Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (12)

Մխիթար սարկաւագ կը մեկնի Սեւանի վանքէն դէպի Բասեն - Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

 Մ­ԽԻ­ԹԱՐ ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱ­ԳԻ ԿՐԱԾ ՓՈՐ­ՁՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐԸ ԵՒ ԲԱ­ՐԻ ՀԱՄ­ԲԱ­ՒԸ ԲԱ­ՍԵ­ՆԻ ՄԷՋ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

­Բա­սեն գա­ւա­ռի գիւ­ղե­րէն մէ­կուն մէջ այ­րի կին մը կար որ մէկ հա­տիկ աղ­ջիկ մը ու­նէր։ Տես­նե­լով տաս­նըեօթա­մեայ Մխի­թար սար­կա­ւա­գը՝ ու­շիմ, առոյգ եւ վայել­չա­դէմ, կը մտա­ծէ անոր կնու­թեան տալ իր աղ­ջի­կը։ Սա­կայն ամչ­նա­լով ան­ձամբ առա­ջար­կել՝ իր ազ­գա­կան­նե­րէն կը խնդ­րէ որ միջ­նոր­դեն, խոս­տա­նա­լով որ եթէ Մխի­թար հա­մա­ձայ­նէր ամուս­նա­նալ իր աղջ­կան հետ՝ բո­լոր ու­նե­ցուած­քը անոր պիտի տար։ Մխի­թար որո­շած էր ամ­բող­ջո­վին Աս­տու­ծոյ նուի­րուիլ եւ կը պատ­րաս­տուէր կու­սակ­րօն քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուե­լու, ուս­տի վճ­ռա­կամ կը մեր­ժէ առա­ջար­կը եւ այն­պէս միջ­նորդ կի­նե­րը ամօ­թա­հար կը վե­րա­դառ­նան այ­րի կնոջ մօտ։

            ­Վար­քա­գի­րը շատ քօ­ղար­կուած ձե­ւով, եր­կու տո­ղով կը յի­շէ նաեւ թէ ու­րիշ կին մը «գէշ խօս­քե­րով» փոր­ձու­թեան կ՚են­թար­կէ Մխի­թար սար­կա­ւա­գը, որ «Ք­րիս­տո­սի շնորհ­քով յաղ­թեց անոր եւ զերծ մնաց ամէն վտան­գէ» կը գրէ Հ. Մատ­թէոս Եւ­դո­կիացի։ Թէ ի՛նչ բա­նի կ՚ակ­նար­կէ՝ կա­րե­լի չէ կռա­հել։

­            Այդ օրե­րուն Պա­րոն Տէ­րը՝ իշ­խող թե­մա­կալ եպիս­կո­պո­սը հրա­հանգ կը ստա­նայ Կա­թո­ղի­կո­սէն, Ուխ­տիք (այ­սօր Օլ­թի) եւ Նա­րիմ (այ­սօր Նար­ման) գա­ւա­ռակ­նե­րը շր­ջե­լու նուի­րա­կու­թեամբ, դրա­մա­հա­ւաք կա­տա­րե­լու հա­մար Էջ­միած­նի կա­րիք­նե­րուն հա­մար։ Մել­քի­սէթ եպիս­կո­պո­սը իր հետ կ՚առ­նէ Մխի­թար սար­կա­ւա­գը որ­պէս օգ­նա­կան եւ շատ ան­գամ տար­բեր եկե­ղե­ցի­նե­րու մէջ իրեն կը յանձ­նէ ժո­ղո­վուր­դին դի­մաց Յայս­մա­ւուր­քէն կար­դալ եւ բա­ցատ­րել, նոյ­նիսկ քա­րո­զել։ Ժո­ղո­վուր­դը հիաց­մուն­քով կը լսէր Մխի­թա­րի եւ իրենց ծա­րաւ ու պա­պա­կած սիր­տը կը զո­վա­նար հո­գե­ւոր խօս­քե­րու քաղցր ցօ­ղով։ Ամէ­նուր հիացած կը մնան Մխի­թա­րի հմ­տու­թեամբ եւ քա­րոզ­նե­րու քաղց­րա­լուր ոճով, այն­պէս որ շա­տե­րու բեր­նին էր որ տա­րի­քը հաս­նե­լուն՝ ձեռ­նադ­րուէր եւ իրենց գա­ւա­ռի առաջ­նոր­դը դառ­նար։

            Մ­խի­թա­րի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով եւ համ­բա­ւի տա­րա­ծու­մով բա­ցար­ձա­կօ­րէն չէր խռո­վեր եւ չէր նա­խան­ձեր Մե­լքի­սէթ եպիս­կո­պո­սը, մա­նա­ւանդ թէ միշտ բա­րե­միտ՝ կ՚ու­րա­խա­նար անոր գո­վեստ­նե­րը լսե­լով եւ կը հր­ճուէր Մխի­թա­րի հմ­տու­թեամբ։

­            Այ­նու­հե­տեւ Մխի­թար հա­մար­ձակ կը քա­րո­զէր աւե­տա­րա­նա­կան ճշ­մար­տու­թիւն­նե­րը սուրբ գրային վկա­յու­թիւն­նե­րով կը զգու­շաց­նէր ժո­ղո­վուր­դը հե­ռու մնալ մո­լո­րու­թիւն­նե­րէ եւ չար սո­վո­րու­թիւն­նե­րէ, եւ այս բո­լո­րը ոչ միայն խօս­քով կը սոր­վեց­նէր, այլ ան­ձամբ օրի­նակ կը դառ­նար վար­քու­բար­քով թէ՛ սո­վո­րա­կան հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն եւ թէ՛ այն երե­խա­նե­րուն որ վանք եկած էին կր­թու­թիւն ստա­նա­լու հա­մար եւ որոնց դաս­տիարա­կու­թեամբ կը զբա­ղէր։ Եր­բեք իր երի­տա­սարդ տա­րի­քի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով շլա­ցած չտ­րուե­ցաւ հպար­տու­թեան, ամ­բար­տա­ւա­նու­թեան եւ կամ ինք­նա­հա­ճու­թեան ու ինք­նա­հա­ւա­նու­թեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2024, 07:36