ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (10)
ՄԽԻԹԱՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԲԱՍԵՆԻ ՎԱՆՔԻ ԼՈՒՍԱՐԱՐ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉ
Մխիթար Բասենի վանքը կը հաստատուի 1692ի Մայիսի վերջերը։ Մելքիսէթ եպիսկոպոսը, Բասենի վանքի առաջնորդը, Մխիթարի կը յանձնէ ոչ միայն լուսարարի պաշտօնը այլ նաեւ աշակերտներու դաստիարակութիւնը։ Մխիթար պարտաճանաչութեամբ կը նուիրուի իր պաշտօնին, ընթերցումի եւ աղօթքի։
Կարինի առաջնորդ Աւետիք եպիսկոպոսը Մխիթար սարկաւագին ի զուր սպասելէ ետք մարդ կը ղրկէ Բասենի վանք՝ համոզելով կամ սպառնալիքով զինք բերելու համար, սակայն Մխիթար անտեղիտալի կը մնայ իր որոշումին մէջ։ Վարքագիրը կը նշէ որ Աւետիքէն աւելի զօրաւոր էր Մելքիսէթ եպիսկոպոսը եւ Կորդուաց գաւառէն իր ազգակիցներէն շատերը բերած էր իր մօտ բնակելու, որոնք իր թիկունքին կանգնած էին։ Ուստի Աւետիք եպիսկոպոսը ձեռնպահ կը մնայ միջամտելէ։
Այս տարիներու պատմութիւնն ուսումնասիրելով կը տեսնենք թէ եկեղեցական աթոռներու տիրանալու համար՝ հայ ազգաբնակչութեան մէջ որքան խռովութիւններ, հալածանքներ, մատնութիւններ եւ սպանութիւններ կազմակերպուած են հայաշատ տարբեր քաղաքներու մէջ։ Այս տարաբնոյթ երկպառակութիւններու շարքին, Կոստանդնուպոլսոյ անվերջ վէճերէն մէկու մը ընթացքին, 1684ին լատիններուն յարող խմբակին առաջին անգամ ըլլալով ֆրանկ եւ կաթոլիկ կ՚անուանեն։ Ասոնց պարագլուխը Սարգիս Եւդոկիացի անունով եպիսկոպոս մըն էր, որ քանի մը տարի ետք, 1714ին, երբ պայքարը ծայրայեղ ատելութեան կը հասնի եւ բանտարկուելով մահուան դուռը կը հասնի, հաւատքը ուրանալով կ՚իսլամանայ։
Երբ Մխիթար սարկաւագ 1692ին կը հասնի Կարին, քաղաքը արդէն մէկ տարի է որ խռովութիւններու մէջ էր եւ Աւետիք եպիսկոպոսը բուռն կերպով կը հալածէր անոնք որ Քրիստոսի մէջ երկու բնութիւն կը դաւանէին եւ կ՚ընդունէին Քաղկեդոնի Ժողովը եւ Լեւոն պապը։
Մխիթար այս հարցերու մասին կը սկսի պրպտել լաւագոյն կերպով տեղեկանալու համար եւ օր մը աբեղայէ մը կ՚իմանայ որ վարդապետ մը ըսած էր թէ վանքի եկեղեցւոյ մեծ Ճառընտիրին մէջ Քաղկեդոնի ժողովին մասին գրուած կայ. կը վազէ եկեղեցի եւ տեսնելով հաստափոր մատեանը՝ առանց ցուցակի եւ բովանդակութեան տեղեկութեան, կը ծնրադրէ Աստուածամօր պատկերին դիմաց եւ Տիրամօր օգնութիւնը կը խնդրէ։ Մօտենալով մատեանին՝ առաջին բացած էջին վրայ կը կարդայ. «Պատմութիւն սրբոյ Ժողովոյն Քաղկեդոնի որ գումարեցաւ հրամանաւ սրբոյն Լեւոնի Հռովմայ հայրապետին՝ ընդդէմ Եւտիքեայ եւ Դէոսկորոսի» եւայլն։ Օրեր շարունակ Մխիթար ուշի ուշով կ՚ուսումնասիրէ եւ կրկին ու կրկին անգամ կը կարդայ այդ Ճառընտիրը եւ քաղուածաբար օրինակելով՝ օգտակար հատուածներէն հատընտիր մը կը կազմէ։ Նպատակն էր խնդիրին լաւ ծանօթանալ, խորը թափանցել եւ հիմնաւոր կերպով ճշմարտութիւնը յայտնաբերել։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ