիլ Աստուծոյ հետ, սակայն իսկականին մէջ կը խօսիմ ես իմ անձիս եւ ես-իս հետ:
3. Ես փարիսեցի եմ՝ երբ կը սիրեմ յափշտակել (նիւթական, ինչպէս նաեւ հոգեւոր իմաստով՝ բարի հոգիները):
4. Ես փարիսեցի եմ՝ երբ անիրաւ եմ եւ ոչ արդար, նախ՝ իմ անձիս հետ, ետքը շուրջիններուս հետ:
5. Ես փարիսեցի եմ՝ երբ հպարտութիւնը զիս կը խեղդէ ու այլեւս թոյլ չի տար բնական կեանքս ապրիմ...ուրախ կեանքի համար, կանչուած եմ ըլլալ խոնարհ եւ հեզ:
6. Ես փարիսեցի եմ՝ երբ չեմ գիտեր ներել:
7. Ես փարիսեցի եմ՝ երբ չեմ գիտեր հանդուրժել:
8. Ես փարիսեցի եմ՝ երբ կը թերանամ եղբօրս օգնելու (պայման չէ նիւթական):
9. Ես փարիսեցի եմ՝ երբ չեմ պահեր երկինքէն տրուած բոլոր նամակները, ամէնակարեւորը համոզուած՝ եւ ոչ թէ պարտականութեան հոգիով:
10. Ես փարիսեցի եմ՝ երբ չեմ գիտեր եւ կամ չեմ ուզեր սիրել:
Իսկ ինչպէ՞ս կրնամ նմանիլ մաքսաւորին եւ 2025 թուականը ապրիմ անոր նման.
1. Ընդունիլ իմ խեղճութիւնս, տկարութիւնս եւ մեղաւոր ըլլալս,
2. Ըլլամ խոնարհ, միամիտ՝ աղաւնիի նման, եւ խորագէտ՝ նման օձերու...եւ ոչ թէ օձ,
3. Սիրեմ, սիրեմ, եւ սիրեմ
Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան նամակը. 2025 տարին կանչուած ենք ըլլալու նման մաքսաւորին, որ միայն այս երեք կէտերով – տեսէք անոր խորագիտութիւնը - կարողացաւ երկինքը եւ ամէնակարեւորը՝ Աստուծոյ սիրտը շահիլ:
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, թող որ 2025 թուականը մեր բոլորին համար աշխատանքի եւ կրկին տուն վերադառնալու առիթ ըլլայ. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ