Վարդարանի աղօթքը, Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Քահանայապետական նոր Աւետարանումի զարգացման ի սպաս խորհուրդը, երեքշաբթի, մայիս 26 ին, հրապարակեց յայտարարութիւն մը որուն մէջ նշեց, թէ Համաճարակի տագնապի դժուար օրերուն, Տիրամօր օգնութիւնը հայցելու համար, մայիս 30ին, Իտալական ժամանակացոյցով, յետմիջօրէին ժամը 5,30ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պիտի նախագահէ Վարդարանի համաշխարհային աղօթքին, Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ գտնուող Լուրտի Տիրամօր քարայրին դիմաց։ Վարդարնաին աղօթքը ուղիղ պիտի հեռարձակուի համայն աշխարհը։ նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Քահանայապետական վերոնշեալ խորհուրդի ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ վարդարանի աղօթք ձեռնարկին բնաբանն է «Ամէնքը միասիրտ կը յարատեւէին աղօթքի մէջ՝ Մարիամին հետ միասին» (Գործ Առաք 1,14), որուն առցանց պիտի միանան աշխարհի բոլոր սրբավայրերը յատուկէն ներգրաւելով ընտանիքները։
Վարդարանի 10 հատիկները պիտի աղօթեն տարբեր մակարդակներու պատկան եւ քորոնա ժահրի փորձանքէն անցնող, այր մարդիկ ու կիներ, որոնց շարքին հիւանդապահներ, հիւանդապահուհիներ, քորոնա ժահրով վարակուած ապա բուժուած եւ իրենց ընտանիքէն անդամ մը կորսնցուցած հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցի մատրանապետ մը եւ հիւանդապահուհի մայրապետ մը։
Վարդարանի համաշխարհային աղօթքը առիթ պիտի հանդիսանայ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին միանալ ֆրանչիսկոս Պապին Պենտեկոստէին տօնին նախօրեակին։
Տիրամօր արձանին դիմաց ֆրանչիսկոս Պապ պիտի զետեղէ մարդկութեան վիշտերը, որոնք վերջերս բազմապատկուած են համաճարակի առողջապահական տագնապի հետեւանքով։ Նշուած է Նոր Աւետարանումի ի սպաս քահանայապետական խորհուրդի յայտարարութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ