«Եկուր եւ տես» (Յովհ. 1, 46). Հաղորդակցիլ հանդիպելով մարդոց այնտեղ ուր եւ ինչպէս որ են։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Եկուր եւ տես հրաւէրը , որ կ՛ընկերանայ Յիսուսին աշակերտներուն հետ ունեցած առաջին յուզիչ հանդիպումներուն, գործելակերպ է նաեւ ամէն մէկ իսկական մարդկային հաղորդակցութեան։ Պատմելու համար պատմութիւն դարձած կեանքին ճշմարտութիւնը անհրաժեշտ է դուրս գալ «արդեն գիտցուած» յարմարաւէտ կանխակարծիքներէն ու մենք մեզ դնել շարժումի մէջ, երթալ ու տեսնել, մնալ մարդոց հետ, մտիկ ընել անոնց, հաւաքել առաջարկներ այն իրականութեան վերաբերեալ, որ մեզ միշտ կը զարմացնէ իր որոշ բնոյթներով»։
Այսպէս կը սկսի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2021 տարուայ Ընկերային Հաղորդակցութեան միջոցներու համաշխարհային օրուայ 2021-ի պատգամը, որ լոյս տեսաւ 23 Յունուար 2021-ին, լրագրողներու պաշտպան սուրբ՝ Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տէ Սալէսի տօնի նախօրեակին, որպէս բնաբան ունենալով «Եկուր եւ տես» Հաղորդակցիլ հանդիպելով մարդոց այնտեղ ուր եւ ինչպէս որ են»։
Բնաբանը ներշնչում կը քաղէ Յովհաննէսի Աւետարանէն (Յովհ. 1, 46) ուր Փիլիպպոս առաքեալը հանդիպելով Նաթանայէլին որ Յիսուսի մասին հարց կու տայ անոր կը պատասխանէ «Եկուր եւ Տես»։
«Եկուր եւ Տես» այսպէս է որ կը հաղորդուի քրիստոնէական հաւատքը
«Այս տարուայ պատգամը կ՛ուզեմ նուիրել «Եկուր եւ տես» կոչումին, որպէս առաջարկ ցանկացած հաղորդակցական արտայայտութեան, որ կ՛ուզէ ըլլալ պարզ և ազնիւ» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը, հաստատելով՝ որ «Եկուր եւ տեսը» ձեւն է, որով Քրիստոնեայ հաւատքը կը փոխանցուի» եւ այս ուղղութեամբ ընդգծելով՝ «գորովով եւ հետաքրքրութեամբ մենք մեզ շարժումի մէջ դնելու շարժականութեան կարեւորութիւնը»։
Տափարակ տեղեկատու թեան վտանգը։
Ակնարկելով ապրուած իրականութեան Սրբազան Պապը կը զգուշակեցնէ «տափարակ» տեղեկատուութեան մը վտանգէն, որ կը տեսնէ «նմանատիպ թերթեր» կամ նոյն եւ նման «հեռուստառատիոհաղորդումներ» , եւ կամ կայքէջեր, որոնք հիմնականին մէջ իրար նման են, եւ ուր «հետաքննութեան եղանակը կը կորսնցնէ որակ եւ տարածութիւն», ի նպաստ նախապէս պատրաստուած, իշխանական, ինաքնա-յղումով տեղեկատուութեան մը, որ միշտ աւելիով նուազ կարող է ընկալել իրերու ճշմարտութիւնն ու մարդկանց շօշափելի կեանքը և այլևս ի վիճակի չէ ընկալել ընկերային ամենալուրջ երեւոյթները, եւ ոչ ալ հասարակութեան հիմքէն դուրս եկող դրական ուժը։
Այս առումով Քահանայապետին համար Հրատարակչութեան ճգնաժամը կը սպառնայ մղել համակարգիչներու առջեւ, խմբագրութիւններուն մէջ ստեղծուած տեղեկատուութեան մը, առանց դուրս գալու եւ առանց «մաշեցնելու կօշիկներուն ներբանները», առանց հանդիպելու մարդոց , որոնելու համար պատմութիւնները եւ անձնապէս ստուգելու որոշ իրադարձութիւնները։
Աւետարանի նորութիւններու մանրամասնութիւններ
«Յիսուս իր առաջին աշակերտներուն կ՛ըսէ «Եկէք եւ տեսէք» (Յովհ 1, 39), հրաւիրելով զանոնք իր հետ բնակիլ։ Կէս դառ ետք երբ Յովհաննէսը՝ ծերունի տարիքին կը շարադրէ Աւետարանը, կը յիշէ յատուկ մանրամասնութիւններ, որոնք կը բացայայտեն անոր ներկայութիւնը այդ վայրին մէջ եւ իր կեանքին վրայ այդ փորձառութեան ազդեցութիւնը» կը նշէ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով որ «Քրիստոնէական հաւատքը կը հաղորդուի, որպէս անմիջական ճանաչողութիւն մը, որ ծնունդ առած է փորձառութենէն։
Եկուր եւ տեսը ամենապարզ ձեւն է ճանչնալու համար իրականութիւնը որովհետեւ ճանչնալու համար կարիքը կայ հանդիպումին» կը հաստատէ Սրբազան Քահանայապետը։
Շնորհակալութիւն լրագրողներուն.
Լրագրութիւնն ալ, որպէս իրականութեան պատմուածք կարիքը ունի կարողութեան երթալու այնտեղ ուր ոչ մէկը կ՛երթայ։ Ան շարժելու ու տեսնելու փափաք մըն է։ Ասոր համար պէտք է շնորհակալ ըլլանք այն բազմաթիւ մասնագէտ լրագրողներու քաջութեան եւ յանձնառումին համար, որոնք շատ անգամ կ՛աշխատին վտանգի տակ դնելով իրենց կեանքը։ Արդարեւ մեծ կորուստ պիտի ըլլայ համայն ընկերութեան համար եթէ այս ձայները պակսին ու մեր մարդկայնութեան համար աղքատացում։
Համաճարակը և կրկնակի հաշուառումը
Մոլորակի տարբեր իրականութիւնները, յատկապէս այս համաճարակի պահուն, հաղորդակցութեան աշխարհին կ՛ուղղեն հրաւէրը «գալու եւ տեսնելու»։
«Վտանգը կայ համաճարակը պատմել միայն աւելի հարուստ աշխարհի մը աչքերով» դիտել կու տայ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով մտածել պատուաստներու հարցին, կամ առողջապահական խնամքի հարցին ու այդ ծիրէն ներս կարիքաւոր բնակչութեան բացառումի վտանգին։
«Ո՞վ մեզի պիտի պատմէ Ասիայի, Լատին Ամերիկայի եւ Ափրիկէի ամենաաղքատ շրջաններուն մէջ, ապաքինումի սպասման մասին» հարց տուաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով պատուաստներու անհաւասար բաշխումի վտանգին ինչպէս նաեւ ընկերային ողբերգութիւն ապրող շատ մը ընտանիքներուն, որոնք համաճարակի պատճառաւ իրենց կարգին դարձան աղքատ եւ այսօր շարքի կը կենան տոպրակ մը ուտեստեղէն հայթայթելու համար Քարիթասի կեդրոններէն։
Ցանցին հնարաւորութիւններն ու վտանգները։
Ցանցը իր ընկերային բազմաթիւ արտայայտութիւններով կարող է բազմապատկել պատմելու եւ բաժնեկցելու կարողութիւնը. Թուային արհեստագիտութիւնը մեզի կարելիութիւն կու տայ ունենալ առաջնային եւ արագ տեղեկատուութիւն, որ շատ անգամ ալ մեծապէս օգտակար է։ Ասիկա սքանչելի գործիք մըն է, որ մեզ պատասխանատու կը դարձնէ, ըլլայ որպէս գործածողներ, ըլլայ որպէս օգտագործողներ։
«Բոլորս կարող ենք վկաները դառնալ իրադարձութիւններու, որոնք այլապէս անտեսուած պիտի ըլլային աւանդական լրատուամիջոցներէն ու կարող ենք ի յայտ դնել աւելիով պատմութիւններ, նաեւ դրական» կը գրէ ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով՝ թէ կայ նաեւ «առանց ստուգումի» ընկերային հաղորդակցութեան մը վտանգը, ուստի պէտք չէ «սատանայացնել» գործիքը, այլ ունենալ զատորոշումի աւելի մեծ կարողութիւն ստանձնելով տարածուած լուրերուն պատասխանատու թիւնը
Ոչ մէկը բան կարող է փոխարինել անձամբ տեսնելը
Հաղորդակցութեան մէջ ոչ մէկ բան կարող է փոխարինել անձամբ տեսնելը։ «Եկուր եւ տեսը» հիմնական է։ Միայն խօսքերով չէ, որ կը կատարուի հաղորդակցութիւնը. Այլ նաեւ աչքերով, ձայնի ոճով, շարժումներով» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով նաեւ ոչ բանաւոր հաղորդակցութեան կարեւորութեան։
Յիսուսին կողմէ ներգրաւուած գրաւչութիւնը պայմանաւորուած էր անոր քարոզութեան ճշմարտացիութենէն, սակայն անոր արդիւնաւէտութիւնը անբաժան էր անոր հայեացքէն, վերաբերմունքէն ու նաեւ անոր լռութիւնէն։ Անոր մէջ մարմնաւորուած Բանը դարձաւ «դիմագիծ»։ Անտեսանելի Աստուածը թոյլ տուաւ որ զինք տեսնեն, լսեն, ու դպչին իրեն։ Խօսքը արդիւնաւէտ է միայն եթէ կը տեսնուի, միայն եթէ քեզ կը ներգրաւէ փորձառութեան մը մէջ, երկխօսութեան մը մէջ։
Անձնական հանդիպումը Աւետարանութեան ճանապարհ
Աւետարանի բարի լուրը աշխարհին մէջ տարածուեցաւ շնորհիւ երկու անձերու հանդիպումին։ Մարդիկ եւ կիներ որոնք ընդունեցան «եկուր եւ տես» հրաւէրը։
Բոլոր գործիքներն ալ կարեւոր են եւ այն մեծ հաղորդակիցը, որուն անունն էր Տարսոնցի Պօղոս, գուցէ մեծ հաւանութեամբ պիտի օգտագործեր Ել նամակները ու ընկերային ցանցերը, սակայն անոր հաւատքը, անոր յոյսը եւ անոր սէրն է որ տպաւորեցին իր ժամանակակիցները, որոնք լսեիցն անոր քարոզութիւնը եւ բախտը ունեցան անոր հետ ապրիլ։ Եւ նոյնիսկ երբ ան չէր կարող անձնապէս ներկայ գտնուիլ անոր Քրիստոսի ապրումը վկայուած էր իր ուղարկած աշակերտներուն միջոցաւ։
«2000 տարիներէ ի վեր հանդիպումներու շղթայ մը կը հաղորդէ քրիստոնէական արկածախնդրութեան հրապոյրը։ Մեզ սպասող մարտահրաւէրը այն է՝ հաղորդել հանդիպելով մարդոց այնտեղ ուր եւ ինչպէս որ են» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը, որ պատգամը կ՛աւարտէ յատուկ աղօթքով մը։
Աղօթք
Տէր սովրեցուր մեզի դուրս գալ մենք մեզմէ, քալել ճշմարտութեան փնտռտուքով։
Սորվեցուր մեզի երթալ եւ տեսնել, սորվեցուր ունկնդրել, նախապաշարումներ չի մշակել, չի յանգիլ արագ եզրակացութիւններու։
Սորվեցուր երթալ այնտեղ ուր ոչ ոք կ՛ուզէ երթալ, ժամանակ տրամադրել հասկնալու համար, ուշադրութիւնը կեդրոնացնել էականին վրայ, եւ թոյլ չտալ, որ մակերեսային բաներ մեզ շեղեցնեն, գիտնալ զանազանել խաբուսիկ երեւոյթը ճշմարտութենէն։
Տուր մեզի շնորհքը աշխարհի մէջ ճանչնալու քու բնակարաններդ, եւ ազնուութիւնը՝ պատմելու այն ինչ որ տեսանք։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ