Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Խաչ, անապատ Խաչ, անապատ 

«Հոգեւոր Նորոգութեան Արգելքները» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Քրիստոնեայ հաւատացեալը իր անձին համար չապրիր միայն, այլ ուրիշներուն: Ըստ Քրիստոսի ուսուցումին, մեր փրկութիւնը կ'իրականանայ մեր բարեկամը սիրելով: Մերժել աճիլ կը նշանակէ, Աստուածային սիրոյ պատուիրանին հակառակ ըլլալ:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Քրիստոնեան նման է աճող եւ պտղաբերեր ծառի մը եւ ոչ թէ գետնի վրայ հաստատուած անկենդան ձողի մը: Եւ որպէս այդ, հաւատացեալին կեանքը պէտք է ըլլայ յարատեւ աճման ընթացք մը՝ աճիլ հաւատքով եւ հասուննալ առաքինութիւններու մէջ: Եւ առաքինութիւններու մէջ աճելու համար կարեւոր է ուղիղ հաւատք ունենալ: Մեր հաւատքը մեզ կը տարբերէ հերետիկոսութիւններէ եւ ոչ քրիստոնեաներէ:

Քրիստոնէական աճման նաեւ կարելի է ըսել նորոգութիւն՝ հոգեւոր նորոգութիւն: Մեծ պահոց ժամանակաշրջանը լաւագոյն առիթն է, որպէսզի կարենանք մեր առօրեայէն դուրս գալ եւ նորոգուիլ հասնելու համար «Քրիստոսի լման հասակին» (Եփս. 4:13):

Ս. Իրենեոս Լիոնացի (Irénée de Lyon130 – 202 ) կ'ըսէ՝ « Եթէ անձ մը աճի հաւատքի մէջ եւ ստանայ Ս. Հոգին, հետեւաբար պիտի տայ Ս. Հոգիին պատշաճ պտուղը եւ պիտի ըլլայ հոգեւոր մարդ: Սակայն, եթէ անտեսէ Ս. Հոգիին ներգործութիւնը եւ մնայ իր նախկին վիճակին մէջ եւ պիտի ըլլայ մարմնաւոր: Մարմնաւոր մարդը երբէք պիտի չկրնայ ժառանգել Աստուծոյ Արքայութիւնը» (Ընդդէմ Հերետիկոսաց 5:10,1):

Ի՞նչ են մեր աճման կամ նորոգութեան արգելքները:

1. Ինքնարդարացում: «Մարդու հոգիին ամենամեծ թշնամին ինքնարդարացման հոգինէ: Որովհետեւ ինքնարդարացումով մարդը իր անձին կը նայի փրկութեան համար» (Charles Spurgeon): « Ինքնարդարացումը Աստուծոյ օրէնքները նուաստացնել է, եւ մեր մեղքերը անվնաս նկատել»: Հետեւաբար՝ եթէ Աստուածոյ օրէնքները բացակայ են մեր կեանքերէն ներս, ինչպէ՞ս կարելի է աճիլ հաւատքի մէջ:

2. Փոքր Զիջումներ: Փոքր թուող մեղքերը մեր զգայարանքները կը տաղեն եւ կը թմրեցնեն, եւ մենք մեղքի հանդէպ անտարբեր կը դառնանք: Մեղքի մէջ ապրելով սխալի մէջ աճումը կը կատարենք եւ ոչ հաւատքի:

3. Ողորմածութեան Պակաս: Ներկայիս մարդիկ այնքան եսակեդրոն դարձած են, որ իրենց սրտերուն մէջ ողորմած ըլլալու առաքինութիւնը նուազած է: Արդեօք կ'ուրախանա՞նք ուրիշներու անկումով. Կարիքաւորին հանդէպ պէտք եղած գուրգուրանք կը ցուցնե՞նք. մեծերու հանդէպ սէ՞ր եւ փոքրերու հանդէպ հասկացողութիւն ունի՞նք: Ասոնք մեր հաւատքը քննելու չափանիշեր են:

4. Հպարտութիւն: «Հպարտութիւնը չի հասկանար, որ ան կը քալէ խաւարի մէջ: Եւ խաւարի մէջ ըլլալով, չի գիտեր իմաստութեան խորաթափանցութիւնը: Անոր համար ան իր պղտոր մտքերը ամէն ինչէն աւելի վեր կը դասէ: Մինչդեռ ան աւելի ցած եւ թոյլ է, քան որեւէ մէկը. եւ ան անկարող է սորվիլ Տիրոջ ճամբաները:»: (Ս. Իսահակ Ասորի):

5. Աշխարհի Սէրը: Ս. Յովհաննէս առաքեալը կ'ըսէ՝ « Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ» (Ա. Յովհ. 2:15-16): Եթէ աշխարհը սիրենք, ի զուր տեղ չէ, որ Աստուծոյ սէրը մեր սրտերէն կը պակսի:
Եթէ Ս. Մատթէաս աւետարանիչ տաղանդներու առակը կարդանք (Մտթ. 25:14-30), կը նկատենք որ ծառաներու տէրը շատ խիստ գտնուեցաւ իր տաղանդները չգործածող աշխատաւորին հանդէպ: Ծառան մերժելով աճեցնել իր տաղանդը, ոչ միայն իր անձին փրկութիւնը վտանգի տակ դրաւ, այլեւ արգելք եղաւ նաեւ որ ուրիշներ ալ օգտուին այդ տաղանդէն: Քրիստոնեայ հաւատացեալը իր անձին համար չապրիր միայն, այլ ուրիշներուն: Ըստ Քրիստոսի ուսուցումին, մեր փրկութիւնը կ'իրականանայ մեր բարեկամը սիրելով: Մերժել աճիլ կը նշանակէ, Աստուածային սիրոյ պատուիրանին հակառակ ըլլալ:
Այս պահեցողութեան օրհնեալ օրերը առիթ առնենք, որպէսզի 'հին մարդը' ետեւ ձգենք եւ աճինք Աստուծոյ նմանութեան մէջ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2025, 09:06
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031