Քահանայապետը Տիրամօր օգնութիւնը հայցեց Քորոնա ժահրի համաճարակէն փրկուելու համար։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հռոմի թեմի տեղակալ Արքիեպիսկոպոս՝ կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիս, չորեքշաբթի 11 մարտ 2020ը հռչակած էր Քորոնա Ժահրը արմատախիլ ընելու դիտաւորութեամբ աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր, որուն առթիւ երեկոյեան 7-ին, Հռոմի Տիրամօր նուիրուած «Տիվինօ Ամորէ – Աստուածային Սէր» սրբավայրին մէջ մատոյց Սուրբ պատարագ, զոր ուղիղ եթերով սփռուեցաւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի պատկան «TV2000» հեռուստակայանէն։
Սուրբ Զոհին սկիզբը սփռուեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին լսատեսողական յատուկ մէկ պատգամը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը Սրբավայրի հրաշագործ Սուրբ Կոյսի հովանիին կը յանձնէ մարդկութեան կողմէ ապրած Քորոնա ժահրի յառաջացուցած առողջապահական տագնապը
Սրբազան Քահանայապետի պատգամը աղօթքն մըն է ուղղուած Աստուածամօր, որուն մէջ ան կ՛ըսէ.
Ով Մարիամ,
դուն միշտ կը փայլիս մեր ճանապարհին վրայ
որպէս փրկութեան եւ յոյսի նշան։
Մենք քեզի կը վստահինք՝ Առողջութիւն հիւանդաց,
որ խաչին ոտքին միացար Յիսուսի չարչարանքին,
հաստատ պահելով քու հաւատքդ։
Դուն՝ Հռոմի ժողովուրդի Փրկութիւն,
գիտես մեր կարիքները,
եւ վստահ ենք որ պիտի համապատասխանեց անոնց,
որպէսզի՝ Գալիլիոյ Կանայի նման՝
սոյն ապրուած դժուար պահէն ետք,
վերադառնայ ուրախութիւնն ու տօնախմբութիւնը։
Օգնէ մեզի Աստուածային Սիրոյ Մայր,
համակերպելու Հօր Աստուծոյ կամքին,
եւ ընելու ինչ որ Յիսուս պիտի ըսէ մեզի,
Ան որ իր վրայ առաւ մեր տառապանքները,
ծանրաբեռնուեցաւ մեր ցաւերով,
որպէսզի Խաչի միջոցաւ մեզ առաջնորդէ
Յարութեան ուրախութեան։ Ամէն
Քու հովանիիդ տակ ապաստան կը փնտռենք, Աստուծոյ Սուրբ Մայր։
Մի արհամարհեր աղերսն մեր՝ որ կը գտնուինք փորձութեան մէջ ու մեզ ազատէ ամէն վտանգէ, ով փառաւորեալ եւ օրհնեալ Կոյս։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ