Մալթայի Ուխտ․ Լիբանանը եւ դժուար տարիներէն ետք վերստին սկսելու մարտահրաւէրը
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Լիբանանը, որ տակաւին ցնցուած է 67օրեայ պատերազմէն եւ որուն աւելցած է երկարատեւ տնտեսական եւ հասարակական ճգնաժամը, կը փորձէ ոտքի ելլել տարիներ շարունակ խաւարէն ետք: Զինադադարը կը պահպանուի, եւ Երկիրը վերջապէս ունի նոր կառավարութիւն. Ժամանակն է «աջակցիլ կայունացման եւ վերակառուցման գործընթացին», յայտարարած է Մալթայի Ինքնիշխան Ուխտի Մեծ Վարպետ Ռիքարտօ Փաթերնօ Տի Մոնթեքուփոն, որ վերջերս եռօրեայ այցով Լիբանան կը գտնուէր։
Աջակցութեան նախագծեր
Առաքելութիւնը ծառայեց Մալթայի Ուխտի կողմէ՝ ի շահ լիբանանցիներու բազմաթիւ աջակցութեան ծրագիրներէն ներս իրավիճակը գնահատելու․ 60 ծրագիրներու ցանց՝ բաղկացած 11 առողջապահական կեդրոններէն, 11 շարժական բժշկական ստորաբաժանումներէն, սննդի 7 մարդասիրական կեդրոններէն, 3 շարժական համայնքային խոհանոցներէն, հաշմանդամներու ընդունելութեան 2 կեդրոններէն եւ բազմաթիւ այլ ծրագիրներէն:
Ճգնաժամ ճգնաժամէն ներս
Պէյրութին ամէնէն մօտ գտնուող Մալթայի Ուխտի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ առողջապահական կեդրոնը նաեւ ամենէ մեծն է եւ կը համարուի բժշկական ծառայութիւններու փորձնական կեդրոն: Կը գտնուի քաղաքի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի (հետեւաբար՝ քրիստոնեաներու եւ մահմեդականներու) սահմանազատման գծի վրայ, որտեղէն 1975 թուականին սկիզբ առած էր քաղաքացիական պատերազմը:
Յետպատերազմեան շրջանէն մինչ օրս կեդրոնը իր որակեալ ծառայութիւններու միջոցաւ մեծ դեր խաղցած է տարածաշրջանի մէջ՝ նպաստելով խաղաղութեան եւ համակեցութեան։ Ըստ Մալթայի Ուխտի առողջապահական կենտրոնի ղեկավար Լորեթ Տամիէնի՝ վատիկանեան լրատուամիջոցներուն հեռախօսային կապի միջոցաւ հաղորդած տուեալներու, 2024 թուականին կեդրոնն աջակցած է 45000 անձերու՝ առաջարկելով 85000 տարբեր առողջապահական ծառայութիւններ։ Բացի այդ, օգնութիւն ստացածներու 95 առ հարիւրը կ’ապրի «աղքատութեան շեմէն»։
Վտանգի տակ է հոգեկան առողջութիւնը
«Վերջին պատերազմը բազմաթիւ նոր մարտահրաւէրներ յառաջացուց», կը շարունակէ Տամիէնը, ինչպէս օրինակ 600 տեղահանուածները, որոնց համար նոյնպէս, կը նշէ ան «բաց պահած ենք դուռը»։ Ռմբակոծումները աւելցուցած են նաեւ օգնութեան կարիքները առաւել խոցելի խաւերու համար՝ մասնաւորապէս հոգեբանական եւ հոգեկան առողջութեան ոլորտներէն ներս։
Հաւասար ծառայութիւն բոլոր կարիքաւոր մարդկանց համար
Իր հերթին բժիշկ Ժամալ Իսմայիլը բացատրած է, որ շարժական բժշկական բաժանմունքի ստեղծման շնորհիւ Մալթայի Ուխտի աշխատակիցները կարող են այցելել նոյնիսկ ամենէ հեռաւոր գիւղերու մէջ ապրող մարդկանց: «Օգնութիւն ստացածներու աւելի քան 70 առ հարիւրը երեխաներ են։ «Շատ յաճախ կը հանդիպինք հիւանդութիւններ՝ կապուած վատ խնամքի հետ, բայց նաեւ մեծ են հաշմանդամ ծնուած մանուկներուն թիւը», նշած է ան։
Շիա մահմեդական կրօն դաւանող բժիշկը, որ տասնամեակներ շարունակ կ’աշխատի Մալթայի Ուխտի հետ, շեշտած է նաեւ․ «Մեր կարգախօսն է. Հաւասար ծառայութիւն բոլոր կարիքաւոր մարդկանց համար, տարածաշրջանի մը մէջ, որտեղ դարեր շարունակ գոյակցած են սիւննիները, շիաները, քրիստոնեաները եւ տիւրզիները»։
Երկիրը կարիք ունի միջազգային հանրութեան աջակցութեան
Հիմնական խնդիրներէն մին կապուած է քաղցկեղի բուժման ծառայութիւններու հասանելիութեան բացակայութեան հետ կամ մշտական հիւանդութիւններու պարագային «դեղերու թանկութեան հետ», կ’աւելցնէ Տամիէնը եւ կ’եզրափակէ խօսքը. «Վերջապէս նոր կառավարութիւն ունինք, բայց վերականգնման ճանապարհը տակաւին շատ երկար է, եւ Երկիրը կարիք ունի միջազգային հանրութեան աջակցութեան»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ