Որոնել

Սուրիա Սուրիա  (AFP or licensors)

Հալէպի քաղաքացիները կը շարունակեն պայքարիլ իրենց գոյատեւման համար

Դամասկոսի մէջ Պապական Նուիրակ կարդինալ Զէնարին կոչ ուղղեց պաշտպանելու Սուիրոյ ժողովուրդը յայտնելով, որ միջազգային ընտանիքը յաճախ շատ ուշ կը միջամտէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հալէպի մէջ Սուրբ Երկրի Ֆրանչիսկեաններու վարժարանը ենթարկուեցաւ Ռուսական յարձակումին, որ վնաս պատճառելց շէնքին, բայց բարեբախտաբար ներկաներուն մէջ զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար, Անթոնիօ Թահանի մտահոգութիւն յայտնեց ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ, կոչ ընելով հակամարտութիւններուն մէջ ներգրաւուած կողմերուն՝ պաշտպանելու բնակչութիւնը ապահովուելով նաեւ երկրի մէջ գտնուող Իտալացիներուն օգնութիւնը։

Սուրբ Երկրի պահակ, Հայր Ֆրանչէսքօ Փաթոն, հաստատեց որ ժողովրդապետութեան քահանաներն ու հաւատացեալները ապահով վիճակի մէջ են տեղեկացնելով նաեւ, որ Հալէպի ժողովուրդը կ՝ապրի լարուած եւ վախի մթնոլորտի մէջ։ Սուրբ Երկրի պահակը հրաւիրեց աղօթելու Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան համար, շեշտելով յոյսը վառ պահելու կարեւորութիւնը՝ աւելի լաւ ապագային համար։

Նշենք, որ Սուրիոյ իրավիճակը կրկին սկսաւ արագօրէն վատթարանալու, քանի որ Հալէպը՝ երկրի պատմական քաղաքներէն մէկը այժմ կը գտնուի խումբ մը ժիհատիսթներու վերահսկողութեան տակ, 2012-ին, հակամարտութիւնը սկսելէ ետք առաջին անգամը։ Այս փոփոխութիւնը յանգեցուց բռնութեան աճումին, մի քանի օրուան մէջ արձանագրելով աւելի քան 300 զոհեր եւ 15000 գաղթականներ։

Դամասկոսի մէջ Պապական նուիրակ, Կարդինալ Մարիօ Զէնարին կոչ ուղղեց պաշտպանելու Սուրիոյ ժողովուրդը ու ընդգծեց հակամարտութիւնները կանխելու անհրաժեշտութիւնը նախքան, որ անոնք պայթին, դիտել տալով որ միջազգային ընտանիքը յաճախ շատ ուշ կը միջամտէ։ Կարդինալ Զէնարին մտահոգութիւն յայտնեց բազմաթիւ Սուրիացիներուն դէպի Եւրոպա գաղթելու գծով, մասնաւորապէս երիտասարդները, որոնք այդ մէկը գտնեն երկիրը ձգելու որպէս միակ ուղի։

Բռնութեան եւ հակամարտութեան այս մթնոլորտին մէջ Սուրիոյ ժողովուրդը կ՝ապրի մեծ վախի մէջ, ռմբակոծութիւններն ու յարձակումները դժուարացնելով երկրի առօրեայ կեանքը։ Տեւական խաղաղութեան յոյսը հեռու կը թուի եւ Հալէպի քաղաքացիները կը շարունակեն պայքարիլ իրենց գոյատեւման համար՝ աւելի անկայուն միջավայրին մէջ, ըսաւ Դամասկոսի Պապական նուիրակը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2024, 12:37