Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Միջին Արեւելքի Պատրիարքները:

Միջին արեւլքի պատրիարքներու շարքին է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքը

Ուրբաթ, 7 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 10,30ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը աշխատանքային գրասենեակին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի վեց պատրիարքներ որոնց շարքին՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը, Մարոնիներու Անտիոքի Պատրիարք  կարդինալ Պշարա Ռային,, Բաբելոնի Քաղդէացիներու Պատրիարք՝ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ, Աղեքսանդրիոյ Ղպտիներուն  Պատրիարք՝ Գերերջանիկ Իպրահիմ Իսաաք Սեթրաք, Անտիոքի Ասորիներու Պատրիարք՝ Գերերջանիկ Եուսէֆ Գ Եունան եւ  Անտիոքի Յոյն Մելքիթներու Պատրիարք՝ Գերերջանիկ Եուսէֆ Ապսի:

Հանդիպումի ընթացքին Քահանայապետը  պատրիարքներուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող հարցերը,  ինչպէս  նաեւ տարածաշրջանին  մէջ տառապող ժողովուրդներուն ի սպաս կաթողիկէ եկեղեցիներուն առաքելութեան պայմանները:

Նշենք թէ Նորին Սրբութիւնը ՝ Պատրիարքներուն հետ աւելի լայն մասնակցութեամբ նման հանդիպում մը ունեցած էր նաեւ 2017 թուականին. անոնց հետ բաժնեկցելով  անոնց հովուական խնամակալութեան  հայող ցաւերն ու ուրախութիւնները։  

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2020, 13:36