ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (22)
22.- ՄԽԻԹԱՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՅՈՎՀԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՀԵՏ ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԷՏ Կ՚ԵՐԹԱՅ
Հալէպի մէջ երեք ամիս մնալէ ետք, Մխիթար սարկաւագ վերջնականօրէն կ՚որոշէ Հռոմ մեկնիլ Յովհան վարդապետի հետ միասին։
Հ. Անտոնիոս Բովոլլիէ Մխիթարի կը յանձնէ 30 Մայիս 1695 թուակիր վկայական մը, որու մէջ չվաւերացնելով հանդերձ Մխիթարի Հռոմ երթալու որոշումը, սակայն բոլոր անոնց որ այս վկայականը տեսնէին՝ կը յանձնարարէ եղբօր նման ընդունիլ զինքը։ Յիսուսեան միաբանութեան կնիքով հաստատուած այս վկայականին տակ ոչ միայն ինքը կը ստորագրէ այլեւ Յիսուսեան միաբանութեան Սիւրիոյ առաքելութեան ընդհանուր մեծաւորը՝ Յովհաննէս Վերզոյ, ինչպէս նաեւ Վեղարաւորներու արեւելեան առաքելութեան Փակակալ Եղբայր Յովսէփը եւ Կարմեղական միաբանութեան Սիւրիոյ եւ Պաղեստինի առաքելութիւններու Փոխ-Նահանգապետ Եղբայր Փերտինանտը։
Այս ամէնը կը վկայեն որ նոյն ժամանակաշրջանի արեւելքի մէջ առաքելութիւն իրականացնող երեք մեծագոյն միաբանութիւններու մեծաւորները Հալէպի մէջ ճանչցած էին եւ գնահատած Մխիթար սարկաւագի Հռոմի հանդէպ հակուածութիւնը, առաքելական նուիրուածութիւնն ու անկեղծութիւնը։
Հ. Անտոնիոս Բովոլլիէ կնքուած նամակ մըն ալ կու տայ Մխիթարի, ուղղուած Հռոմ բնակող Յիսուսեան միաբանութեան Ընդհանուր Մեծաւորին։ Շատ հաւանաբար մեծ գովասանական խօսքերով կը յանձնարարէր իրենց շարքերուն մէջ ընդունիլ զինքը եւ հոգ տանիլ որպէս ապագայ քարոզիչ։ Սակայն աստուածային նախախնամութիւնը բոլորովին ուրիշ կերպ տնօրինած էր, եւ իւրայատուկ առաքելութիւն մը վերապահած էր Մխիթարի։
Մխիթար սարկաւագ եւ Յովնան վարդապետ միասին Հալէպէն կ՚անցնին Աղեքսանդրէտ, (Իսքէնտէրուն) որ Բերիոյ նաւահանգիստն էր, եւ հոն ճամբայ ելլելու պատրաստ ֆրանսական նաւ մը կը գտնեն։ Նաւապետին հետ համաձայնելով իրենց տեղերը կը վարձեն մինչեւ Հռոմ։
Քանի մը օր եւս պէտք էին սպասել ճամբայ ելլելու համար եւ այդ ընթացքին Աղեքսանդիա կը ժամանէ ատանացի Գրիգոր Բ. Պիծակ, Սիսի կաթողիկոսը, որ երկու տարի, 1689-1691 այդ աթոռի գահակալը եղած էր, եւ այժմ հրաժարեալ, մտադրած էր Հռոմ երթալ եպիսկոպոսի մը ընկերակցութեամբ։ Իրենք ալ նոյն նաւուն վրայ տեղ կ՚ապահովեն եւ կը միանան ճամբորդներուն։
Մխիթար սարկաւագ առիթ կ՚ունենայ մօտէն ճանչնալու զիրենք եւ մեծ հիասթափութիւն կ՚ապրի երբ անոնց ուսումնական պատրաստուածութիւնը, նիստ ու կացի անտաշութիւնն ու հեղինակաւոր անձի պատշաճող խոհականութեան բացակայութիւնը կը համեմատէ արեւմուտքի հոգեւորականներուն հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ