ԱՂՕԹՔ՝ ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՍԷՓԻՆ
Այսօր Եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր տօնը
Սուրբ Յովսէփ,
դուն որ պահպանեցիր Մարիամի եւ Յիսուսին հետ կապը,
օգնէ մեզի խնամք տանելու համար մեր կեանքի մէջ մեր ունեցած յարաբերութիւններուն։
Ոչ մէկը թող փորձարկէ առանձնութենէն յառաջ եկած լքումի զգացումը։
Իւրաքանչիւր անձ թող հաշտուի իր պատմութեան հետ,
անոնց հետ, որոնք զինք կանխեցին,
եւ գործուած սխալներուն մէջ ճանչնայ ձեւը`
որով նախախնամութիւնը ճամբայ բացաւ եւ չարը չունեցաւ վերջին խօսքը։
Բարեկամ եղիր անոր, որ աւելիով կը տքնի
եւ այնպէս ինչպէս թիկունք կանգնեցար Մարիամին եւ Յիսուսին
անոնց դժուար պահերու ընթացքին
մեզի ալ աջակցիր մեր ճանապարհորդութեան ընթացքին. Ամէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
19/03/2025, 10:09