Որոնել

Աստուածային Խօսքի Կիրակիին նշանաբանը։ Աստուածային Խօսքի Կիրակիին նշանաբանը։  

«Բարձր պահեցէք Կեանքի Խօսքը» 2021-ի Աստուածային Խօսքի Կիրակիին բնաբանը։

Այս մեր ապրած ուղեկորոյս իրավիճակին մէջ Սուրբ Պօղոսին ցոյց տուած ճանապարհը մնալու հաւատարիմ եւ միացած Աստուծոյ Խօսքին աւելի քան երբեք այժմէական է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի 24 Յունուարին կը յիշատակուի Աստուածային Խօսքի երկրորդ կիրակին, որուն այս տարուայ բնաբանը քաղուած է Պօղոս Առաքեալի Փիլիպեցիներուն ուղղած նամակէն. «Բարձր պահեցէք Կեանքի Խօսքը» (Փիլիպ. 2, 16) եւ որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը սահմանափակ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագը, որ ուղիղ եթերով պիտի սփռուի աշխարհի կաթողիկէ հեռուստակայաններու միջոցաւ, որոնք կապուած պիտի ըլլան Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի հետ։ Արարողութիւնը պիտի սփռուի նաեւ Վատիկան Նիուզի (vaticannews.va) կայքէջի միջոցաւ։

Աստուածային Խօսքի կիրակին հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ

Աստուածային Խօսքի կիրակին հաստատուած է 30 սեպտեմբեր 2019-ին  Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հրապարակուած «Aperuit Illis» Քահանայապետական ինքնագիր նամակով։ Անիկայ Նոր Աւետարանութեան  Հովուական ձեռնակ մըն է հետաքրքրութիւն հրահրելու համար Սուրբ Գիրքի նկատմամբ եւ առիթ է հաւատացեալներուն մէջ խթանելու Աստուածաշունչի աւելի խոր հասկացողութիւնը։

Յատուկ ուշադրութիւն վերապահեն Տիրոջ Խօսքին

Սրբազան Քահանայապետը արդարեւ իր վերոնշեալ ինքնագիր նամակին մէջ նշած էր թէ «հաւատքը յառաջ կու գայ ունկնդրութենէն, եւ ունկնդրութիւնը կեդրոնացած է Քրիստոսի խօսքերուն վրայ» առ այդ հրատապ ու կարեւոր է, որ «հաւատացեալները յատուկ ուշադրութիւն վերապահեն Տիրոջ Խօսքի ունկնդրութեան, ըլլայ ծիսակատարութեան մէջ, ըլլայ աղօթքի ու անձնական խորհրդածութիւններուն մէջ»։

Նորին Սրբութիւնը հաստատած էր նաեւ թէ  «Աստուծոյ Խօսքի կիրակին կը հրաւիրէ ամրապնդելու կապերը հրեաներու հետ եւ աղօթելու քրիստոնեաներու միութեան համար», շեշտը դնելով  նաեւ այդ կիրակիին համամիութենական արժէքին վրայ, ու հրաւիրելով զայն ապրիլ եւ կատարել տօնական ու հանդիսաւոր արարողութիւններով, կարեւորութիւն տալով Աստուածաշունչի ընթերցանութեան։

Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ

Կիրակի 24 Յունուարի պատարագի ընթացքին ընթերցանութիւնները պիտի կատարեն իտալացի դերասան Փիերֆրանչեսքօ Ֆավինօ, լրագրող մը, կոյր մը եւ երկու երիտասարդ ուսանողներ։ Մինչ Աւետարանը պիտի զետեղուի յատուկ տեղ մը ընդգծելու համար անոր կարեւորութիւնն ու կեդրոնականութիւնը։

Աստուածաշունչի յատուկ նմուշ

Սուրբ Զոհի աւարտին Սրբազան Պապը որոշ անձնաւորութիւններուն պիտի յանձնէ այս առիթով պատրաստուած Աստուածաշունչի յատուկ նմուշ մը ։ Անոնց շարքին են, Հռոմի ոտնագունդի մարզիկ Լորենցօ Փելլեկրինի, «Պիպլիքօ» հաստատութեան Փաքիստանցի ուսանողուհի, երկու կրօնուսոյցներ, երկու երիտասարդներ որոնք անցեալ ամիսներուն ընդունեցան դրոշմի խորհուրդը, Հարաւային Սուտանէն մէկ նորընծայ եւ դասատու մասնագէտ բժիշկ մը ինչպէս նաեւ կոյր  մը,  որուն պիտի յանձնուի Մարկոս Աւետարանիչին «braille» լեզուով օրինակը։

Հովուական ուղեցոյց 

Աստուածային Կիրակիի օրուան նշանաբանը կը պատկերացնէ Էմմաւուսի աշակերտները որոնք Յիսուսին կը հանդիպին։ Սոյն Կիրակիին լաւապէս պատրաստուելու համար Նոր Աւետարանութեան խթանման Քահանայապետական Խորհուրդը իր կայքէջին վրայ «www.pcpne.va» հրապարակած է   հովուական ուղեցոյց մը։

«Aperuit Illis» ինքնագիր նամակին մէջ Քահանայապետը կը յորդորէ երբեք չի «կշտանալ» Աստուծոյ Խօսքէն, որ միշտ նոր կերպով կը յայտնէ Հօր Աստուծոյ ողորմած սէրը, որ իր զաւակներէն կը խնդրէ ապրիլ  սիրոյ մէջ»։ Աստուածային Խօսքը պէտք չէ մնայ լոկ գիրք մը, այլ պէտք է դառնայ մշտական կանչ՝ աղօթքի, ընթերցանութեան, խոկումի եւ ուսումնասիրութեան։ Այս մեր ապրած ուղեկորոյս իրավիճակին մէջ Սուրբ Պօղոսին ցոյց տուած ճանապարհը մնալու հաւատարիմ եւ միացած Աստուծոյ Խօսքին աւելի քան երբեք այժմէական է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2021, 10:00