Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Messa di Requiem - Confitebor - Sinfonia Dante
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
2022.09.28 Annunciazione

Եկեղեցական գիտելիքներ Դ. Շաբաթ Քառասնորդաց – Տնտէսի Շաբաթ (23_30 մարտ 2025)

Երեքշաբթի 25 Մարտին Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի Աւետման տօնն է:
Ունկնդրէ լուրը

Քառասնորդաց չորրորդ շաբաթը անհաւատարիմ տնտեսի նուիրուած շաբաթն է. Յիսուս բնաւ չէր խօսած այս ձեւով, քաջալերելով նմանելու անհաւատարիմ եւ կաշառակեր մէկու մը. Բայց իր քարոզութիւնը կը հասկնանք եթէ դիտենք իր նպատակը. Ան կ՛ուզէ որ իրեն հետեւող անձերը նոյնքան ճարպիկ գտնուին հոգեւոր կեանքի եւ բարիքներու ստացման մէջ, որքան աշխարհականները հոգ կը տանին մարմնաւոր շահերու նկատմամբ։

Մենք Յիսուսի խօսքերը կը վերլուծենք այս ուղղութեամբ։

Իսկ միեւնոյն առակի վերջաւորութեան, Յիսուս աւելի յստակ կերպով կը խօսի, առաջքը առնելու համար ամէն տեսակի շփոթութեան. Կարելի չէ երկու տէրերու ծառայել, ամէն մարդ պարտի ընտրութիւն մը ընել. Կամ Աստուած, կամ Մամմոնան, այսինքն դրամը, նիւթը, այն ինչ որ մեզ կը կապէ մարմնաւոր աշխարհի։

Սկզբունքի հարցի կը վերածուի մեր ամէն մէկ որոշումը. Որովհետեւ կեանքի ամէն մէկ վայրկեանին, ենթակայ ենք այս երկընտրանքին. Չենք կրնար միեւնոյն ատեն հաճելի ըլլալ Աստուծոյ, անոր կամքը կատարել եւ մեր սեփական հաճոյքներուն ու ցանկութիւններուն ենթարկուիլ, մեր ուզածը ընել, առանց կարեւորութիւն տալու Տիրոջ պատգամներուն ու մեզի տուած պատուիրաններուն։

Երեքշաբթի  25  Մարտին  Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի Աւետման տօնն է: 

Աւետում կը նշանակէ բարի լուր:  Մինչ Մարիամ կ՛աղօթէր,  Գաբրիէլ հրեշտակը կ՛ողջունէ և կ՛աւետէ որ Ս. Հոգւոյն զօրութեամբ պիտի յղանայ և  պիտի ծնի Աստուածորդին՝ մարդկութեան փրկիչը:  Մարիամի պատասխանը կ՛ըլլայ.  ՜՜ Ես Տիրոջ աղախինն եմ, թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն: 

Չորեքշաբթի  26 Մարտին, հայ տօնացոյցի համաձայն Միջինք է՝ Մեծ Պահքի  կէս ժամանակաշրջանը նուաճած ըլլալուն աւետումն է, կրօնական տօն մը չէ այլ պարզապէս ժողովրդական համախմբումի առիթ մը:  

Շաբաթ 29 Մարտին` տօնն է  Սեբաստիոյ քառասուն մանկանց: Մանուկ ըսելով կը հասկնանք երիտասարդներ՝ որոնք մաս կը կազմէին Հռոմի կայսերական բանակին լէգէոններուն և ամէնքն ալ հայ էին:  Իրենց քրիստոնեայ հաւատքին համար անոնք նետուեցան ձմեռ ատեն,  Սեբաստիոյ սառած լճին մէջ և նահատակուեցան:  Իրենց աճիւններուն գիւտը եղաւ 316 թուականին: 

Կիրակի 30 Մարտը` Քառասնորդաց Ե. Կիրակին է կը կոչուի նաեւ՝ Դատաւորի կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2025, 08:06
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031