Որոնել

Ընտանիքներու Տօնախմբութիւնը Ընտանիքներու Տօնախմբութիւնը 

Ընտանիքներու Տօնախմբութիւնը Տուպլինի «Croke Park» մարզադաշտին մէջ։

«Աստուած կը փափաքի որ ամէն մէկ ընտանիք ըլլայ փարոս մը՝ որ աշխարհին մէջ սփռէ Իր սիրոյ ուրախութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, շնորհակալ եմ ձեր ջերմ ընդունելութեան համար։ Գեղեցիկ է այստեղ գտնուիլ» ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով, Ընտանիքներու Տօնախմբութեան հսկումի արարողութեան առթիւ արտասանած իր ճառին ու նշելով թէ այսօր համախմբուած ենք Տուպլինի մէջ ընտանեկան արարողութեամբ՝ շնորհակալ ըլլալու Աստուծոյ մեր  Քրիստոսի մէջ մէկ ընտանիքի էութեան համար։

Ունկնդրէ լուրը

«Եկեղեցին  արդարեւ Աստուծոյ զաւակներու ընտանիքն է» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ այդ ընտանիքին մէջ իւրաքանչիւրը հոգ կը տանի միւսին, որովհետեւ Աստուած՝ մեր Հայրը մեզ բոլորս իր զաւակները դարձուց Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի միջոցաւ ու մենք դարձանք Աստուծոյ մեծ ընտանիքին անդամները։

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց նորածիններուն մկրտութեան խորհուրդի մատակարարումի անհրաժեշտութիւնը. Անորմով անոնք կ՛ընդունին Սուրբ Հոգիին շնորհքը եւ կը դառնան Աստուծոյ ընտանիքի անդամ, ըսաւ Ան, բաղդատութիւն ընելով  մկրտուած եւ ոչ մկրատուած երախայի միջեւ դիտել տալով թէ առաջինը աւելի զօրեղ է որովհետեւ ունի Սուրբ Հոգիին շնորհքը։ 

«Սիրոյ ուրախութիւն յորդորագիրը շարադրեցի որպէս սատար հասկնալու   համար  ընտանիքի կարեւորութիւնն ու անոր գեղեցկութիւնը, իր յոյսերով եւ ստուերներով եւ ուզեցի որ այս հաւաքը որպէս բնաբան ունենայ  «Ընտանիքի Աւետարանը՝ աշխարհի համար ուրախութիւն» նախադասութիւնը»։

«Աստուած կը փափաքի որ ամէն մէկ ընտանիք ըլլայ փարոս մը՝ որ աշխարհին մէջ սփռէ Անոր սիրոյ ուրախութիւնը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ սրբութեան եւ սիրոյ կոչումը լռելեան կերպով ներկայ են բոլոր այն ընտանիքներու սրտերուն մէջ որոնք սէր, ներում եւ ողորմածութիւն կը նուիրեն, երբ կը գտնուին կարիքաւորի մը դիմաց»։

«Ընտանիքի Աւետարանը աշխարհի համար իսկական ուրախութիւն է եւ քրիստոնէական ամուսնութիւնը ու ընտանեկան կեանքը կը ճանչցուին իրենց գեղեցկութեամբ երբ խարսխուած են Աստուծոյ սիրոյ մէջ որ մեզ ստեղծեց իր պատկերին համաձայն։ Հայր, մայր, պապիկներ, զաւակներ եւ թոռնիկներ, բոլորը կանչուած ընտանիքին մէջ գտնելու սիրոյ լիութիւնը։ Թէեւ այդ մէկը դիւրին ընթացք մը չէ՝ այնպէս ինչպէս թէյ շինելը։ Բոլորս արդարեւ կարող ենք տաք ջուրը պատրաստել սակայն համեղ թէյի գաւաթ մը կարիքը ունի ժամանակի եւ համբերութեան» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով իր արտասանած խօսքէն առաջ չորս ընտանիքներու կողմէ ներկայացուած վկայութիւններուն։

«Ունկնդրեցինք վկայութիւններ՝ հայող ընտանիքի մէջ ներումին։ Ներումը Աստուծոյ յատուկ պարգեւ մըն է որ կը բուժէ մեր վէրքերը ու մեզ կը մօտեցնէ մէկը միւսին եւ Աստուծոյ» յարեց Նորին Սրբութիւնը շեշտելով քրիստոնեայ ընտանիքի յարկէն տակ ներումի հարկաւորութիւնը, դարձեալ ընդգծելով երեք բարերու կարեւորութիւնը «Ներողութիւն», «եթէ կը բարեհաճիս» եւ «շնորհակալութիւն», ապա յորդորեց միշտ՝ անկողին չի մտած, հաշտուիլ մէկը միւսին հետ։

«Չկայ  կատարեալ ընտանիք» յարեց Քահանայապետը եւ «առանց ներումի սովորութիւնը՝ ընտանիքը կ՛աճի հիւանդ վիճակի մէջ ու աստիճանաբար կը քայքայուի, որովհետեւ ներել կը նշանակէ մենք մեզմէ բան մը պարգեւել» նկատել տուաւ Ան նշելով թէ «զաւակները ներումի սովորութիւնը կը սորվին երբ օրինակ կ՛ունենան իրենց ծնողքը»։

Նորին Սրբութիւնը  ապա ակնարկեց այլ մէկ վկայութեան, այս անգամ «ցանցային հաղորդակցութեան միջոցներու» մասին, որոնք՝ ըսաւ Սրբազան Պապը, անպայման հարց մը չեն ներկայացներ ընտանիքին համար ու կարող են սատարել բարեկամութեան, զօրակցութեան ու իրարու աջակցութեան ցանց մը կառուցելու, երբ անոնք կը գործածուին ուշադրութեամբ։ Քահանայապետը սակայն զգուշացուց որ այդ միջոցները սպառնալիք չի դառնան ընտանեկան յարաբերութիւններուն, մեզ բանտարկելով «վերիրական» իրականութեան մը մէջ ու մեզ կղզիացնելով իսկական յարաբերութիւնէն,  որոնք մեզ կը մղեն լաւագոյնը պարգեւելու ուրիշներու հետ հաղորդութեան մէջ»։

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ այլ մէկ զոյգի մը՝ ընտանիքի մէջ սիրոյ եւ հաւատարմութեան մասին ներկայացուցած  վկայութեան, դիտել տալով թէ «անոնք վկայեցին թէ սէրն ու հաւատքը կարող են ըլլայ ուժի եւ խաղաղութեան աղբիւր« նոյնիսկ պատերազմէ ու հալածանքի հետեւանքով կիրակուած  բռնութեան ու կործանումին մէջ։ Անոնք մեզի ցոյց տուին թէ ինչպէս ընտանիքէն մեկնելով եւ շնորհիւ բազմաթիւ ընտանիքներուն ցուցաբերած զօրակցութեան, կարելի է դարձեալ կառուցել կեանքը եւ յոյսը կարող է դարձեալ վերածնիլ։ Ամէն մէկ ընկերութեան մէջ ընտանիքները ծնունդ կու տան խաղաղութեան, որովհետեւ անոնք կը սորվեցնեն սէրը, հիւրընկալութիւնն ու ներումը, որոնք ամենալաւ հակաթիւնն են ատելութեան, նախապաշարումի եւ ոխերմութեան, որոնք կը թունաւորեն մարդոց եւ հասարակութիւններուն կեանքը։  

«Խաչի լոյսին տակ ի յայտ կու գայ թէ չարին կարելի է հակազդել միայն բարիով ու ատելութիւնը կարելի է շրջանցել միայն ներումով։ Քրիստոսի սէրը որ ամէն ինչ կը նորոգէ, ամուսնութիւնը կը դարձնէ հաւատարմութեամբ յատկանշուած սէր, անլուծանելի ու բաց կեանքին։ Ահա այս է որ ուզեցի ընդգծել «Սիրոյ Ուրախութիւնը» յորդորագիրի չորրորդ գլուխին մէջ» յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապ   եւ ակնարկեց 10 զաւակներով այլ ընտանիքի մը վկայութեան որ «բացայայտեց թէ ընտանիքի կեանքի բանալին՝ անկեղծութիւնն է»։

«Ընտանիքները արդարեւ կանչուած են շարունակել իրենց ընթացքը՝ հակառակ դժուարութիւններուն ու սահմանափակումներուն ու մենք բոլորս մաս կը կազմենք ընտանիքներու շղթայի մը, եւ մեր ընտանիքները յիշողութեան ողջ գանձեր են, ուր զաւակները իրենց կարգին կը դառնան ծնողք, ապա պապիկ ու մամիկ։ Անոնցմէ կ՛ընդունինք ինքնութիւն, արժէք եւ հաւատք։

«Ընկերութիւն մը որ չարժեւորեր պապիններն ու մամիկները առանց ապագայի ընկերութիւն մըն է» հաստատեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ աւելցուց «Եկեղեցի մը որ ի սիրտ չունի սերունդներու միջեւ դաշինքը, պիտի կորսնցնէ այն ինչ որ ամենակարեւորն է՝ սէրը»։

Մեր պապիկներն ու մամիկները մեզի կը սորվեցնեն ամուսնական սիրոյ իմաստը եւ ասոր համար անոնք կը կազմեն փորձարարութեան եւ իմաստութեան գանձ մը՝ ապագայ սերունդներուն համար,  ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դարձեալ շեշտելով ընտանիքի կարեւորութիւնը որ է՝ նշեց Ան, զօրութեան եւ զօրակցութեան աղբիւր՝ այնպէս ինչպէս է պարագան Աստուծոյ տունին ուր բոլորին համար տեղ կայ եւ ոչ մէկը բացատրուած է, դիտել տուաւ Սրբազան Պապը  ու նախ քան ճառը աւարտելը ուզեց վերջին յորդոր մը ուղղել ներկաներուն հաստատելով որ «Ընտանիքները Եկեղեցւոյ ու աշխարհի յոյսն են։ Առտուած՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, մարդկութիւնը ստեղծեց իր պատկերին համաձայն, զայն մասնակից դարձնելու համար իր սիրոյն, որպէսզի ան ըլլայ ընտանիքներու ընտանիք ու վայելէ այն խաղաղութիւնը որ միայն Աստուած կարող է պարգեւել։

«Ձեր Աւետարանի վկայութեամբ դուք կրնանք օժանդակել իրականացնելու համար Աստուծոյ  երազը», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ ասոր համար է որ փափաքեցաւ  իւրաքանչիւր մասնակցողի նուիրել «Սիրոյ Ուրախութիւն» յորդորագիրէն օրինակ մը, որպէս ուղեցոյց՝ ուրախութեամբ ապրելու համար Ընտանիքի Աւետարանը։

Հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին հովանին Սրբազան Քահանայապետը ճառը աւարտեց հրաւիրելով բոլոր ներկաները միասին աղօթելու Ընտրանքներու համաշխարհային օրուան պաշտօնական աղօթքը, որուն աւարտին բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Ընտանիքներու Տօնախմբութիւնը Տուպլինի «Croke Park» մարզադաշտին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2018, 22:29