Որոնել

Սանդա Մարիա ին Թրասթեվերէ հրապարակը Սանդա Մարիա ին Թրասթեվերէ հրապարակը   (Copyright (c) 2011 grafalex/Shutterstock. No use without permission.)

Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան աղօթքի հսկումը աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար

Աղօթքը` որ տեղի կ՛ունենայ 10 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6.15 անց Հռոմի Թրասթեվերէ պատմական թաղամասի մէջ գտնուող Սանթա Մարիա ին Թրասթեվերէ Տիրամօր նուիրուած Եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ նուիրուած է հակամարտութիւններու թիրախ ժողովուրդներուն պաշտպանութիւն հայցելու համար, բոլոր պատերազմներու աւարտը խնդրելու ու հիւլէական ռումբի սպառնալիքը վերացնելու համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 10 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6.15 անց Հռոմի Թրասթեվերէ պատմական թաղամասի մէջ գտնուող Սանթա Մարիա ին Թրասթեվերէ Տիրամօր նուիրուած Եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութիւնը կազմակերպած է աղօթքի հսկում մը` զոր պիտի գլխաւորէ Պեոլոնիա Քաղաքի Արքեպիսկոպոս եւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին։

Աղօթքը` նուիրուած է հակամարտութիւններու թիրախ ժողովուրդներուն պաշտպանութիւն հայցելու համար, բոլոր պատերազմներու աւարտը խնդրելու ու հիւլէական ռումբի սպառնալիքը վերացնելու համար։

Ընթացող պատերազմները` որոնք արդեն պատճառեցին անասելի տառապանք ու անհամար անմեղ քաղաքացիներու մահը, հասած են այնպիսի վտանգաւոր դրութեան ուր վտանգուած է համայն մարդկային ընտանիքին փրկութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապը այս մէկը կը կրկնէ գրեթէ ամէն օր Միջազգային հասարակութիւնէն պահանջելով` որ վերջ դրուի պատերազմներուն ու բոլորը յանձնառու ըլլան ի սպաս խաղաղութեան։.

«Մեր աշխարհը - յիշեցուց վերջերս Ան - բաժանուած և յօշոտուած է ատելութեամբ, լարուածութեամբ, պատերազմներով և միջուկային հակամարտութեան սպառնալիքներով: Այս իրավիճակը մեզ` խաղաղութեան Աստուծոյ հաւատացողներուս, կը մղէ աղօթելու և աշխատելու երկխօսութեան, հաշտութեան, անվտանգութեան և ողջ մարդկութեան համապարփակ զարգացման համար: Յանձնառութիւնը, որ մենք կարող ենք միասին դրսևորել յանուն խաղաղութեան, մեզ հաւատալի կը դարձնէ աշխարհի և յատկապէս նոր սերունդներու աչքերուն»:

Ահա այս կոչին համապատասխանելով է որ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութիւնը կազմակերպած է վերոնշեալ աղօթքի երեկոն որ բաց է բոլորին համար եւ կ՛ուզէ տարբեր մակարդակներու վրայ վերարծարծել անհրաժեշտ զօրահաւաք մը վերջ դնելու համար հակամարտութիւններուն որպէսզի «ապագայ տրուի անոնց որոնք զայն կորսնցուցին բռնութեան ու զէնքերու միջոցաւ, ու հակազդելու համար պատերազմի գաղափարին որպէս ժողովուրդներու միջեւ հարցերու լուծումներու միջոց»։

Հսկումին կարելի է հետեւիլ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան https://www.santegidio.org/ կայքէջի միջոցաւ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2024, 09:56