Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Երանելի Քարլօ Աքութիս Երանելի Քարլօ Աքութիս 

Երանելի Աքութիսի մասունքը փոխադրուեցաւ ՝«Նիսիտա» անուան անչափահասներուն բանտ

Նափոլի քաղաքի մէջ գտնուող անչափահասներու բանտ փոխադրուեցաւ, յառաջիկայ 27 ապրիլին, Սուրբ հռչակուելիք երանելի Քարլօ Աքութիսին մասունքը։ Ապրիլ 27ին, կը նշուի պատանիներու նուիրուած յոբելինական Սուրբ Տարին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Իւրայատուկ օր մը ապրեցան Իտալիոյ Նափոլի քաղաքին անչափահասներուն բանտին մէջ գտնուող երիտասարդները, ողջունելով Երանելի Քարլօ Աքութիսին մասունքը։ Միջոցառումը կազմակերպուած էր Քազերթայի փառատօնի շրջանակէն ներս, ունենալով որպէս թեմա «Ապրիլ՝ գործել է»։

Հայր Պապիօ Տէ Լուքա, բանտի մատրանապետը եւ Սան Վիթալէի ժողովրդապետը, իր խօսքին մէջ ընդգծեց երիտասարդի մը հետ համեմատուելու կարեւորութիւնը, որ ընտրած է՝ ոչ թէ մակերեսային այլ լիարժէք եւ իմաստալից կեանք մը։ Երանելի Աքութիսը կը ներկայացնէ դրական տիպար մը, ցոյց տալով որ կեանքի որակն է որ տարբերութիւնը կ՝ընէ եւ ոչ թէ քանակը։

Հայր Ֆապիոն խօսեցաւ բանտին մէջ գտնուող երիտասարդներուն մարտահրաւէրներու մասին՝ ընդգծելով թէ, որքան այդ երիտասարդներուն շատերուն վրայ ազդած են դժուար փորձարարութիւններ՝ ըլլայ ընկերային եւ ըլլայ ընտանեկան հարցերը։ Հայր Պապիօ յոյս յայտնեց որ երիտասարդները կարողանան ներքին ազատութիւն ձեռք բերել, ինչպէս նաեւ ֆիզիքական ազատութիւն։

«Կը գտնուինք Յոբելիանան տարուան մէջ, զոր նուիրուած է յոյսին, այն յոյսը, որ երբեք պէտք չէ պակսի մեր կեանքին մէջ ինչպէս կ՝ըսէ միշտ Սրբազան հայրը, նամանաւանդ բանտի միջավայրէն ներս։ « Անոնց յոյսը՝ այս տարի այն է բանտէն դուրս գալ, եւ իմ յոյսս իրենց համար այն է, որ հարազատ ազատութիւն գտնեն, հարազատ կերպով որոշելու ներքին ազատութիւն, ըսաւ Հայր Ֆապիօն։

Յիշենք որ Աստուծոյ ծառայ Քարլօ Աքութիսը ծնած է 1991թ. Լոնտոն ապա ապրած է Միլան: Ան իր մահկանացուն կնքած է վաղ հասակին 2006-ին, լէյկոզի հիւանդութեան հետեւանքով։ Աստծոյ ծառայ հռչակուած է 2018ին: 2019-ի ապրիլի 5-ին անոր աճիւնը հանդիսաւոր ձևով տեղափոխուեցաւ Ասսիզիի Սանթա Մարիա Մաճորէ սրբավայր:

Քարլոն կեանքին մէջ իրեն հիանալի ընկեր մը գտած էր ՝ Յիսուսը: Եւ կը ցանկանար իր այդ թանկարժէք Գանձը կիսել բոլորին հետ, եւ ասոր համար դարձաւ առաքեալ՝ շնորհիւ իր շատ սիրած համակարգչային արուեստագիտութեան։ Ան ստեղծած էր Սուրբ Հաղորդութեան հրաշքներուն նուիրուած առցանց հարթակ, որպէսզի բոլորին պատմէր Յիսուսին հետ իրական հանդիպման ուրախութեան մասին: Սրբադասման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ապրիլ 27-ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2025, 11:28
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031