Որոնել

Երջանկաայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս պատրիարքի թաղման կարգ Երջանկաայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս պատրիարքի թաղման կարգ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս պատրիարքին յուղարկաւորութեան առթիւ։

«Բազմաթիւ են յատկանշական պահերը, որոնք առիթ ընծայեցին մօտիկ ըլլալու Գրիգոր Պետրոս Ի Պատրիարքին ու անոր հետ միասին սիրեցեալ հայ ժողովուրդին, որ մեծապէս տառապեցաւ իր պատմութեան ընթացքին, բայց հաւատարիմ մնաց Փրկիչ Քրիստոսի հաւատքի իր դաւանանքին»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 29 Մայիս 2021-ին Պէյրութի հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա Աթոռանիստս Եկեղեցւոյ մէջ կայացած Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի թաղման կարգի եւ յուղարկաւորութեան արարողութեան աւարտին, Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակը Կարդինալ Մարիօ Զենարի, որ արարողութեան մասնակցեցաւ յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, ներկաներուն փոխանցեց Նորին Սրբութեան այս առթիւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց պատրիարքական Եկեղեցւոյ կառավարիչ Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանին յղած յատուկ պատգամը, որուն մէջ Սրբազան Պապը անդրադարձաւ երջանկայիշատակ Պատրիարքին հետ ունեցած զանազան հանդիպումներու մասին ու անոր ծառայական առաքելութեան։

Քահանայապետին հանդիպումները

«Լաւապէս կը յիշեմ թէ երբ ան ընտրուեցաւ, 2015-ի ամռան, ընդունելէ առաջ այդ պաշտօնը, ինձմէ խնդրեց յատուկ օրհնութիւն մը, որպէսզի, հակառակ իր յառաջացած տարիքին, կարողանար կառավարել Պատրիարքական Եկեղեցին» կը գրէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ, ակնարկելով նաեւ ընտրութենէն ետք` 2015-ի սեպտեմբերին, Հռոմի մէջ մատուցուած համապատարագին, «որ յատկանշեց Եկեղեցական հաղորդութիւնը» նշեց Սրբազան Պապը յիշելով նեաւ 2016-ին Հայաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Գիւմրիի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ ունեցած յիշատակի արժանի հանդիպումը, ինչպէս նաեւ 2018-ին Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի զետեղման ու բացման առթիւ կայացած արարողութիւնը։

Տառապող Հայ ազգին մօտիկութիւնը

«Բազմաթիւ են յատկանշական պահերը, որոնք առիթ ընծայեցին մօտիկ ըլլալու Գրիգոր Պետրոս Ի Պատրիարքին ու անոր հետ միասին սիրեցեալ հայ ժողովուրդին, որ մեծապէս  տառապեցաւ իր պատմութեան ընթացքին, բայց հաւատարիմ մնաց Փրկիչ Քրիստոսի հաւատքի իր դաւանանքին» կը հաստատէ Սրբազան Պապը։

Պատասխանատուութեան բեռը

Ան ապա կ՛ակնարկէ Գերերջանիկ պատրիարքին վերջին տարիներու առաքելութեան, որ «որպէս ուշադիր Հովիւ նախագահեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Պատրիարքական եկեղեցին, կապեր հաստատելով քաղաքացիական ու եկեղեցական տարբեր կառոյցներուն հետ, որպէսզի աջակցին յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի բնակիչներուն յատկացուած զօրակցական նախաձեռնութիւններուն» կը գրէ Քահանայապետը պատգամին մէջ աւելցնելով նաեւ թէ երջանկայիշատակ պատրիարքը սրտի պարտականութիւն զգաց սկիզբ տալ իրեն նախորդ` Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի երանացման դատի գործընթացքին։

Քրիստոսին կոչը

«Վերջին շրջանին ան, իր երկրային ուխտագնացութեան ընթացքին, արժանապատւութեամբ դիմագրաւեց ուժերու պակասի աստիճանական նուազումը եւ պատասխանատուութեան զգացումով իր խիղճը հարցաքննեց թէ եթէ տակաւին կարող էր որպէս պատրիարք կառավարել Հայոց Եկեղեցին. Անոր պատասխանեց Տէրը, վերջին անգամ անոր ընծայելով կոչը հետեւելու իրեն» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը որ պատգամը կ՛աւարտէ հանգուցեալ հայրապետին հոգին յանձնելով Աստուծոյ Ողորմութեան, բարեխօսութեամբն Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի, Սուրբ Գրիգոր նարեկացիի եւ հայ բոլոր սուրբերուն ու նահատակներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2021, 11:59