Մեզի Որդի մը տրուեցաւ ( Ես 9:6) Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Ներկայիս՝ ինչպէս նաեւ պատմութեան մէջ, եղած են ոմանք, որոնք ուզած են բաժնել Հին Կտակարանը՝ Նորէն: Անոնց միտք բանին այն է՝ թէ Հին Կտակարանը յատուկ է ժողովուրդի մը համար, իսկ Նորը՝ Քրիստոսի եկեղեցւոյն: Ս. Պօղոս խօսելով սուրբ գիրքերու մասին կ'ըսէ՝ « Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է (Աստուածաշունչ)» (Բ. Տիմ. 3:16): Յիսուս ինքնին ակնարկելով սուրբ գիրքերուն ըսաւ՝ «Գրքերը քննեցէ՜ք... Ահա բուն անոնք են, որ ինծի համար կը վկայեն» (Յովհ. 5:39): Երկու պարագաներուն ալ սուրբ գիրք հասկացողութիւն Հին Կտակարանին կ'ակնարկէ: Առանց նոր կտակարանին հինը չենք կրնար հասկնալ. եւ առանց հինին՝ նորը կարելի չէ ըմբռնել: Օրինակի համար ինչո՞ւ Յիսուս ուզեց մկրտուիլ Յովհաննէս մկրտիչէն եւ ըսաւ՝ «Թող տուր հիմա, վասն զի այսպէս կը վայելէ մեզի, որ բոլոր արդարութիւնը կատարենք»(Մտթ.3:15): Կամ ինչո՞ւ համար Քրիստոս 12 աշակերտներ ընտրեց եւ ոչ աւելի եւ կամ նուազ: Աւելին՝ խաչին վրայ զետեղուեցաւ՝ « Յիսուս Նազովրեցի Թագաւոր Հրէից 'ՅՆԹՀ' » գրութիւնը. ինչո՞ւ համար այդ յայտարարութիւնը եկեղեցին իր սրբապատկերներու եւ արձաններու վրայ պահեց եւ չհանեց: Բոլոր ասոնք եւ նման ուրիշ հարցումները կը հասկնանք, երբոր հին կտակարանը ուսումնասիրենք:
Աստուած սկիզբէն յայտնեց, որ կնկան սերունդէն մէկը օձին գլուխը պիտի ջախջախէ ( Ծնն. 3:15) : Հին կտակարանը լեցուն է Մարգարէութիւններով, որոնք Մեսիայի գալուստին մասին կը խօսին: Մարգարէութիւններ, որոնք այնքան մանրամասնօրէն ճշգրիտ են, որ կասկածի ամենափոքր նշոյլն իսկ կը վերացնէ: Օրինակի համար՝ սպասուած Մեսեան Աբրահամի սերունդէն պիտի ըլլայ (Ծնն. 18:10). Յուդայի ցեղէն (Ծնն. 49:10). Դաւիթի սերունդէն (Ես 9:7). կուսական ծնունդ պիտի ունենար (Ես. 7:14). Բեթղեհէմ պիտի ծնի (Միք. 5:2). եւ անոր ծնունդը պիտի յայտնուի հրաշալի աստղով մը (Թուոց 24:17)... եւ տակաւին շատ մը այլ մարգարէութիւններ: Տիեզերքը, բնութիւնը եւ պատմութիւնը ենթակայ են ԱՄԵՆԱԿԱԼ Տիրոջ:
Այս բոլորը կարդալն ու գիտնալը կրնայ լաւ ըլլալ, սակայն ինչ պիտի ըլլայ մեր կեցուածքը այս բոլորին դիմաց: Այն Աստուածը, որու երկինքն ու երկիրը կը պաշտեն, հաճեցաւ մարդանալ եւ մեր մէջ բնակիլ: Ինչո՞ւ... Որովհետեւ մարդ արարածը այնպէս մը կորսնցուցած էր իր կեանքի իմաստը, որ ոչ մէկ ձեւով կարելի էր զայն վերագտնել: Մարդը կորսնցուցած էր իր ինքնութիւնը, կեանքի պատճառն ու նպատակը: «Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մարդը աստուածանայ» Ս. Իգնատիոս պիտի ըսէր իր «Մարդեղացման Մասին» գրքին մէջ: Աստուած , որպէսզի որպէս զաւակներ ստեղծեց մարդը: Երբ մեղքը մտաւ անոր կեանքէն ներս, ան կորսնցուց իր որդեգրութիւնը: Քրիստոս մարդացաւ որպէսզի մեզ կրկին Աստուծոյ որդիներ դարձնէ: Քրիստոս Աստուծոյ Միածին Որդին է, եւ մենք որդիներ եղանք որմագրութեամբ:
Առաջին քրիստոնեաները այնքան հասկցած էին այս իրականութիւնը, որ իրենցմէ իւրաքանչիւրը կ'ապրէր որպէս ապրող եւ շնչող քրիստոս մը: Այդ պատճառով, երբ մարդիկ ուզեցին զիրենք անուանել, զանոնք «Քրիստոնեաներ» կոչեցին: Որովհետեւ ոչ թէ իրենք, այլ Քրիստոս կ'ապրէ իրենց մէջ: Մինչեւ այսօր աշխարհ մեզ կը ճանցայ որպէս քրիստոնեաներ:
Եթէ մեր ներկայ վիճակին նային եւ քննենք մեր ապրելակերպը, ինչպէ՞ս կարելի է արդարացնել մեր քրիստոնեայ կոչումը: Մատթէոս աւետարանիչ կը գրէ՝ « Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ» (Մտթ. 22:37): Հետեւաբար բաւարար չէ Աստուծոյ մասին գիտնանք միայն մեր մտքերով: Այլ պէտք է զԻնք մեր սրտերուն մէջ առնել մինչեւ որ Ան դառնայ մեր հոգիին էութիւնը եւ ապրելակերպը ճշդողը: Երբ Ֆրանսայի թագաւորին դեսպանը այցելեց Լիբանանի մարունիթ Պատրիարքը՝ Երանելի Ստեֆան Տուէհին եւ տեսաւ անոր եւ իր վանականներու ապրելակերպը զարմացաւ: Երանելին տեսնելով դեսպանի զարմանքը ըսաւ՝ « մեր հոգեւորականներ բարեպաշտ մարդիկ են: Անոնց համար քրիստոնէութիւնը կեանք է, եւ ոչ թէ մտային գաղափարներ»: Որքան պէտք ունինք այսօր հետեւելու Լիբանանի մեծ պատրիարքին, որուն համար կ'ըսուի՝ « Արեւելքի Փարոսը»:
Սիրելիներ,
Թող Յիսուս մանուկը, որու ծնունդը պիտի տօնենք, մեր սրտերուն մէջ ծնի: Որպէսզի ան ըլլայ մեր կեանքի «Այբ»ը եւ «ֆէ»ն: Իրմով եւ իրէն համար ապրինք: Մինչեւ որ ամբողջովին որդիական պատկերը մեր մէջ կազմուի եւ արժանի ըլլանք քրիստոնեայ կոչուելու: Այն ժամանակ պիտի գտնենք մեր փրկութիւնը եւ պիտի ըլլանք յաղթական, ինչպէս Ինքը՝
Քրիստոս յաղթեց աշխարհին:
Քրիստոս Ծնաւ ... Մեծ աւետիս աշխարհի:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ