«Պատուաստուիլը, սիրոյ արարք է». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Եղբայրական հոգիով կը միանամ աւելի լուսաւոր ապագայի մը յոյսի այս պատգամին։ Փառք Աստուծոյ ու շնորհիւ շատերու աշխատանքին, այսօր մենք ունինք պատուաստներ պաշտպանուելու համար Քովիտ19էն։ Ասոնք յոյս կը պարգեւեն վերջ տալու համար համաճարակին, սակայն միայն երբ անոնք տրամադրելի ըլլայ բոլորին ու եթէ բոլորս համազործակցինք մէկերս միւսներուն հետ»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, լսատեսողական պատգամով մը միացաւ Քովիտ19 ժահրի դէմ պատուաստուելու հրաւէրին հաստատելով որ «Պատուաստուիլը, իրաւասու մարմիններու կողմէ լիազօրուած պատուաստանիւթով, սիրոյ արարք է»։
Պատուաստուիլը սիրոյ արարք
«Սիրոյ արարք է սատարել, որպէսզի մարդոց մեծամասնութիւնը պատուաստուի։ Սէր հանդէպ մենք մեզի, սէր ընտանիքին ու բարեկամներուն, սէր համայն ժողովուրդներուն» աւելցուց Սրբազան Պապը ու շարունակեց «Սէրը նաեւ ընկերային ու քաղաքական է, կայ ընկերային սէր ու քաղաքական սէր, անիկայ տիեզերական է, ու մշտապէս յորդող անձնական փոքր ժեստերէ, որոնք կարող են բարեփոխել ու բարելաւել ընկերութիւնը (Հմմտ Laudato si’, թիւ 231, cfr. Fratelli tutti, 184).
Պատուաստումով կը խթանենք հասարակաց բարիքը
«Պատուաստուիլը պարզ սակայն խոր ձեւ մըն է խթանելու համար հասարակաց բարիքը ու հոգ տանելու մէկը միւսին, մասնաւորապէս աւելիով խոցելիներուն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Աստուծմէ հայցելով «որ իւրաքանչիւր անհատ կարողանայ սատարել այս մէկին իր աւազի փոքր հատիկով, իր սիրոյ փոքր արարքով»։ «Սէրը որքան ալ որ փոքր է միշտ ալ մեծ է» հաստատեց Ան ու հրաւէր ուղղեց սատարելու այդ փոքր արարքներով` աւելի լաւ ապագայի մը համար»։
«Թող Աստուած ձեզ օրհնէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով պատգամը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ