Ե Կիրակի Յիսնակաց (Ղուկ. 17, 1 – 10 ) Անպիտան ծառաներ ենք....
Սիրելի ընթերցող եւ ունկնդրող քոյրեր եւ եղբայրներ,
Երազի մը նման, այսօր արդէն իսկ կը սկսինք Յիսնակաց շրջանի Հինգերորդ կիրակին...եւ ոչ թէ միայն, այլ շուտով 2024 տարին կը փակենք՝ իր բոլոր դժուարութիւններով եւ ուրախութիւններով:
Սիրելիներ, երբ կը կարդանք այսօրուան Աւետարանի հատուածը, անոր մէջ կը տեսնենք երեք կարեւոր նամակներ.
1. «Դուք ալ նոյնպէս, երբ կը կատարէք ինչ որ հրամայուած է ձեզի, ըսէք. Անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք» (Ղուկ. 17, 10): Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, այսօր բոլորս կանչուած ենք ըլլալու մէկական ծառաներ: Երբ «ծառայ» բառը կ՛ըսեմ, զգոյշ ըլլանք ու անմիջապէս չբարկանանք եւ կամ չնեղանանք ըսելով՝ թէ Քրիստոս մեզ կ՛ուզէ «ծառայ» տեսնել. բնաւ երբէք սիրելիներ...եւ այսօր նաեւ կանչուած ենք որպէսզի այս բառը չհասկնանք ժխտական ձեւով (աշխարհիկ մտայնութեամբ): Սիրելիներ, երբ Քրիստոս «ծառայ» բառը կ՛օգտագործէ, Ան նկատի ունի եւ կամ Իր խնդրանքն է մեզմէ որ ըլլանք այն անձը որ կը փնտռէ Աստուծոյ կամքը, կ՛ապրի համաձայն Անոր կամքին, ու պատուիրանները կը պահէ՝ այնպէս ինչպէս որ պէտք են պահուիլ (այս բոլորին մէջ մեծագոյնը՝ Սէրն է):
2. «Առաքեալները Տիրոջ ըսին. Աւելցուր մեր հաւատքը» (Ղուկ. 17, 5): Սիրելիներ, որպէսզի ճիշտ ձեւով ապրինք «ծառայ» բառը, մեզմէ խնդրուած է ունենալ հաւատք. հաւատք Աստուծոյ վրայ, Անոր կամքին եւ Անոր բոլոր ծրագիրներուն՝ անշուշտ այն ինչ որ կը վերաբերի իմ կեանքիս, որովհետեւ հաւատքով է որ պիտի ճանչնամ զՔրիստոս, հաւատքով է որ պիտի ընդունիմ Իրեն «ծառայ» դառնալ՝ պահելով Իր բոլոր Խօսքերը եւ ցուցմունքները, եւ ամէնակարեւորը՝ յիշեմ էական մասը ծառայութեան բաժինէն որ է՝ անպիտանութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, եւ ինքզինք ոչ մէկ բան նկատելը՝ առանց Անոր շնորհքին:
3. «Նոյնիսկ եթէ մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի գալով ըսէ՝ կը զղջամ, պէտք է ներես իրեն» (Ղուկ. 17, 4): Սիրելիներ, երբ ծառայ մը իսկապէս ինքզինք անպիտան կը նկատէ եւ այդպէս ալ կ՛ապրի, եւ բնաւ երբեք չկասկածիր Աստուծոյ գոյութեանը եւ Անոր ծրագիրներուն մասին, սա կը նշանակէ թէ այս անձը ունի այնքան լաւ եւ պատրաստ սիրտ, որպէսզի ներէ թէ իր բարեկամը եւ թէ ալ իր թշնամին. ինչո՞ւ. որովհետեւ հասկցած է թէ հակառակ իր բոլոր տկարութիւններուն՝ Աստուած զինք կը ներէ, եւ այդ պատճառով պարտի ինք ալ նոյնը կատարել իր շուրջիններուն: Ներելը սիրելիներ (նամանաւանդ այս տօնական օրերուն), լաւագոյն նուէրն է որ կ՛ընդունինք երկինքէն, եւ այդ պատճառով է որ նաեւ կանչուած ենք ներելու ուրիշները՝ ոչ թէ կատարեալ ենք ըսելով, այլ այս մէկը ստացած եւ տրուած է մեզի նոյնինքն Քրիստոսի կողմէ...մէկդի դիր քու անձնական հաշիւներդ, եւ ներէ քու եղբայրդ՝ փոխադարձը չսպասելով եւ պայմաններ չդնելով:
Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան նամակը. բոլորս կանչուած ենք 2025 թուականէն սկսեալ՝ ըլլալ Քրիստոսի այն անպիտան ծառաները, որոնք լեցուն են հաւատքով ինչպէս նաեւ զղջումի եւ ներողամիտ հոգիով. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ