Որոնել

«Կեանքի ամենամեծ երազը սէրն է». Քահանայապետին հանդիպումը Սլովաքի

Մեծ երազները, հուժկու ինքնաշարժը, նորաձեւ հագուստը կամ օրինազանց արձակուրդը չէ։ Ականջ մի տաք անոնց, որոնք ձեզի երազներու մասին կը խօսին բայց պատրանքներ կ՛առաջարկեն։ Մենք ստեղծուած ենք աւելի մեծ երջանկութեան մը համար. Մեզմէ իւրաքանչիւրը եզակի է եւ աշխարհ մէջ է, որպէսզի սիրուած ըլլայ իր այդ եզակիութեան համար եւ սիրէ նաեւ ուրիշները։
Ունկնդրէ Լուրը

Ռոպրէ Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սլովաքիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան վերջընթեր օրը եզրափակուեցաւ Նորին Սրբութեան Քոշիչէ քաղաքի «Լոքոմոթիվա» անուամբ մարզադաշտէն ներս երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումով, որուն ընթացքին յիշատակութիւնը կատարուեցաւ երիտասարդ Սլովաքիացի Երանելի Աննա Քոլեսարովային որ Բ համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին սպաննուեցաւ սովետ զինուորի մը կողմէ, իր կուսութիւնը պաշտպանած ըլլալուն համար։

Աննա Քոլեսարովային երանացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է ճիշդ նոյն մարզադաշտին մէջ` 2018ի մէկ սեպտեմբերին։

Մարզադաշտ ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը խանդավառ մթնոլորտի մէջ դիմաւորուեցաւ Երիտասարդներու Հովուական Խնամակալութեան պատասխանատու կղերականին ու երկու երիտասարդներու կողմէ։

Վկայութիւններու ներկայացումներ

Քոշիչէի Լատիններու Արքեպիսկոպոսին ողջոյնի խօսքէն ետք մէկ երիտասարդուհի ու երկու ամուսնացեալ զոյգեր ելոյթներ ունեցան ներկայացնելով իրենց կեանքի փորձառութեան վկայութիւնները, որոնցմէ առաջինը եղաւ 29 ամեայ համալսարանական Փեթրա Ֆիլովան, որ Քահանայապետին պատմեց իր կեանքէն դրուագ մը հայող Աստուծոյ ողորմած սիրոյն ու խոստովանանքի խորհուրդին։ Երկրորդ վկայութիւնը ներկայացուցին Փիթըր Լեշաք 37 ամեայ երիտասարդ հայր մը իր կնոջ Զուզքայի հետ միասին, խօսելով իրենց ողջախոհութեամբ ապրուած սիրոյ փորձառութեան մասին ու այդ անբիծ սիրոյ արժէքին մասին, մինչ երրորդ վկայութիւնը ներկայացուցին Փիթըր եւ Լէնքա Լիշքա ամոլը, իրենց երեք զաւակներուն հետ միասին, որոնք կեանքի դժուար պահերու իրենց խաչը կրելէն ետք շնորհիւ իրենց հաւատքին եւ Երանելի Աննա Քոլեսարովայի բարեխօսութեան, այսօր գտած են իրենց անդորրութիւնը ու հարց կու տան թէ ի՞նչպէս կարելի է երիտասարդները քաջալերել դիմագրաւելու համար իրենց կեանքին խաչը։

Վկայութիւններու ներկայացումներուն յաջորդեց Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը որ կեդրոնացաւ վերոնշեալ ներկայացուած նիւթերուն վրայ, սկսելով «զոյգի միջեւ սէրէն»։

Սէրը հաւատարմութիւն, պարգեւ ու պատասխանատուութիւն է

Սէրը, ըսաւ Սրբազան Պապը, կեանքի ամենամեծ երազն է, բայց աժան գինով երազ մը չէ։ Գեղեցիկ է բայց դիւրին չէ, կեանքի բոլոր մեծ բաներուն նման։ Անոր համար հարկաւոր են նոր աչքեր` որոնք չեն խաբուիր արտաքին տեսքէն։ Սէրը միայն յուզում եւ զգացում չէ։ Անիկայ ամէն ինչ եւ անմիջապէս ունենալ չէ..անիկա հաւատարմութիւն է, պարգեւ է, պատասխանատուութիւն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, դիտել տալով թէ «կեանքը վեհ դարձնելու համար, կարիքը կայ սիրոյն եւ արկածախնդրութեան, հերոսութեան»։ Նման Յիսուսին, Խաչին վրայ, ուր ներկայ է «անսահման սէրը եւ մինչեւ ծայր աստիճան կեանքը պարգեւելու քաջութիւնը»։ «Այս եղաւ նաեւ Երանելի Աննայի վկայութիւնը, որ մեզ կը հրաւիրէ ձգտելու բարձր ու վեհ նպատակներու» յարեց Քահանայապետը խրախուսելով երիտասարդները երազելու գեղեցկութիւն մը, որ ըլլայ աւելի անդին արտաքին տեսքէն:

Երազել ընտանիք կազմել

Առանց վախի երազեցէք ընտանիք կազմել, ծննդաբերել եւ դաստիարակել զաւակներ, կեանքը ապրիլ ամէն բան բաժնեկցելով ուրիշ անձի մը հետ, առանց ամչնալու անձնական դիւրաբեկութիւններէն, որովհետեւ ձեր կողքին եղողը զանոնք պիտի ընկալէ ու պիտի սիրէ, որովհետեւ ան ձեզ կը սիրէ այնպէս ինչպէս որ էք։

Ստեղծուած ենք սիրուելու եւ սիրելու համար

Մեծ երազները, հուժկու ինքնաշարժը, նորաձեւ հագուստը կամ օրինազանց արձակուրդը չէ։ Ականջ մի տաք անոնց, որոնք ձեզի երազներու մասին կը խօսին բայց պատրանքներ կ՛առաջարկեն։ Մենք ստեղծուած ենք աւելի մեծ երջանկութեան մը համար. Մեզմէ իւրաքանչիւրը եզակի է եւ աշխարհ մէջ է, որպէսզի սիրուած ըլլայ իր այդ եզակիութեան համար եւ սիրէ նաեւ ուրիշները։

Առանց արմատներու աճելու վտանգը

Իւրաքանչիւրս եզակի է Աստուծոյ աչքերուն առջեւ, մենք աշխարհի մէջ ենք Աստուծոյ հետ ապրելու համար սիրոյ պատմութիւն մը եւ «որպէսզի սէրը պտղաբեր ըլլայ, պէտք չէ մոռնալ մեր արմատները» յորդորեց Սրբազան Պապը քաջալերելով երիտասարդները խնամք տանելու այդ արմատներուն, հանդիպելով իրենց մեծ ծնողաց հետ, զրուցելով անոնց հետ, ժամանակ յատկացնելով անոնց պատմութիւններուն, որովհետեւ «այսօր վտանգը կայ աճելու առանց արմատներու» տրուած ըլլալով, որ մղուած ենք արագընթացք կեանք ապրելու, զօրութենական (վիրթուալ) իրականութեան մէջ, անջատուած իսկական կեանքէն, մեզի ընտանի դէմքերէն հեռու։ Կեանքէն անջատուած ապրիլը սատանային փորձութիւնն է՜

«Աստուած կ՛ուզէ որ մենք արմատացած ըլլանք հողին վրայ, կապուած կեանքին, ոչ թէ փակ այլ բաց բոլորին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը զգուշացնելով ներկնաերը խաբուսիկ պատգամներէն, որոնք կը խօսին սիրոյ մասին բայց հիմնուած «ամէն մէկը ինքնիրեն թող մտածէ» սկզբունքով։

Հեռու մնալ դժգոհութեան արհեստագէտներէն

Սրբազան Պապը յորդորեց առ այդ չի հետեւելու յոռետես տեսութեան որ կը հաստատէ թէ ոչ մի բան պիտի փոխուի։ Մտիկ չընելու անոնց` որոնք քայքայիչ ուժեր են, որոնք կը բազմապատկեն բացասականութիւնը, դժգոհութեան արհեստագէտներուն։ Մենք եղած չենք մեր երեսը գետին ծրելու այլ հայեացքը ուղղելու դէպի երկինք - նշեց Սրբազան Պապը որ ապա ասկէ մեկնելով մատնանշեց խոստովանանքի խորհուրդին։ Վերականգնումի խորհուրդը` որուն կորիզը մեղքերը չեն, այլ Հայրը որ այդ մեղքերը կը ներէ։

Խոստովանանքը Հօր Աստուծոյ ողջագուրում է

Խոստովանանքի խորհուրդին պէտք է մօտենալ ոչ որպէս նուաստացում ապրող պատժուածներ, այլ որպէս զաւակներ, որոնք կը վազեն ընդունելու համար իրենց հօր ողջագուրումը։ Հայր` որ կը վերականգնեցնէ եւ կը ներէ բոլոր մեղքերը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը թելադրելով Խոստովանանքէն ետք պահ մը ամփոփուիլ ու մտածել ստացած ներումի մասին` «ոչ թէ մեղքերուն այլ Աստուծոյ պարգեւած ներումի մասին» շեշտեց Սրբազան հայրը յոյս յայտնելով որ Քահանաները եւս գիտնան Խոստովանանքի խորհուրդը մատակարարել ողորմածութեամբ։

Ոչ թէ մեղաւորներ այլ սիրուելիք զաւակներ

Աստուած երբեք մեզմէ չամչնար։ Ան մեզ կը սիրէ ու կը սիրէ յարատեւ կերպով։

Աստուած երբեք չի վհատիր, մենք ենք վհատողները։ Ան մեղաւորներ չի տեսներ մեր մէջ, այլ զաւակներ, որ պէտք է սիրուին։ «Եւ ամէն անգամ որ մենք ապաշխարութեան խորհուրդին մօտենանք երկնքի մէջ տօնախմբութիւն կը կատարուի» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը որ խօսքին աւարտին անդրադառնալով կեանքի խաչին ու հարցումին թէ ինչպէս օգնել երիտասարդներուն ողջագուրելու համար խաչը, հաստատեց. «ողջագուրելը գեղեցիկ բայ մըն է, որովհետեւ ողջագուրումը կ՛օգնէ յաղթահարելու համար վախը»։

Յիսուսին ողջագուրումէն բխած ուրախութիւնը

Երբ ողջագուրենք մենք վստահութիւն կ՜ունենանք մենք մեր վրայ։ «Ուրեմն թոյլ տանք որ Յիսուս ողջագուրէ մեզ, որովհետև այդ ողջագուրումով մենք կ՛ողջագուրենք յոյսը» հրաւէր ուղղեց Քահանայապետը հաստատելով որ «Կարելի չէ միայն խաչը ողջագուրել։ Տառապանքը ոչ մէկը կը փրկէ։ Սէրն է որ տառապանքը կը փոխակերպէ»։ Ուստի, ըսաւ Ան, Յիսուսին հետն է որ խաչը կ՛ողջագուրուի, ոչ թէ առանձին։ Եւ երբ Յիսուսը ողջագուրենք ծնունդ կ՛առնէ ուրախութիւնը եւ այդ ուրախութիւնը տառապանքին մէջ կը վերածուի խաղաղութեան։

«Ձեզի համար կը մաղթեմ որ ապրիք այդ ուրախութիւնը։ Ոչ թէ խօսքեր այլ ժպիտներ ու եղբայրական մօտիկութիւն» յարեց Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով երիտասարդներուն իրեն մտիկ ընելուն համար խնդրեց որ բարեհաճին չի մոռնալ իրեն համար աղօթելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2021, 18:03