Մեր ապրելակերպը պէտք է արտացոլացումը ըլլայ մեր հաւատքին
«Իմ հաւատքս քու հաւատքէդ աւելի է»...Այսպէս կը պատասխանեն ոմանք, արդարացնելու համար իրենց բացակայիլը եկեղեցիէն. այն տրամաբանութեամբ, որ քրիստոնեան կրնայ ապրիլ առանց եկեղեցի յաճախելու: Սակայն հաւատքը ինքզինք անպայմանօրէն պէտք է դրսեւորէ. ան երբեք չի ծածկուիր: Յիսուս ըսաւ՝ «Չկայ մէկը, որ ճրագը վառէ ու ամանի մը տակ կամ մահիճին ներքեւ դնէ, հապա աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէս զի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն» (Ղուկ. 8:16): Հաւատքը՝ որպէս լոյս, եթէ չլուսաւորէ, հապա ինչ բանի օգտակար է: Եկեղեցւոյ արարողութիւններուն ներկայ ըլլալը, առաջին եւ ամենակարեւոր ձեւն է հաւատք արտայայտելու:
Ոչ միայն եկեղեցի յաճախելը, այլեւ մեր առօրեային տարբեր երեսները, նոյնպէս պէտք է վկայ ըլլան մեր հաւատքին: Հոս, որպէս օրինակ, կ'ուզեմ վեր առնել պահեցողութեան օրերու մեր ապրելակերպն: Արդեօ՞ք մեր տուներէն եւ գործերէն ներս յստակ տարբերութիւն մը կայ մեր ապրելակերպին մէջ. յայտնի՞ է թէ մենք տարբեր ժամանակաշրջանի մէջ կը գտնուինք. յստա՞կ է, թէ մենք այս օրհնեալ օրերը լուրջի առած ենք: Կը ճանչնամ անձ մը, որ որոշում առած է իրէն եւ իր ընտանիքին համար, որ քառասնօրեայ պահեցողութեան ատեն հեռատեսիլ չդիտեն: Հեռատեսիլը ամբողջովին բակ պիտի մնայ, ի բաց առեալ հոգեւոր դասախօսութիւններէ եւ ֆիլմերէ: Առաւել եւս ան իր գործի ժամերը պիտի կարճեցնէ եւ աղօթքի ու սուրբերու կեանքերը ընթերցելով պիտի անցնէ իր ժամանակը: Շատ օրինակելի եւ գործնական մօտեցում մըն է այս:
Ուրիշ մը որոշում առաւ, որ իր ընկերային կեանքէն հեռանայ՝ հաւաքներէ, զբաղումներէ եւ ժամանցներէ: Այս բոլորին փոխարէն իր ժամանակ անցնէ աղօթքով, եկեղեցի յաճախելով եւ Ս. Գիրք ու սուրբերու կեանքերը ընթերցելով:
Ոչ միայն պահեցողութեան ատեն, այլեւ բոլոր տօներուն եւ յատկապէս Կիրակի օրերուն: Տօները սուրբ պահել կը նշանակէ, որ մենք մեր հաւատքը լուրջի առած ենք:
Սիրելիներ՝ ներկայիս եթէ կարող չենք Աստուծոյ պատուիրանները պահելու, պատճառը այն է, որ մեր հաւատքը Քրիստոսի վրայ տկարացած է. այն աստիճան, որ կարող չենք հասկնալ, թէ Աստուած ամենակարող է եւ կրնայ մեր եւ մեր ընտանիքներուն պէտքերը ապահովել եւ առաւել՝ օրհնութիւններով լեցուն կեանք մը պարգեւել մեզի: Լաւագոյն ձեւը, որպէսզի մեր հաւատքը կրկին հրահրենք, պէտք է նայինք, թէ սուրբերը ինչպէս ապրեցան. Տեսնելու համար, որ անոնց ամէն մէկ շարժում եւ գործ աստուածային հրաշք մըն էր: Որպէս քաջալերանք յիշենք Ս. Ֆիլիփ Ներին (Filippo Neri 1515 – 1595), որ որբեր կը պահէր: Օր մը նախաճաշ կը պատրաստէ առանց նկատի առնելու ներկայ գտնուող մանուկներու թիւը: Երեխաները երբ կը տեղեկանան, որ ուտելիքի կայ, կը խուժեն սուրբին վրայ, որպէսզի ամէն մէկը իր բաժինը առնէ: Սուրբը տեսնելով մանուկներու մեծ թիւը, կը զգուշացնէ, որ կերակուրը չի բաւեր բոլորին: Սակայն աստուածային միջամտութեամբ եւ հրաշքով կերակուրը կը շատանայ եւ բոլորը իրենց բաժինը կ'առնեն եւ կը կշտանան:
Աստուած, սիրելիներ, միեւնոյնն է՝ երէկ, այսօր եւ յաւիտեան: Բաւարար է, որ մեր սրտերուն մէջ հաւատանք այն, ինչ որ մեր բերաններով կը խոստովանինք ինչպէս կ'ըսէ Ս. Պօղոս առաքեալ, եւ պիտի փրկուինք:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ