COP26. Ժամանակն է որոշելու եւ երիտասարդներուն ապագայի մէջ վստահութիւն ներշնչելու։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կլազկովի Cop26ի նախագահ Տիար Ալոք Շարմային ուղղած իր պատգամին մէջ, որուն ընթերցումը կատարեց վսեմաշուք Կարդինալ Փարոլինը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը գրէ. «Բոլորս ալ գիտակից ենք որ այս խորհրդաժողովը ունի կարեւոր պարտականութիւն` համայն միջազգային հասարակութեան ցոյց տալու, թէ կայ քաղաքական իսկական կամք մը` ազնւութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ խիզախութեամբ, մարդկային, ֆինանսական եւ արուեստագիտական աւելի մեծ կենսամիջոցներ յատկացնելու մեղմացնելու համար կլիմայական փոփոխութիւններուն բացասական հետեւանքները, ու նաեւ օգնելու աւելիով աղքատ եւ դիւրաբեկ ժողովուրդներուն, որոնք ամենաշատ տուժողներն են»։
Ժողովուրդներուն միջեւ համագործակցութիւնն ու զօրակցութիւնը անհրաժեշտ է
Աշխարհիս Ղեկավարները կը գտնուին մեծ մարտահրաւէրի մը դիմաց որ աւելիով ծանրացաւ մարդկութիւնը հարուածող համավարակի պատճառաւ։ Եւ եթէ Քովիտ 19 մեզ աւելի իրազեկ դարձուց, որ կարող ենք անորմէ դուրս գալ միայն «աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ խոր եւ զօրակից համագործակցութեամբ», բնապահպանական պայքարը եւս չունի այլընտրանք, կ՛ընդգծէ Սրբազան Պապը, ան ալ կարիքը ունի պատասխանատու եւ համադրուած գործունէութեան։
Այդ գործերը որոշելը կ՛իյնայ ձեզի, որպէսզի իրապէս կարելի ըլլայ երաշխաւորել «այսօրուայ եւ վաղուայ մարդկութեան արժանավայել կեանքի պայմաններ, «առողջ» մոլորակի մը մէջ» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ խօսքը ուղղելով Cop26 ի մասնակիցներուն։
Սուրբ Աթոռին յանձնառումը
«Ասիկա դարաշրջանային փոփոխութիւն է, քաղաքակրթութեան մարտահրաւէր մը, որուն համար անհրաժեշտ է բոլորին և յատկապէս աւելի մեծ կարողութիւններ ունեցող երկիրներու յանձնառութիւնը, որոնք պէտք է առաջատար դեր ստանձնեն» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա կ՛ակնարկէ Սուրբ Աթոռին ի գործ դրած ռազմավարութեան ի նպաստ կլիմային, սկսեալ Վատիկանի Պետութեան մէջ մինչեւ 2050 թուական «զուտ արտանետումները զեռոյի նուազեցնելու» որոշումէն, եւ միւս կողմէն խթանել «համապարփակ բնապահպանութեան կրթութիւն» մը, որ յառաջացնէ նոր վերաբերմունքներ եւ «զարգացումի մշակութային համակարգ մը, որ կեդրոնացած ըլլայ եղբայրութեան վրայ» եւ մարդ – բնութիւն դաշինքին վրայ։
Կրթական պարտաւորութիւն, կը գրէ Քահանայապետը, որը լայն մերձեցում կը գտնէ բազմաթիւ կրօններու և կրօնական աւանդութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ, որոնք անցեալ հոկտեմբերի 4-ին ստորագրեցին համատեղ Կոչը, որուն ընդմէջէն ի յայտ եկաւ բոլորին համաձայնութիւնը «նախաձեռնելու ուղեգիծի փոփոխութիւն, որ կարող ըլլայ որոշումներով և համոզումով մեր հասարակութեան մէջ տարածուած «թափօններու մշակոյթէն» անցնիլ դէպի «խնամքի մշակոյթ», հայող մեր հասարակաց տան և զայն բնակողներուն ու անոնց` որոնք զայն պիտի բնակին։
Լուծել աշխարհի հարաւի «բնապահպանական պարտքը»։
Ի տես կլիմայի փոփոխութեան և համաճարակի հետևանքով առաջացած վէրքերուն, որոնք համեմատելի են «ընդհանուր հակամարտութեան հետևանքէն առաջացած վէրքերուն հետ», մենք յոյսի և քաջութեան կարիքը ունինք» կը գրէ Սրբազան Պապը դիտել տալով որ «մարդկութիւնը միջոցներ ունի դիմակայելու այս յեղաշրջումը», որ կը պահանջէ. «հաստատուն կամք» մը։
Քահանայապետին միտքը ապա կ՛ուղղուի ամենախոցելի բնակչութեան, ամենահարուստ երկիրներու կողմէ հասունցած «բնապահպանական պարտքի» հարցին, որ, նման արտաքին պարտքին, կ՛արգելափակէ ամենաաղքատներուն զարգացումը։
«Խնդիր` որ պէտք է լուծել «սահմանափակելով, չվերականգնուող ուժանիւթի սպառումը և միջոցներ տրամադրելով այն երկրներուն, որոնք առաւել կարիքը ունին՝ խթանելու համար կայուն զարգացման քաղաքականութիւնն ու ծրագիրները» կը գրէ Սրբազան Պապը:
Չենք կրնար ձախողիլ
Ֆրանչիսկոս Պապը դառնութեամբ կը նշէ, որ տակաւին շատ հեռու ենք ցակացած նպատակները ձեռք բերելէն հաստատելով, որ «չենք կրնար այս մէկը արտօնել» ու կ՛աւելցնէ թէ «այլեւս սպասելու ժամանակ չկայ։ Բազմաթիւ են մարդկային դիմագիծերը, որոնք կը տառապին կլիմայակն տագապաէն, որ բացի իր յաճախակի ազդեցութիւններէն բազմաթիւ մարդոց առօրեայ կեանքին վրայ, մասնաւորպէս աւելիով խոցելի ժողովուրդներուն վրայ, գիտակից ենք նաեւ թէ ան դարձաւ մանուկներու իրաւունքներուն տագնապ ու թէ կարճ ժամանակի ընթացքին բնապահպանական գաղթականներուն թիւը պիտի գերազանցէ պատերազմներուն տեղահանները։
Մենք այդ մէկը կը պարտինք նոր սերունդներին
«Անհրաժեշտ է առ այդ գործել արագ կերպով, քաջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ։ Այդ մէկը կը պարտինք երիտասարդներուն, որովհետեւ ապագան անոնցն է» կը նշէ ապա Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ, «ասիկա ժամանակն է որոշումի, որ անոնց տայ ապագայի համար վստահութիւն»։
Սրբազան Պապը պատգամին աւարտին կը նշէ, թէ ինք շատ կը փափաքէր իրենց հետ ըլլալ, «բայց այս մէկը կարելի չեղաւ» ու բոլորին կ՜ ապահովեցնէ իր աղօթքները ի նպաստ կարեւոր ընտրանքներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ