Ֆրանչիսկոս Պապին հրաժեշտը Սլովաքիայէն. «Ձեզ կը կրեմ իմ սրտիս մէջ»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շասթինի Սրբավայրին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներուն ուղղած իր հրաժեշտի խօսքին մէջ յայտնեց «այս Սուրբ Զոհով գոհութիւն յայտնեցի Աստուծոյ, որ ինծի շնորհեց պարգեւը ձեր մօտ գալու եւ իմ ուխտագնացութիւնս աւարտելու ձեր ժողովուրդի նուիրեալ ողջագուրումին մէջ, միասին տօնախմբելով`Պաշտպան Սրբուհի ցաւագին Տիրամօր կրօնական եւ ազգային տօնը»։
Ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի սիրելի եպիսկոպոս եղբայրներ, նախապատրաստութեան եւ հիւրընկալութեան համար։ Իմ երախտագիտութիւնս կը նորոգեմ Տիկին նախագահուհիին եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ երախտապարտ եմ բոլոր անոնց որոնք տարբեր ձեւով համագործակցեցան, մասնաւորապէս իրենց աղօթքներով» ըսաւ Սրբազան Պապը ուրախութիւն յայտնելով իր ողջոյնի խօսքը դարձեալ ուղղելու Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի անդամներուն ու դէտերուն, «որոնք, ըսաւ Ան, մեզ կը յարգեն իրենց ներկայութեամբ»։
«Ձեզ կը կրեմ իմ սրտիս մէջ շնորհակալութիւն բոլորիդ», ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով իր խօսքը։
Հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը
Սուրբ Զոհի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամները ուղղուեցան Պրաթիզլաւի միջազգային օդակայան ուր Երկրի նախագահի ներկայութեամբ տեղի կ՛ունենայ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելու դէպի Հռոմ, ապա Վատիկան, վերջ տալով իր քահանայապետութեան 34րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան, որ սկիզբ առած էր անցեալ 12 սեպտեմբերին եւ ընդգրկած էր Պուտաբեշտը ուր Սրբազան Պապը նախագահած էր Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային 52րդ համագումարի եզրափակիչ սուրբ պատարագը։
Նորին Սրբութեան ժամանումը Հռոմ նախատեսուած է մէկ ժամ քառասուն հինգ վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք Հռոմի ժամով 15.30ին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ