«Ունեցողին աւելիով պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն իր ունեցածն ալ պիտի առնուի» (Ղուկ. 19, 11-28) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
«Տէրը ըսաւ անոր. Չար ծառայ, քու խօսքովդ քեզ պիտի դատեմ: Քանի գիտէիր որ խիստ մարդ մըն եմ, կ՛առնեմ ինչ որ իմս չէ եւ կը հնձեմ ինչ որ չեմ սերմանած, ինչո՞ւ դրամս շահարկողներուն չտուիր, քանի գիտէիր նաեւ թէ վերադարձիս զայն տոկոսով միասին պիտի պահանջէի: Ապա սպասաւորներուն ըսաւ. Առէ՛ք իրմէ դրամը եւ տարէք տուէք անոր՝ որ տասնապատիկը շահած է: Անոնք ըսին. Տէր, անիկա արդէն տասնապատիկը ունի: Գիտցէք,- ըսաւ ան- ունեցողին աւելիով պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած ամենէն փոքր բաժինն ալ» (Ղուկ. 19, 22 – 26):
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Ամէն:
Շատ սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,
Ահաւասիկ Ս. Ծնունդի տօնէն չորս օրեր ետք, մեր Եկեղեցւոյ Հայրերը մեր առջեւ կը դնեն Ղուկաս Աւետարանիչի հետեւեալ կարեւոր բաժինը. ինչո՞ւ:
1. Որպէսզի մեզի յիշեցնեն թէ մեզմէ ամէն մէկը օժտուած է Շնորհք՝ եւ կամ տարբեր տեսակի շնորհքներով,
2. Անցնելով Յիսնակացի շրջանէն, եւ հասնելով Ս. Ծննդեան Տօնին, պէտք ենք արդէն իսկ սաստած եղած ըլլանք մեր մարմիններուն անախորժ ցանկութիւնները, եւ զօրացուցած ըլլանք մեր հոգին՝ եւ հոգեւոր ապրումները,
3. Երբ կը սկսիմ գործել հոգիով, ի յայտ կու գան մեր բոլոր երկինքէն տրուած շնորհքները,
4. Կարելի չէ ըսել թէ մեզմէ ոչ մէկը երկնային շնորհք չունի...մինչեւ այն ատեն որ Աստուծոյ ձեռագործնեմ ես, հետեւաբար իմ մէջս կայ Իր հոգին՝ եւ Իր տուած շնորհքները,
5. Այս շնորհքները որ մեզի տրուած են երկինքէն, կանչուած ենք զանոնք լաւ օգտագործել ու լաւ ապրիլ,
6. Այդ շնորհքներն են. Սէրը, համբերութիւնը, բարեգործութիւնը, ներումը, խոնարհութիւնը եւ հեզութիւնը...
7. Եթէ կարողացայ այս շնորհքները լաւ օգտագործել, ինծի կը սպասեն Երկնքի Արքայութիւնը եւ անոր ուրախութիւնը,
8. Իսկ եթէ նմանեցայ այս ծառային՝ որ ոչ մէկ ձեւով շահարկեց իրեն տրուած հարստութիւնը, ոչ թէ պիտի կորսնցնեմ Երկնքի Արքայութիւնը՝ այլ նաեւ այն ինչ որ ունիմ,
Սիրելիներ, Աստուած արդէն իսկ նախ քան մեր աշխարհ գալը, մեր մէջ դրած է բոլոր բանալիները՝ որպէսզի կարողանանք Երկնքի արքայութեան արժանի ըլլալ, սակայն մեզմէ պահանջուածը հետեւեալն է. արդե՞օք ես պատրաստ եմ ի յայտ բերել հոգիիս շնորհքները՝ եւ զանց ընել մարմնիս ցանկութիւնները, որպէսզի երբ սպասեալ օրը հասնի, արժանի ըլլամ վայելելու յաւիտենական ուրախութիւնը...: Սիրելիներ, յարգը գիտնանք այն բոլոր շնորհքներուն որոնք տրուած են մեզի երկինքէն, որովհետեւ անոնք են որոնք մեզ պիտի օգնեն հասնելու մեր Տիրոջ՝ Երկինք. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ