Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
TOPSHOT-PALESTINIAN-ISRAEL-CONFLICT

Կազայի մէջ սպաննուած երեխաներու թիւը տպաւորիչ է․ Հայր Իպրահիմ Ֆալթաս

Սուրբ Երկրի Պահակութեան Փոխանորդը պատմած է Կազայի Հատուածի անչափահասներու չափէն աւելի մահերու մասին. Չարիք գործելու անընդունակ անմեղներու սպանութիւնը բիծ մըն է, որ կարելի պիտի չըլլայ ջնջել մարդկութեան պատմութենէն։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Կազայի մէջ պատերազմի վերսկսումը այս ժամերուն կը բնութագրուի սպաննուած անչափահասներու մեծ թիւով։ Այս ողբերգութեան մասին Վատիկան Նիուզը հարցազրոյց ունեցաւ Սուրբ Երկրի Պահակութեան Փոխանորդ Հայր Իպրահիմ Ֆալթասին հետ, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր պարտաւորութիւն ստանձնած է աջակցիլ եւ ապաստան տրամադրել Կազայի մանուկներուն։

Ծանր հետեւանքներ՝ յատկապէս մանուկներու համար

Կազայի պատերազմի հետեւանքները շատ ծանր են մանուկներուն համար,․ հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր սպաննուած են շուրջ 15․613 երեխաներ, վիրաւորուած՝ 33․900ը, որբ մնացած՝ 20,000ը։ Այս տագնապալի թիւերու մասին խօսեցաւ Հայր Ֆալթասը, որոնց վրայ, ըստ անոր կ’ազդէ այն հանգամանքը, որ ընտանիքները մեծ են, իսկ բնակչութիւնը՝ երիտասարդ։ Մինչ իրավիճակը առ աւելիով կը սրուի մարդասիրական օգնութեան առաքման դժուարութեան բերումով եւ կամաւորներու պակասի հետեւանքով։

Իտալիայի կառավարութեան հետ համագործակցութիւնը

Երուսաղեմի Պահակութեան Փոխանորդը պատմեց նաեւ, որ համագործակցած է Իտալիայի կառավարութեան հետ, որուն ծիրէն ներս աւելի քան 200 վիրաւոր մանուկներ տեղափոխուած են իտալական հիւանդանոցներ եւ յոյս յայտնեց, որ եւրոպական այլ երկիրներ հետեւին այդ օրինակին՝ ընդունելով միաժամանակ երեխաներուն Կազայի հատուածէն դուրս բերելու դժուարութիւնները։

«Հրադադարը եւ պատերազմի աւարտը կարող են փրկել մանուկներուն կեանքը, որոնք առանց այդ ալ վիրաւոր ու տուժած են», հաստատեց Հայր Ֆալթասը։

Ան ապա կիսեց բուժում ստացած մանուկներու յուզիչ փորձառութիւնները ու նախաձեռնութիւնները՝ անոնց շարքին «Ժպիտ նախագիծ»ը՝ որբացած պաղեստինցի երեխաներուն որդեգրման ի նպաստ, եւ այս առումով կոչ ըրաւ ընտանիքներուն հնարաւորութիւններ ստեղծել զանոնք ընդունելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապի քաջալերանքը

Հայր Իպրահիմը ներկայացուց այդ հարցի վերաբերեալ Ֆրանչիսկոս Պապի հետ ունեցած զրոյցները՝ ընդգծելով, որ ստացած է Անոր քաջալերանքը ի նպաստ մանուկներուն իրականացուող նախագիծերուն համար՝ մասնաւորապէս այնպիսի նախագիծերու, որոնք կը հային խաղաղութեան դաստիարակութեան՝ աւելցնելով․«Սրբազան Հայրը շատ կը մտածէ գալիք սերունդներու մասին, Ան իր հետաքրքրութիւնը մանուկներու աճի ու զարգացման նկատմամբ կը փոխանցէ զգօն ու արդար հօր տեսլականով»։

Քիչ յուսադրող լուրեր Կազայէն

Պատերազմի բուռն եւ յանկարծակի վերսկսումը այս անգամ նկատի չառաւ ոչ Ռամատանը եւ ոչ Մեծ Պահքը, ժամանակաշրջան, երբ մարդիկ միշտ յարգած են մէկը միւսին ծէսերը, պատարագներն ու աւանդոյթները: «Աւելին՝ մահուան ու աւերածութիւններու մասին լուրերն այս օրերուն աւելի աղեկէզ են», շեշտեց միշտ Հայր Ֆալթասը։

Կոչ՝ միջազգային հանրութեան

Ան ի վերջոյ յորդորեց միջազգային հանրութեան աջակցելու՝ ի սպաս երեխաներուն եւ ընտանիքներուն իրենց աշխատանքին, եւ կոչ ըրաւ աւելի մեծ առատաձեռնութիւն ցուցաբերելու Սուրբ Երկրին, Աւագ Ուրբաթի առթիւ իրականացուող Դրամահաւաքի ընթացքին:

Հայցելով Բեթղեհէմի Սուրբ Մանուկի պաշտպանութիւնը, Հայր Ֆալթաս յոյս յայտնեց, որ աղօթքներն ու աջակցութիւնը նպաստեն աշխարհի երեխաներու խաղաղ ապագային:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2025, 08:00
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031