Ֆրանչիսկոս Պապին 34րդ առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրը մէկ վայրկեանով (Տեսանիւթ)
Նորին Սրբութեան Սլովաքիայի մէջ երկրորդ օրուան յայտագիրը սկիզբ առաւ անոր Նախագահական պալատ տուած այցելութեամբ, ուր հանդիպում ունեցաւ երկրին նախագահին ու պատկան իշխանութիւններուն հետ։ Անոր յաջորդեց Սլովաքիայի եկեղեցական դասին հետ հանդիպումը մինչ յետմիջօրէին Ան այցելեց Մայր Թերեզայի քոյրերու կեդրոնը ու հանդիպեցաւ Սլովաքիայի հրեայ հասարակութեան հետ։ Քահանայապետը օրը աւարտեց Պրաթիզլաւի Առաքելական նուիրակութենէն ներս պաշտօնական հանդիպում ունենալով Խորհրդարանի նախագահին ու երկրին վարչապետին հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
13/09/2021, 19:51