Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Հայերէն Հաղորդում
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (42)

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կիլիկեան շրջանին Մաշտոցի զարգացման:

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կիլիկեան շրջանին Մաշտոցի զարգացման:

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

ԺԲ. դարուն, Հայութիւնը մշակութային այնպիսի վերելք մը ապրեցաւ, որ Արծաթէ դար կոչուեցաւ: Հայկական Կիլիկեան թագաւորութիւնը կը յատկանշուի իր մշակութային և կրօնական կեանքի յառաջդիմութեամբ: Նորանոր վանքեր հիմնուեցան, ուր հոգեւոր և կրթական կեանքը մեծ զարգացում արձանագրեց: Արդարեւ, Կիլիկեան արքունիքին մէջ, մեծ շքեղութեամբ և հանդիսաւորութեամբ կը կատարուէին բոլոր ծէսերը, յատկապէս սուրբ Պատարագն ու Եկեղեցւոյ գլխաւոր խորհուրդները:

Այդ օրերուն, Հայ Եկեղեցւոյ Հայրապետներու կարգին՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի իր մասնացութիւնը բերած է Հայ ծիսարանի բարեկարգման ուղղութեամբ և Եկեղեցւոյ կարգերուն բազմաթիւ ուղղումներ կատարած է, զոր առանձին հաղորդումով պիտի ներկայացնենք: Ներսէս Շնորհալիի օգնականն ու տեղակալը՝ Գրիգոր Դ. Տղայ (1133թ.), որ «Տղայ» մականունն ստացած է իբրեւ կաթողիկոսի որդեգիր, Հոմկլայի կաթողիկոսարանին մէջ մեծնալու և ապրելու պատճառով, Հայաստանի զանազան վայրերէն արժէքաւոր ձեռագիրներ հաւաքած է Կիլիկիայի վարդապետարաններու և դպրատուներու գրադարանները հարստացնելու նպատակով։ Ան կաթողիկոս կը դառնայ 1173-1193թթ.։

1190 թուին, Ներսէս Լամբրոնացիի ձեռքով՝ լատինական ծիսարանը կը թարգմանուի հայերէնի: Ներսէս Լամբրոնացին կը բարեկարգէ Ջրհորի օրհնութեան և այդ խումբին պատկանող կանոնները: Լամբրոնացիէն մեզի հասած է նաեւ Խորհրդածութիւն ի կարգս Եկեղեցւոյ և մեկնութիւն պատարագի անուն երկը, ուր կը յայտնէ ծրագրած նորութիւնները աւանդական ծէսերուն և մասնաւորաբար Ս. Պատարագի մատուցման ու եղանակին մասին, ինչպէս նաեւ ներբողներ գրած է, որ եզակի արժէք ունին իրենց տեսակին մէջ: Յիշատակութեան արժանի է թէ Լամբրոնացին նպաստած է նաեւ գրագիտութեան զարգացման, հօրմէն ժառանգած նիւթական միջոցներով օժանդակած է դպրոցներուն, գրադարաններուն, գրչատուներուն, երեսուն հազար ոսկի դահեկան նուիրաբերած է ձեռագիրներու գնման, ընդօրինակման, վանքերու, եկեղեցիներու ու այլ կարիքներու։ Պատուիրած կամ անձամբ ընդօրինակած է բազմաթիւ հին հայկական ձեռագիրներ, որոնց մէկ մասը հասած է մեզի։ 1186 թուին, Գրիգոր Դ. Կաթողիկոսի հրամանով՝ Ներսէս Լամբրոնացին թարգմանած է «զգիրս կարգաց եկեղեցւոյ Հռովմայ»: Ան Լեւոն Բ.ի թագադրութեան ի պատրաստութիւն, լատին բնագրէն թարգմանած է նաեւ թագաւորօրհնէքի կանոնը: Ան պատրաստած է նաեւ ջրօրհնէքի կանոնը, որ կը գտնուի Մաշտոցներէն ոմանց մէջ: Հետագային 1340-ին, Սիսի Հայրապետանոցին մէջ Լամբրոնացիի թարգմանութիւնը խառնելով հայկական աւանդական ծիսարանին՝ խառնամաշտոց մը յառաջ եկաւ, որ ունէր ուղիղ 103 կանոն: Այս վերջինը «Սսեցւոց» Մաշտոց կոչուեցաւ: Սական այս Մաշտոցի օրինակներէն տարբեր կանոններ անցած են ԺԴ. և յաջորդ դարերու որոշ Մաշտոցներու մէջ և իրենց ազդեցութիւնը կրած է ամբողջ ծիսարանը: Սսոյ Մաշտոցը կը բովանդակէ ի միջի այլոց՝ եպիսկոպոսական եւ կաթողիկոսական ձեռնադրութեանց, ինչպէս նաեւ թագաւորօրհնէքի կանոնները: Նոյնպէս, Սսեցւոց Մաշտոցներուն մէջ կը գտնուին կանոնք օրհնութեան պատկերաց առանձինն Փրկչին, Աստուածածնի, սրբոց, եւ այլն, յորս Լատինացմէ եւս առնուած են աղօթքներ: Այն ատեն Մաշտոցին մէջ կը մուծուի՝ «Կանոն նաւօրհնեաց», որ Կիլիկիայի համար որպէս ծովեզերեայ երկիր հարկաւոր էր:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2025, 07:29
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031