Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորագիրը Մխիթարեան Միաբանութեան Մայր տան 300 ամեակին առթիւ։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 16 սեպտեմբեր 2018-ի, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան Սուրբ Ղազար մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միաբանութեան Մայր տունի հիմնադրութեան 300 ամեակին նուիրուած տօնախմբութիւններուն փակման սուրբ պատարագը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի որ աւարտ Սուրբ Զոհին, ընթերցեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին այս առթիւ Միաբանութեան Քահանայապետական պատուիրակին յղած շնորհաւորական պատգամը։
Նորին Սրբութիւնը սրտանց շնորհաւորելով միաբանութեան՝ Վենետիկի Մայր տան հիմնադրութեան 300 ամեակը, գոհութիւն մատուցեց Տիրոջ՝ բոլոր այն շնոհապարգեւներուն համար որ՝ դարերու հոլովոյթին, զեղեց միաբանութեան ու անոր անդամներուն վրայ, որոնք, գրեց Սրբազան Պապը, կրօնաւորական կեանքը ապրեցան հաւատարմութեամբ, զայն վկայելով հերոսութեամբ, մինչեւ նոյնիսկ նահատակութեան զոհաբերումը։
«Երանելի Մխիթարը որ իմ նախկինս՝ Պիոս ԺԲ, դասեց Արեւելեան Եկեղեցիներու կրօնաւորական կեանքի մեծ բարեկարգողներու շարքին, եղաւ հայ ազգի կողմէ հաւատքի ըմբռնումին կառուցողը, իր ետին թողելով հոգեւոր ու մշակութային անվերջ ժառանգութիւն մը, զոր Մխիթարեան միաբանութիւնը կանչուած է պահպանելու, խորացնելու ու տարածելու, համայն հայ ժողովուրդին բարիքին ի նպաստ» գրեց հուսկ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ, ընդգծելով Մխիթար Աբբահօր ու մխիթարեաններու երկու արժէքաւոր իրողութիւնները՝ հայկական աստուածաբանութեան մարդապաշտութեան աւ անդութիւնը ու համամիութենական հոգին։
Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց ապա միաբանութեան 300 տարուայ պատմութեան ընթացքին դիմագրաւած հին ու նոր դժուարութիւններուն ու այս ծիրէն ներս վստահեցուց՝ որ «Սուրբ Աթոռը միշտ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է Մխիթար Աբբահօր ու անոր զաւակներուն ու այսօր եւս մօտիկ է միաբանութեան ու պատրաստ անոր նուիրելու օգնութիւն ու աջակցութիւն»։
«Ամէն մէկ կրօնաւոր այսօր կանչուած է Սուրբ Ղազարի մէջ եւ ամենուրէք բաց պահելու առաքելութեան հորիզոնները ու նաեւ հաղորդութեան կապը, որովհետեւ Մխիթարեան ինքնութիւնը նախ եւ առաջ կը պահանջէ ըլլալ կրօնաւորներ, մարդիկ որոնք ամբողջութեամբ նուիրուած են Աստուծոյ» կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ «այդ կոչումը կարելի չէ իրականացնել առանց եղբայրներու հետ իսկական հաղորդութեան եւ առանց աղքատութեան, ողջախոհութեան ու հնազանդութեան ուխտերու ամբողջական եւ ուրախ ընկալումին, որոնք ակնաղբիւրն են Աւետարանական իսկական վերանորոգումի մը ու վստահ երաշխիքը այսօրուայ դժուարութիւններուն մէջ։
Պատգամի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը մաղթանք յայտնած է որ միաբանութեան հիմնադիր՝ Մխիթար Աբբահօր վարած լապտերը շարունակէ լուսաւորել հայ ազգի փուշոտ ու ծաղկուն ճանապարհը, Քրիստոսի հաւատքով, ու այն յոյսով որ Անոր Խօսքը մշտական կեանք կը պարգեւէ» գրեց Նորին Սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութիւնները շնորհելով ու խնդրելով որ զինք յիշեն իրենց աղօթքներուն մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ