Հայր Ֆապիօ Աթթարտ` Սալեզեան միաբանութեան նոր մեծաւոր
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Յովհաննէս Պոսքոյի որպէս 11րդ յաջորդ Հայր Ֆապիօ Աթթարտը պիտի կառավարէ աշխարհի ամենամեծ երկրորդ միաբանութիւնը, որ ունի 13.750 միաբանակիցներ, որոնք ներկայ են աշխարհի 136 երկիրներու մէջ։ Նոր մեծաւորը ընտրուեցաւ Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տէ Սալեսի ընկերութեան ընդհանուր 29-րդ ժողովի ընթացքին։
Ան ծնած է 23 Մարտ 1959 Մալթայի Կոծօ կղզիին վրայ ուր նաեւ յաճախած է տեղւոյն նորընծայարանը։ 1980ին Ան Սալեզեան միաբանութեան անդամակցելուն ուխտերը կը կատարէ ու կը նուիրուի Աստուածաբանութեան ուսմունքներուն։ 4 Յուլիս 1987-ին Քահանայ կը ձեռնադրուի առաքելութեամբ նուիրուելով հովուական խնամքի և ակադեմիական հետազօտութիւններու:
Ունենալով առաքելական հոգի ան մաս կը կազմէ միսիոնարներու խումբի մը` որ Թունիզի մէջ կը հիմնէ միաբանութեան առաջին կեդրոնը 1988-1991 թուականներուն ապա Մալթա վերադառնալով կը ստանձնէ Սալեզեան դպրոցի պատասխանատուութիւնը։ Շնորհիւ իր ուսմունքներուն ան անդամ կը դառնայ նաեւ Սալեզեան Քահանայապետական համալսարանի ուսուցչական կազմին եւ 2008ին կ՛ ընտրուի Միաբանութեան Երիտասարդներու հովուական խնամատարութեան ընդհանուր խորհրդատու, պաշտօն որ կը վարէ մինչեւ 2020 թուական։
Ֆրանչիսկոս Պապը 2018 թուականին զինք կը նշանակէ Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի վերատեսչութեան խորհրդատու։
Հայր Ֆապիօ Աթթարտի ընտրութիւնը Սալեզեան միաբանութեան համար կը ներկայացնէ նոր արշալոյս մը, շարունակելու համար Տոն Պոսքոյին առաքելութիւնը` այն է ըլլալ Աստուծոյ սիրոյն կրողներն ու վկաները երիտասարդներուն համար ու յատկապէս աւելիով դիւրաբեկներուն ու կարիքաւորներուն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ