Որոնել

1589780891359.JPG

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եղաւ աղօթքի, մօտիկութեան եւ արդարութեան ու ողորմութեան մարդ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ծննդեան հարիւր ամեակի յիշատակին նուիրուած սուրբ պատարագի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզը կեդրոնացուց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ տիպարին վրայ ու անոր աղօթքի, մօտիկութեան եւ արդարութեան մարդու յատկութիւններուն վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր 18 մայիս 2020 կը յիշատակուի աւազանի անունով Քարոլ Վոյթիլա՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ծննդեան հարիւր ամեակը, որուն առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց յատուկ պատարագ մատուցել Սուրբ Պետրոսի մէջ գտնուող անոր դամբանի խորանին վրայ։ Սոյն պատարագով Քահանայապետը կը փակէ  համաճարակի ընթացքին ուղիղ եթերով սփռուած առաւօտեան պատարագները, ի տես նաեւ Իտալիոյ ե այլ երկիրներու մէջ դրութիւններու թուլացան եւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ պատարագներ ու Խորհուրդներ մատակարարելու թոյլտւութեան, որուն առընչութեամբ Նորին Սրբութիւնը երէկ՝ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին ընթացքին  յիշեցուցած էր թէ պէտք է միշտ յարգել համաճարակի կանխարգիլման ուղղութեամբ կանոնները պահպանելու համար ըլլայ անձնական ըլլայ հաւաքական առողջութիւնը։

Պատարագին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթք բարձրացուց ողորմութեամբ հարուստ Աստուծոյ, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կոչեց առաջնորդելու Եկեղեցին, որպէսզի՝ անոր ուսուցումի հիման վրայ մեզի շնորհէ պարգեւը վստահութեամբ բանալու մեր սրտերը Քրիստոսի փրկարար շնորհքին՝ մարդուն միակ Փրկիչը։

Մինչ Սուրբ զոհին ընթացքին ներկայացուած քարոզին մէջ  Ան երջանկայիշատակ քահանայապետը ներկայացուց որպէս աղօթքի, մօտիկութեան եւ արդարութեան մարդ։

«Տէրը կը սիրէ իր ժողովուրդը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ակնարկով Աստուծոյ իր ժողովուրդի Իսրայէլին ցուցաբերած մօտիկութեան ինչպէս նաեւ Յիսուսին մօտիկութեան։ Յատկապէս  դժուարութեան պահերուն Ան կը բացայայտէ իր սէրը, իր ժողովուրդը կ՛այցելէ, անոր ուղարկելով մարգարէ մը պատգամաւոր մը», շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով՝ որ «մենք այսօր  կարող ենք ըսել՝ թէ Տէրը այցելեց իր ժողովուրդին, մեզի ուղարկեց մարդ մը՝ որ դարձաւ քահանայ, ապա եպիսկոպոս՝ առաջնորդելու համար իր եկեղեցին»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ակնարկեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Հովիւի յատկութիւններուն. «Աղօթքը. Մօտիկութիւնը ժողովուրդին եւ արդարութեան սէրը»։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Աստուծոյ մարդ էր որովհետեւ կ՛աղօթէր եւ թախանձագին կ՛աղօթէր, աղօթքին նուիրելով շատ ժամանակ, գիտակից ըլլալով որ Եպիսկոպոսի մը առաջին պարտականութիւնը աղօթքն է, ինչպէս յանձնարարած  Սուրբ Պետրոսը։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ  աղօթքի մարդ էր։

Երկրորդ Մօտիկութեան մարդ. Ան ժողովուրդէն անջատուած մարդ մը չէր.  ան այցելութիւն կու տար ժողովուրդին եւ աշխարհի բոլոր վայրերը ճամբորդեց մօտիկ ըլլալու անոր եւ մօտիկութիւնը Աստուծոյ յատկանիշներէն մին է,  մօտիկութիւնը որ աւելի զօրեղ կը դառնայ Յիսուսով։

Հովիւ մը մօտիկ ըլլալու է իր ժողովուրդին  ապա թէ ոչ Հովիւ ըլլալէ կը դադրի եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ մեզի տուաւ այդ մօտիկութեան օրինակը՝ մեծին ու փոքրիկին, զօրեղին ու տկարին, ան եղաւ մօտիկ բոլորին։

Երրորդ արդարութիւն։ Ան մարդ մըն էր որ ընկերային արդարութիւնը կը փափաքէր,   ժողովուրդներու համար արդարութիւն, արդարութիւն որ կը մերժէ պատերազմը, լիակատար արդարութիւն եւ ասոր համար Ան կը խօսէր  ողորմութեան մասին, որովհետեւ կարելի չէ արդարութիւն ունենալ առանց ողորմութեան, անոնք միասին կ՛ընթանան։ 

Յովհաննէս Պօղոս Բ մեծ գործ տարաւ հաւատացեալներուն հասկցնելու համար Աստուածային Ողորմութիւնը, յատկապէս տարածելով Սրբուհի Ֆաուսթինայի ջերմեռանդութիւնը։

Ան լաւապէս հասկցած էր որ Աստուծոյ դիմագիծը ողորմութեան դիմագիծ է։

Այսօր աղօթենք անոր  որպէսզի մեզի բոլորիս, մասնաւորապէս  հովիւներուն, պարգեւէ շնորհքը՝ աղօթքի, մօտիկութեան եւ արդարութեան որ է ողորմութիւն եւ ողորմութեան որ է արդարութիւն, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտելով քարոզը։

ՅՊԲ նուիրուած սուրբ պատարագ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2020, 07:22