Որոնել

Ընտանիքներու համաշխարհային հաւաք (2019) Ընտանիքներու համաշխարհային հաւաք (2019)

Ընտանիքներու համաշխարհային 10-րդ հաւաքը. Հռոմը միացած աշխարհին։ Քահանայապետին պատգամը։

Ընտանիքներու համաշխարհային 10րդ հաւաքին առթիւ Սրբազան Պապը լսատեսողական պատգամով մը կը յիշեցնէ 2022-ի 22-26 Յունիսին կայանալիք հաւաքին իւրայատկութիւնը նշելով որ իւրաքանչիւր թեմ կարող է ըլլալ տեղական հանդիպումի կեդրոն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապն է որ լսատեսողական պատգամի մը միջոցաւ ներկայացուց Ընտանիքներու Համաշխարհային 10-րդ օրը, որ տեղի պիտի ունենայ 2020-ի 22 – 26 Յունիսին։

Հանդիպումը նախապէս ծրագրուած էր այս տարուայ համար սակայն համաճարակի պատճառաւ յետաձգուեցաւ եւ պիտի կայանայ, ինչպէս նշեցինք, եկող տարի, աննախադէպ եւ տարբեր ձեւով, ներգրաւելով աշխարհի եկեղեցական թեմերը, որոնք պիտի միանան Հռոմի հաւաքին, տեղական գետնի վրայ ծրագրելով միջոցառումներ։

Հռոմը հանդիպումի կեդրոնական վայր

Հռոմը պիտի մնայ հանդիպումին կեդրոնական վայրը բայց նոյն օրերուն ամէն մէկ թեմ կարող է առանձնապէս կազմակերպել ընտանիքներու տեղական հաւաք մը ուր աշխարհի իւրաքանչիւր ընտանիք կարող է դառնալ դերակատար։

«Բոլորն ալ կարող են մասնակցիլ» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամին մէջ, «նոյնիսկ անոնք որոնք չեն կարող Հռոմ գալ» կ՛ընդգծէ Ան հրաւիրելով այս ուղղութեամբ ըլլալ գործունեայ եւ ստեղծագործ։

Թանկարժէք առիթ նուիրուելու ընտանիքի հովուական խնամակալութեան

«Այնտեղ ուր կարելի է, կը հրաւիրեմ տեղական եկեղեցական հասարակութիւնները կազմակերպելու ձեռնարկներ, մեկնելով Համաշխարհային հանդիպումի նիւթէն «Ընտանեկան սէրը. Կոչում եւ սրբութեան ճանապահ» եւ օգտագործելով Հռոմի Թեմին պատրաստած խորհրդանիշերը։ Ձեզմէ կը խնդրեմ ըլլալ աշխուժ, գործունեայ եւ ստեղծագործ, ընտանիքներուն հետ կազմակերպուելու համար, Հռոմի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներու հետ ներդաշնակութեամբ։ Ասիկա թանկարժէք առիթ մըն է խանդավառութեամբ նուիրուելու ընտանիքի հովուական խնամակալութեան» կը յայտնէ ի մէջ այլոց Սրբազան Պապը պատգամին մէջ քաջալերելով «Հովիւներն ու ընտանիքները իրար օգնելու փոխադարձաբար» կազմակերպելու համար հանդիպումները։

«Ընտանեկան սէրը. Կոչում եւ սրբութեան ճանապարհ»

Ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպման բնաբան է, ինչպէս նշեցինք ,«Ընտանեկան սէրը. Կոչում եւ սրբութեան ճանապարհ»։ Հաւաքին կազմակերպութիւնը կը հոգայ Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վատիկանեան գերատեսչութիւնը եւ Հռոմի թեմը։

Հաւաքին նպատակն է վերա-ընթերցել «Ամորիս Լեթիցիա» ընտանեկան սիրոյն նուիրուած Քահանայապետական յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը հիմնուելով այն գիտակցութեան վրայ թէ ընտանեկան սէրը կը բացայայտէ իրար հետ ապրելու թանկարժէք պարգեւը։

Ընտանիքներու համաշխարհային առաջին հաւաքը 1994-ին

Ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքներու կազմակերպութիւնը սկիզբ առած է 1994-ին որ ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուեցաւ Ընտանիքի Միջազգային Տարի։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ նախաձեռնութեամբ այդ տարի կը յիշատակուի Ընտանիքի Տարին եւ այսպէսով Ընտանիքներու Համաշխարհային առաջին հաւաքը տեղի կ՛ունենայ Հռոմի մէջ, 8 – 9 Հոկտեմբեր 1994-ին։ Այս թուականէն ասդին հաւաքը կազմաւորեցուեցաւ ամէն երեք տարին անգամ մը աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ, Հռոմ, Ռիօ ՏԷ Ժանէյրօ, Մանիլա, Վալենսիա, Մեսսիքօ, Միլան, Ֆիլատելֆիա, Տուպլին։

------

 

Ընտանիքներու 10րդ համաշխարհային հաւաքին պաշտօնական աղօթքը

«Հայր Ամենասուրբ, գալիս ենք Քեզ մօտ, որ փառաբանենք եւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք այս մեծ պարգեւի՝ ընտանիքի համար: Աղօթում ենք ընտանիքների համար, որոնք իրենց կեանքը նուիրել են ամուսնութեան սուրբ խորհուրդի մէջ ապրելուն, որպէսզի ամէն օր վերստին բացայայտեն այն շնորհը, որ տրուել է իրենց, և, որպէս ընտանեկան փոքրիկ Եկեղեցիներ՝ կարողանան վկայել Քո ներկայութիւնը եւ Քրիստոսի սէրը Եկեղեցւոյ հանդէպ:

Աղօթում ենք այն ընտանիքների համար, որոնք անցնում են դժուարութիւնների եւ տառապանքների, հիւանդութիւնների եւ ցաւերի միջով, որ յայտնի են միայն Քեզ: Օգնի՛ր, որ կարողանան տոկալ, լուսաւորի՛ր դէպի սրբութիւն տանող այն ճանապարհը, որով կանչում ես նրանց, որպէսզի կարողանան ճանաչել Քո անսահման ողորմածութիւնը եւ նոր ուղիներ գտնել սիրոյ մէջ առաջ ընթանալու:

Աղօթում ենք երեխաների եւ երիտասարդների համար, որպէսզի կարողանան հանդիպել Քեզ եւ ուրախութեամբ ընդունել այն կոչումը, որ պատրաստել ես նրանց համար: Աղօթում ենք ծնողների եւ մեծ ծնողների համար, որպէսզի գիտակցեն, որ խորհրդանիշն են Աստուծոյ կողմից տրուած հայրութեան եւ մայրութեան, երբ հոգ են տանում երեխաների մասին, որ նրանց ես վստահում մարմնով եւ հոգով, եւ, որպէսզի իսկապէս ապրեն այն եղբայրսիրութիւնը, որ ընտանիքը կարող է տալ աշխարհին:

Տէ՛ր, թող որ իւրաքանչիւր ընտանիք կարողանայ դէպի սրբութիւն տանող սեփական կոչումն ապրել Եկեղեցւոյ մէջ՝ որպէս ինքնատիպ մի կոչ՝ տարածելու Աւետարանի խօսքը, ծառայելով կեանքին եւ խաղաղութեանը, միաբան լինելով քահանաների հետ եւ կեանքի բոլոր իրավիճակներում:

Օրհնի՛ր Ընտանիքների Համաշխարհային Հաւաքը: Ամէն»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2021, 13:00