Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Հայերէն Հաղորդում
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
Անիրաւ տնտէսը Անիրաւ տնտէսը 

Տնտեսի Կիրակին (Ղուկ. 16, 1 - 13) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

Այս Կիրակին սիրելիներ բոլորիս կը յիշեցնէ որ րարբեր մակարդակներով, կարողականութեամբ, պաշտօններով, ամէնքս ալ Աստուծոյ կողմէ տնտեսներ կարգուած ենք.... Հաւատարմօրէն ամբողջացնենք մեր առաքելութիւնը։ Եւ եթէ մարդկային մեր տկարութեանց պատճառաւ ձախողինք եւ լրիւ խաւար վիճակի մատնուինք, միշտ դրական լոյսի շողի ու լուծումի մասին մտածենք, քաջ գիտնալով որ ունինք սիրող, հասկցող, ներող Հայր մը, որ իր Միածին Որդւոյն բարեխօսութեամբ եւ Սուրբ Հոգիով մեզի կը պարգեւէ այն ինչ որ բարին է մեզի համար։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Սիրելի ընթերցող քոյրեր եւ եղբայրներ,

Մեծ Պահոց չորրորդ Կիրակին ծանօթ է Տնտեսի Կիրակի անունով, ի հետեւումն այն առակին, զոր Քրիստոս պատմեց Աշակերտներուն։ Հարուստ մարդ մը տնտես մը՝ գործավար մը ունէր, որուն սխալ ընթացքին մասին լուր կը հասնի իրեն։ Տնտեսը շուտով կը կանչուի հաշուետուութեան, եւ որովհետեւ գիտէր թէ երբ արձակուի պաշտօնէն, որեւէ գործ չի կրնար ընել ոչ ալ մուրալ, շուտով կը կանչէ բոլոր անոնք, որոնք պարտք ունէին կալուածատիրոջ, եւ բացառիկ պատեհութիւն մը կ՚ընծայէ անոնց, որպէսզի զեղչով իրենց պարտքը վճարեն, այն յոյսով որ՝ իր անգործութեան ժամանակ կ՚օգնեն իրեն։ Հարուստ մարդը, երբ կը լսէ անցուդարձը, փոխանակ զայրանալու, կը գովէ զինք։ Յիսուս, եզրակացնելով առակը, կ՛ըսէ․ «Այս աշխարհի մարդիկը իրարու հանդէպ իրենց վարմունքին մէջ աւելի ճարպիկ են քան լոյսի որդիները։ Եւ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք, որպէսզի երբ այս աշխարհէն ելլէք, ձեզ յաւիտենական յարկերու մէջ ընդունին» (Ղկ 16.1-9)։

ի՞նչ կրնանք սորվիլ մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածէն:

Քրիստոս այս առակը երբ պատմեց, կրկնակի պատգամ փոխանցեց իր ունկնդիրներուն մէջէն բոլոր դարերու հաւատացեալներուն։

1. Անոնք, որոնք կեանքի ահաւոր վերիվայրումներուն մէջ ինչ-ինչ պատճառներով մեղանչած, շնորհազրկուած եւ յուսալքուած են, բացարձակապէս պէտք չէ յանձնուին յուսահատութեան, որովհետեւ Աստուծոյ ողորմութեան ձրի պարգեւը անտեսած կ՚ըլլան, կորուստի անդունդէն դուրս գալու յոյսի լարը կը կտրեն, ինչ որ մեծագոյն ցանկութիւնն է Չարին։ Ընդհակառակը, որպէս Աստուծոյ պատկերը՝ պէտք է ապաւինին Աստուծոյ սիրոյն եւ ներողամտութեան, որ միայն ու միայն կեանք եւ ուրախութիւն կը պարգեւէ։

2. Քրիստոս իր առաքելութեան սկիզբը յայտարարեց «երանի՜ աղքատներուն», համաձայն Ղուկաս Աւետարանիչին (Ղկ 7.23), իսկ «երանի հոգիով աղքատներուն», համաձայն Մատթէոս Աւետարանիչին (Մտ 5.3)։ Այլ առիթով, հարուստ երիտասարդ մը, որ ամենայն լրջութեամբ հետաքրքրուած էր Երկնքի արքայութեամբ, անոր համար ըսաւ. «Շատ աւելի դիւրին է որ ուղտը ասեղի ծակէն մտնէ, քան հարուստը՝ Աստուծոյ արքայութիւնը» (Ղկ 18.24-27)։ Այս մէջբերումներուն բացատրութիւնը քարոզի մեր սահմաններէն դուրս է, սակայն ներկայ առակի շրջագծին մէջ կրնանք հետեւեալը ըսել, թէ երբ դրամը, այսպէս կոչուած «անիրաւ մամոնան», երբ բարի նպատակներու համար գործածուի՝ բուժելու եւ ո՛չ վիրաւորելու, շինելու եւ ո՛չ քանդելու, յարաբերութիւններ կամրջելու եւ ո՛չ այրելու, օգնելու եւ ո՛չ տիրապետելու համար, ահա ինքնին կ՚արձագանգէ այն ճշմարտութիւնը, որ արարչագործութիւնը իր բոլոր տարրերով բարի է (Ծն 1.4)։ Եւ նոյնիսկ, եթէ չարաշահուի անոր գործածութիւնը,որովհետեւ բարի նպատակի համար եղած է, կրնայ մեզ առաջնորդել յաւիտենական բարիքներու։

Այս Կիրակին սիրելիներ բոլորիս կը յիշեցնէ որ անխտիր տնտեսներ ենք։ Տարբեր մակարդակներով, կարողականութեամբ, պաշտօններով, ամէնքս ալ Աստուծոյ կողմէ տնտեսներ կարգուած ենք, որպէսզի հոգ տանինք մեր ընտանիքի անդամներուն, աշակերտներուն, հիւանդներուն, գործին, պաշտօնեաներուն, ի մի բան՝ Մայր Բնութեան իր բոլոր տարրերով։ Հաւատարմօրէն ամբողջացնենք մեր առաքելութիւնը։ Եւ եթէ մարդկային մեր տկարութեանց պատճառաւ ձախողինք եւ լրիւ խաւար վիճակի մատնուինք, միշտ դրական լոյսի շողի ու լուծումի մասին մտածենք, քաջ գիտնալով որ՝ ունինք սիրող, հասկցող, ներող Հայր մը, որ իր Միածին Որդւոյն բարեխօսութեամբ եւ Սուրբ Հոգիով մեզի կը պարգեւէ այն ինչ որ բարին է մեզի համար՝ ներկայիս եւ յաւիտենականութեան մէջ, որով յաւերժ օրհնեալ ըլլայ Իր անունը։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2025, 07:57
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031